Քանի մը տարի առաջ, Պուրճ Համուտի գերեզմանատան գլխաւոր մուտքը յարդարելու եւ ընդհանուր հանրութեան համար քիչ մը աւելի ներկայանալի վիճակ ստեղծելու դիտումով, կարգ մը բաժիններ ծածկուեցան արուեստական խոտով (կազոն): Այնուհետեւ, ոմանք առիթը օգտագործելով, առանց առաջնորդարանի թոյլտուութեան եւ առանց հետեւանքները կշռելու, իրենց ընտանեկան դամբարանները սկսան ծածկել կազոնով:
Կազոնը կրնայ վայելուչ երեւիլ, սակայն դժբախտաբար, շատ դիւրավառ նիւթ է եւ որեւէ պատճառով կրնայ բռնկիլ ու ամբողջ գերեզմանատունն ու շրջապատը հրդեհել: Ուստի, նկատի ունենալով, որ գերեզմանատան մէջ միշտ մոմ ու ածուխ կը վառենք, բացարձակապէս կ՛արգիլուի գերեզմանատան մէջ կազոնի գործածութիւնը:
Հետեւաբար, վստահելով մեր ժողովուրդի հասկացողութեան, կը թելադրենք, որ առաւելագոյնը մինչեւ երեքշաբթի, 31 օգոստոս 2021, դամբարաններուն վրայէն ամբողջովին վերցուին կազոնները:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ