Ծաղկազարդի տօնին առիթով, կիրակի, 13 ապրիլ 2025-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն յաջորդեց մանուկներու թափօր: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք նշելու Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակը, աւելցնելով, որ այլ ժողովուրդներ կիրակին ձիթենեաց կամ արմաւենեաց կիրակի կը կոչեն, իսկ մենք զարմանալիօրէն զայն անուանած ենք Ծաղկազարդի կիրակի, կարծես մեզի յիշեցնելու համար, որ մեր Տիրոջ անցած ճամբաները պէտք է ծաղկազարդուին, ծաղիկներով գեղեցկանան ու զարդարուին բոլոր ա՛յն արահետները, ուրկէ մեր Աստուածը կ՛անցնի իր անմահ արժէքներով ու նուիրական սրբութիւններով:
Սրբազանը ըսաւ, որ Ծաղկազարդ բառը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր նախնիները երկիւղածութեամբ ու հաւատքով ըմբռնած են այս առիթը եւ դիմաւորած` որպէս մուտք կարեւորագոյն տէրունի անցուդարձերու, որոնք կը յիշատակուին Աւագ շաբթուան ընթացքին: Սրբազանը յայտնեց, որ Աւագ շաբթուան նախօրեակին պատշաճ է, որ մեր եկեղեցիներէն ներս Ծաղկազարդի տօնակատարութեամբ մեզի եկող մեր Աստուածը դիմաւորենք. դիմաւորենք զայն մեր հայրերու հաւատքով, մեր սեփական աւանդոյթներով ու սովորութիւններով, որպէսզի մեզի եկող մեր Փրկիչը իսկապէս նորոգէ մեր ներաշխարհը եւ մեր ուշքը ուղղէ դէպի յաւիտենական ճշմարտութիւններ:
Սրբազանը անդրադարձաւ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի դէպքին, ուր ժողովուրդը զինք մեծ շուքով դիմաւորեց եւ հարց տուաւ, որ տարիներ ետք այդ օրերու անցուդարձերը վերաքաղի ենթարկելով` արդեօք ի՞նչ տեսակ հոգեվիճակ կը ստեղծուի մեր ներաշխարհին մէջ: Ան ըսաւ, որ մենք մարդկային ամէն տեսակի միջոցներու կը դիմենք, որպէսզի մենք մեր վիճակը պաշտպանենք եւ շատ քիչ անգամներ կը խնդրենք Աստուծմէ մեր փրկութիւնը, աւելցնելով, որ պէտք է մեր սրտերը իրեն բանանք, որպէսզի մեզ խաղաղեցնէ եւ վստահութեամբ ամրացնէ, որպէսզի այս աշխարհէն մեկնելով` մենք նաեւ հասնինք կեանքի իրականութեան:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը շեշտեց, որ Ծաղկազարդի առիթը կը նշենք, ոչ թէ պատմութեան վերաքաղ ընելով, այլ` մեզի համար մեր կեանքին մէջ հոգեւոր եռանդ ու ջերմութիւն հաստատելու ակնկալութեամբ: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այսօր մենք եկեղեցիներու մէջ ենք, որպէսզի նաեւ մեր օրինակով խրախոյս հանդիսանանք մեր զաւակներուն, որոնք մեզի նայելով` բարեպաշտութիւն եւ աստուածավախութիւն պիտի սորվին, եւ աղօթեց, որ մեր զաւակներուն կեանքի ընթացքը ըլլայ աւելի հեզասահ, աստուածային շնորհքը անպակաս ըլլայ իրենց առօրեային մէջ, անփորձանք մնան, Աստուծոյ պահպանութեամբ աճին, մեծնան եւ ծառայեն` իրենց ազգին, հայրենիքին, հայրենական եւ կրօնական ա՛յն բոլոր արժէքներուն, որոնցմով մեր ժողովուրդը կը շարունակէ իր կեանքը ամրացնել ու զարգացնել:
Պատարագի աւարտին կազմուեցաւ մանուկներու թափօրը, որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: