Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին 2025-ի Արդիւնքները

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական աւանդական դարձած շարադրական այս տարուան մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 29 մարտ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ:

Նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններ ունեցող «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին այս տարի մասնակցեցան 73 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք ներկայացուցին հետեւեալ վարժարանները. Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգ. Միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք:

Մրցանքին դատական կազմը, բաղկացած` Շուշիկ Մաւիսագալեանէ, Արին Գալուստեանէ եւ Հուրի Փափազեան-Էմմիեանէ, շարադրութիւններու սրբագրութենէն ետք, մրցանակակիրներ նկատեց հետեւեալները.

Երկրորդական
Առաջին.- Աբրահամ Պայտունեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք):
Երկրորդ.- Մեղրի Գասապեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):
Երրորդ.- Մատլէն Գազանճեան (ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ):

Պատուոյ յիշատակութիւն.- Յովսէփ կիս. Գալըպճեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), Արմէն Մխճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան) եւ Սելին Պէրպէրեան (Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան):

Միջնակարգ
Առաջին.- Վիքի Հաւաթեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):
Երկրորդ.- Լիլիթ Տեմիրճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):
Երրորդ.- Նարին Խտըրեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):

Պատուոյ յիշատակութիւն.- Նուշիկ Էլէյճեան (Ազգ. Միացեալ վարժարան) եւ Արազ Տուտագլեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):

Նախակրթարան
Առաջին.- Կերի Թահմիզեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):
Երկրորդ.- Սիրուն Յակոբեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Երրորդ.- Մարին Լին Ժագմագեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):

Պատուոյ յիշատակութիւն.- Նաթէլ Քէօսէեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան), Սելլա Կարապետեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան)  եւ Նարօտ Գույումճեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):

Ջուլհաճեան ընտանիքին որոշումով մրցանակակիրները պիտի արժանանան նիւթական պարգեւներու:

Այս առիթով Ուսումնական խորհուրդը իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ` Ջուլհաճեան ընտանիքին, մրցանքի դատական կազմին, մասնակից վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, հայերէնի ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ շարադրական մրցանքին մասնակցած աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնք` հաւատարիմ նահատակ ազատամարտիկի կտակին, հայ գիրով ու գրականութեամբ կը նպաստեն ազգային հաւաքական մեր ինքնութեան պահպանման գոյապայքարին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ