
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանին, երեքշաբթի, 27 հոկտեմբեր, 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, նիւթ ունենալով «Հոգեւոր եւ Ազգային արժէքներու վերակենսաւորման հրամայականը»։ Հանդիպումին ներկայ էին քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պետական երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ, Ազգային երեսփոխաններ, Կեդրոնական եւ Ազգային վարչութեանց անդամներ, քաղաքապետներ, թեմի հոգեւորականութիւնը, թաղականութեանց, կիրակնօրեայ վարժարաններու, դպրաց դասերու, տիկնանց յանձնախումբերու, միութիւններու, կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու, հայրենակցական միութիւններու, քաղաքապետական խորհուրդներու, թաղապետներու, լիբանանահայ վարժարաններու աւելի քան վեց հարիւր ներկայացուցիչներ։
Բացման բարիգալստեան իր խօսքին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, յանուն Ազգային Իշխանութեանց ողջունելէ ետք Վեհափառ Հօր ներկայութիւնը, ըսաւ, որ սոյն հանդիպումը շարունակութիւնն է Սփիւռքի տարուան առթիւ Ազգային Առաջնորդարանէն ներս սկիզբ առած զրոյցի մը, որ կը միտէր մեր ժողովուրդը հրաւիրել նոր զարթօնքի, որպէսզի նոր ճիգով ու աշխատանքով, մեր կեանքէն ներս նշմարուող ընդհանուր նահանջը զսպուի ու դարերու ճիգով կերտուած մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքին նկարագիրը պաշտպանուի։
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այսօրուան հանդիպումը կը միտի հաւաքական մտասեւեռումի նիւթ դարձնել մեր կեանքի անհրաժեշտութենէն բխող հրամայական մը, որ հաւասարապէս կը վերաբերի Հայ Եկեղեցւոյ, մեր կրթական, մշակութային, բարեսիրական, ընկերային, մարզական ու քաղաքական կառոյցներուն ու միաւորներուն, այլեւ կ՛առնչուի հայ ընտանիքին, կ՛ընդգրկէ հայ ծնողքը, հոգեւորականը, մտաւորականը, աշխարհականը, ժողովականը հաւատացեալն ու յանձնառու ամէն գիտակից անհատ: Ան շեշտեց, որ մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, ազգ ու կրօն, հայ ժողովուրդին համար եղած են մեր ազգային միութիւնը երաշխաւորող տարրերը։ Հետեւաբար, միասին խորհելու, միասնաբար ախտաճանաչումներ կատարելու եւ միասնական լուծումներ առաջադրելու պահանջքը կը բխի մեր հաւաքականութեան կեանքը առողջ ու արդիւնաւոր վիճակի մէջ տեսնելու հրամայականէն:
Ուստի, Սրբազանը հաստատեց, որ այսօր, Լիբանանի մէջ ու Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, մեր Եկեղեցին ու մեր կառոյցները, ինքզինքնին վերստին կենսունակ դարձնելու խնդիր ունին եւ հետաւաբար, անհրաժեշտ է որ հրապարակաւ այդ մասին խօսուի, որպէսզի հոգեւոր ու ազգային ընդհանրական հարցերու շուրջ մեր համայնքը դարձեալ համախմբելու, մեր կրթական, մշակութային, բարեսիրական, ընկերային, մարզական ու քաղաքական կառոյցներու գործունէութիւնը աշխուժացնելու գործին լծուինք եւ մեր աշխատանքով հաստատենք, թէ հայրենիքէն դուրս հասակ առնող մեր զաւակներն ալ պիտի շարունակեն մնալ պահանջատէր ու իրենց կեանքը վարել մեր պատմութեան հաւատարմութեամբ, սեփական աւանդոյթով ու մեր ազգային իտէալներով:
Այնուհետեւ խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն` Տիար Շահան Գանտահարեան։ Ան դիտել տուաւ, որ «Հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու վերակենսաւորման հրամայական»-ի թեման, այժմէական եւ հրատապ կը հնչէ ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ ու համաշխարհային բնոյթ եւ տարողութիւն ստացած է սփիւռքի տարածքին, ուր քաղաքական իրադարձութիւնները գլխիկոր կը շրջեն իրավիճակները՝ աշխարհը ներքաշելով մէկ ծայրայեղութենէ միւսը հակազդեցութեան գործօններով յատկանշուող երեւոյթներու անվերջանալի շարքի մէջ։ Ան ըսաւ, որ այսօրուան բաց համակարգը կը քննարկէ ամէն ինչ, իսկ արհեստական բանականութիւնը իր ընծայած հսկայական դիւրութիւններով եւ անվճար ծառայութիւններով, դրականին առընթեր, յաճախ կ՛օգտագործուի նաեւ արժէքներու հարուածման ընդհանուր քաղաքականութեան կողմէ աւ»լցն»լով, որ փոխուող եւ հարուածուող այդ արժէքները կրօնական են, համամարդկային եւ ազգային։
Տիար Գանտահարեան ըսաւ, որ այսօրուան հաղորդակցական փիլիսոփայութիւնը ցանցային է եւ հորիզոնական ու հաղորդակցութիւնը արտայայտուելու եւ հասանելի ըլլալու հարթակները ազատօրէն կը հատեն բոլոր տեսակի կարմիր գիծերը՝ ջնջելով աշխարհագրական բոլոր սահմանները։
Շարունակելով իր խօսքը, Տիար Գանտահարեան նկատել տուաւ, որ արժէքափոխութեան նպաստող այս դրուածքը, կը հակադրուի մեր հոգեւոր թէ ազգային կառոյցներու գործելաոճին ու կառուցուածքին աւելցնելով, որ մեր մօտ՝ եկեղեցական թէ հասարակական առումներով, ներհաստատութենական քննարկումները ազատ են, ժողովական հաւաքական դրութիւնը՝ որոշուած հաւաքականօրէն, եւ կառոյցները կանոնագրուած վարէն վեր ընթացող ժողովներով, սակայն կառոյցի դրուածքը բրգաձեւ է, որ ունի իր տրամաբանութիւնը եւ իրաւամբ կ՛իմաստաւորէ եկեղեցական թէ ազգային եւ մշակութային մեր կազմակերպութիւններու աշխատանքի ձեւը։ Այլապէս կ՛իմաստազրկուին կազմակերպ հաւաքականութիւն ըլլալը, որոշումներ կայացնելը եւ անոնց վերահսկելու գործիքակազմը։
Շարունակելով, ան յայտնեց, որ մեր հաւաքական կեանքի այս ուղղահայեացութիւնը հակադրուած է ցանցային հորիզոնական այսօրուան փիլիսոփայութեան, որ կը մերժէ կառուցակարգուածը, կարգն ու կանոնը ու փոխանակ դարերէն ժառանգուած խորհուրդը նորոգելու ու արդիականացնելու, կը ձաղկէ ինքնութիւնը, կը ստուերէ ազգայինն ու հոգեւորը՝ իբրեւ թէ բոլորովին կերտելու համար նորը։ Ապա, յիշեցնելով թէ այս ահազանգը տարբեր առիթներով հնչեցուցած է Վեհափառ Հայրապետը ժողովներով, քարոզներով, յայտարարութիւններով, նաեւ վերջին երկու տարիները յաջորդաբար նուիրելով մեր աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն՝ ան յայտնեց, թէ Արամ Ա. Վեհափառը ոչ միայն հնչեցուցած է ահազանգը, այլ նաեւ համաշխարհային թէ ազգային հայեցակարգերով վերլուծած է արժէքափոխութեան այս ընթացքի հոլովոյթը, վեր առած անոնց նշանակութիւնը ինչպէս մարդկութեան, այնպէս նաեւ մեր ազգին համար։ Տիար Գանտահարեան յայտնեց, որ այս հայեցակարգերը եկեղեցական շրջագիծերէն անդին ընդգրկած են ազգային գոյութեան, պետականութեան, մշակութային ժառանգութեան եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական պատասխանատուութեան հարցերը ու այդ բոլորին մէջ գիտական մեթոտներով հիմնաւորուած է, որ աւանդութիւնը կենսունակ է ոչ թէ այն պատճառով, որ հին է, այլ որովհետեւ յաջողած է իմաստ հաղորդել ներկային եւ ուղղութիւն տալ ապագային։ Ան շեշտեց, որ վերակենսաւորումը կ՛ենթադրէ նոր ռազմավարութիւն եւ նոր աշխատելաոճ, ի պահանջեալ հարկին՝ նոր կառուցակարգումներ, նպատակ ունենալով մեր համայնքային կազմակերպ կեանքը արդիւնաւէտ դարձնելու եւ կեդրոնական հանգամանք ունեցող լիբանանահայութեան երթը ապահովագրելու՝ հոգեւոր-ազգային արժէքային երաշխիքներով։ Ապահովագրումը կ՛ենթադրէ վտանգներու եւ արկածներու հետեւանքներու դիմակայում։ Վտանգուած է մեր ինքնութիւնը։
Յիշեցնելով թէ Հոկտեմբեր ամիսը, որ կը զուգադիպի Թարգմանչաց տօնին, մեր ինքնութեան պահպանման ու փրկութեան, մեր լինելութեան եւ ազգի շարունակականութիւնը խորհրդանշող ամիս է, այս հաւաքը Հոկտեմբերին մէջ գումարելը իբրեւ խորհուրդ կը կապուի այդ տօնին։ Թարգմանչացը հաւատքի, Աստուածային տեսելքի առընթեր համազգային կամքի դրսեւորում է օրուան համաշխարհային համակարգերու միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու եւ մշակութային ինքնուրոյնութեան նուաճումով ազգը փրկելու։ Ան յայտնեց, որ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը, Թարգմանչաց տօնի այս տարուան խորհուրդը բանաձեւած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հոգեւոր եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մշակութային յեղափոխութեամբ, որուն մէջ հոգեւորը, ազգայինն ու մշակութայինը դարձած են մէ՛կ ամբողջութիւն, որը պառակտելու ներքին եւ արտաքին քանդիչ ուժերու փորձերը պարտութեան մատնուած են միայն այն ժամանակ, երբ մեր ժողովուրդը գիտակից կեցուածք ցուցաբերած է իր պատմութեան հանդէպ եւ կառչած մնացած է լուսաւորչեան ու մաշտոցեան հոգեւոր ու ազգային յեղափոխութիւններուն։
Այնուհետեւ, իր հայրական խօսքը ներկաներուն ուղղելով, Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ իր խօսքը քարոզ, պատգամ կամ դասախօսութիւն չէ, այլ ներկաներուն հետ զրոյց։ Ան յիշեց, թէ սրահ մուտք գործելու պահուն, գեղեցիկ ու գօտեպնդիչ երեւոյթի մը հանդիպած է, տեսնելով, որ գաղութի բոլոր կառոյցներուն եւ մարմիններուն ներկայացուցիչները համախմբուած են միասին։ Վեհափառը փափաք յայտնեց, որ այս երեւոյթը յաճախ կրկնուի մեր բոլոր հանդիսութիւններուն եւ ձեռնարկներուն ընթացքին, դիտել տալով, որ որքան միասին մտածենք, միասին գործենք եւ միասին ծառայենք՝ որպէս համայնք աւելի հզօր կը դառնանք ու մեր շրջապատը Լիբանանի մէջ աւելիով յարգալից մօտեցում կ՛ունենայ մեր համայնքին նկատմամբ։
Ան ըսաւ, որ կ՛ուզէ հետեւեալ երեք կէտերը ընդգծել, որոնց պրիսմակէն դիտելով պէտք է ընկալել իր կողմէ կատարուելիք արտայայտութիւնները.-
1) Սփիւռքը հրամայական կարիքը ունի վերակազմակերպումի եւ այս մասին վերջին 3-4 տարիներուն խօսուած է եւ այս գործընթացը պէտք է շարունակուի։
2) Սփիւռքը անհրաժեշտ կարիքը ունի նոր ռազմավարութեան եւ այս մասին պիտի խօսուի Ազգային ընդհանուր ժողովին։
3) Լիբանանի հայութիւնը միշտ նկատուած է սփիւռքահայութեան ողնասիւնը եւ այս իրողութիւնը անցեալ չէ, այլ՝ մեր ներկան է եւ պէտք է ըլլայ։ Խօսքը ուղղելով ներկաներուն Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ մեր գործով ու համայնական կեանքին մեր բերած մասնակցութեամբ պէտք է փաստենք, որ Լիբանանի հայութիւնը ինչ որ էր անցեալին որպէս համայնք, նոյնն է այսօր եւս, հակառակ 50 տարիներու ընթացքին մեր տեսած տեսակաւոր տագնապներուն ու ապրած դժուարութիւններուն։
ա- Անդրադառնալով հոգեւոր մարզին, Վեհափառ Հայրապետը փափաք յայտնեց, որ մեր եկեղեցիները միշտ լեցուն ըլլան մեր ժողովուրդի զաւակներով։ Ան նշեց, թէ մեր եկեղեցիներուն մէջ պէտք է միշտ պատարագ մատուցուի ու աւանդական մեր ծէսերը պէտք է լիովին կատարուին` ժողովուրդին մասնակցութեամբ։ Ան ըսաւ, որ Եկեղեցին վայր չէ, այլ՝ ժողովուրդն իսկ է։ Յիշեցնելով թէ եկեղեցին ժողովուրդին տանելու գործը հոգեւորականին կոչումն է, ան նշեց,որ հոգեւորականը, իրեն վստահուած աշխատանքին տրմադարած իր նուիրումի որակովը իր գործը կը վերածէ ծառայական առաքելութեան։ Ան շեշտեց, որ քարոզները պէտք է ըլլան կարճ, բովանդակալից ու հասկնալի։ Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ այսօր, մեր բոլոր թեմերը կարիքը ունին նոր քահանայ հայրերու եւ թեկնածուները պէտք է պատրաստուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս, եւ որպէսզի քաջալերենք ծխային շրջաններու մէջ եղող հոգեւոր ծառայութեան միտում ունեցող երիտասարդները, պէտք է նախ անհրաժեշտ տնտեսական կարելիութիւններ յատկացնենք մեր հոգեւորականներուն եւ այնուհետեւ ականկալենք, որ անոնք իրենց ծառայութիւնը տանին բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ու նուիրուածութեամբ։
բ- Խօսելով քրիստոնէական դաստիարակութեան էական հարցի մասին, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ հոգեւոր արժէքները մեզի կու գան մեր Եկեղեցւոյ փորձառութենէն. հետեւաբար, անոնք պէտք է արտացոլան մեր ժողովուրդի համայնական եւ անհատական կեանքէն ներս։ Վեհափառը ցաւօք մատնանշնեց, որ այսօր, մեր վարժարաններէն ներս կրօնի դասաւանդումը սկսած է նահանջել, որովհետեւ մեր դասապահերը շատ խճողուած են պետկան կրթական ծրագիրներուն պարտադրած պայմաններով։ Ուստի, ան շեշտեց, որ դպրոցներէն ներս քրիստոնէասկան դաստիարակութեան մթնոլորտը պէտք է պահպանուի եւ այս ծիրէն ներս, շատ կարեւոր նկատեց կիրակնօրեայ վարժարաններու դերակատարութիւնը, որովհետեւ ինչ որ դպրոցները չեն կրնար ընել հասկնալի պատճառներով, կիրակնօրեայ վարժարանները կ՛ընեն բնական ձեւով։ Ուստի, Վեհափառը անհրաժեշտ նկատեց բոլոր եկեղեցիներէն ներս ունենալ կիրակնօրեայ վարժարան եւ այս ուղղութեամբ կարեւոր համարեց քահանայ հայրերուն ունենալիք դերակատարութիւնը, որոնք գործակցելով իրենց շրջանի վարժարաններու տնօրէններուն հետ, պէտք է կազմակերպեն կիրակնօրեայ վարժարաններ։
Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառը ըսաւ, որ մենք պէտք է առաւելագոյն չափով օգտագործենք նաեւ ներկայ արհեստագիտութիւնը, մանաւանդ արհեստական բանականութիւնը` որ եթէ ճիշդ ու ազդու ձեւով գործածուի, քրիստոնէական դաստիարակութեան բնագաւառներէն ներս, կրնայ տեսակաւոր կարելիութիւններ ընծայել մեզի։
Անդրադառնալով ծխային շրջաններու կազմակերպչական վիճակին, Վեհափառը ըսաւ, որ եկեղեցին ծուխն է եւ հետեւաբար, իւրաքանչիւր ծուխ, իր քահանայ հայրով, Թաղականութեամբ եւ առնչակից մարմիններով, պէտք ինքզինք կազմակերպելու եւ կառավարելու պատրաստակամութիւնը ունենայ ու իր տնտեսական կարիքներուն համար միջոցներ որոնէ։
գ-Խօսելով հայեցի կրթութեան ոլորտի մասին, Վեհափառը կարեւորութեամբ ընդգծեց հայ դպրոցին անփոխարինելի դերակատարութիւնը եւ հայ դպրոցին ունեցած կեդրոնական տեղն ու դերը համայնքի կեանքէն ներս։ Ան շեշտեց, որ հայ աշակերտին տեղը հայ դպրոցն է։ Հարց տալով թէ ինչո՞ւ հայ աշակերտը օտար դպրոց պիտի յաճախէ եւ մեր վարժարանները ինչո՞վ ետ կը մնան օտար վարժարաններէն, Վեհափառը շեշտեց, որ կարեւորը դպրոցին արտաքին տեսք չէ, այլ՝ որակն ու կոչումը եւ կոչ ուղղեց բոլոր ծնողներուն, թելադրելով որ իրենց զաւակները յանձնել հայ դպրոցին եւ վստահին անոր միջոցաւ տարուաող հայակերտումի եւ մարդակերտումի առաքելութեան։
դ- Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը նկատել տուաւ, որ սփիւռքի վերակազմակերպման քննարկումներու շրջագիծէն ներս յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրամադրել մեր բոլոր կառոյցներու վերակազմակերպումն ու վերակենսաւորումը հետապնդող ճիգերուն։ Որպէս անհատ եւ մանաւանդ՝ որպէս կառոյցներ, միշտ հաւատարիմ մնալով մեր արժէքներուն եւ մեր ինքնութեան, պէտք է մեր կանոնագրութիւնները, մեր մօտեցումները եւ մեր աշխարհահայեացքը վերատեսութեան ենթարկենք, որպէսզի մեր աշխատանքը նհամապատասխանէ երկայ կեանքի պայմաններուն ու կարիքներուն։
ե- Յատկապէտ խօսելով մեր կեանքէն ներս գործող բարեսիրական միութիւններուն մասին, Վեհափառը հաստատեց, որ անոնք միշտ սքանչելի աշխատանք տարած են ու կը շարունակեն տանիլ եւ յոյս յայտնեց, որ բոլորը, իրար հետ գործակցելով, կարիքներն ու առաջնահերթութիւնները ճշդելով կատարեն իր աշխատանքը եւ այդ սահմաններուն մէջ մնան։
զ- Խօսելով Լիբանանի պետական շրջանակներուն հետ մեր համայնքին ունեցած կապի մասին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ Լիբանանը համայնքային երկիր է. հետեւաբար, ան յիշեցուց որ պատական կառոյցներէն ներս հայերը, իբրեւ անհատ եւ երկիրը գոյաւորող կարեւոր համայնք, իրենց դերակատարութիւնն ու մասնակցութիւնը պէտք է բերեն Լիբանանեան կեանքի զանազան ոլորտներուն` միշտ համարատու մնալով իրենց համայնքային պատասխանատուներուն մօտ ու միշտ յիշելով, որ մեր համայնքը կը ներկայացնեն ու մեր շահերը կը պաշտպանեն։
Այս առթիւ, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու միջեւ շարունակուող գործակցութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ անոնք լծուած են մեր համայնքի երեսփոխանական պլոքը վերականգնելու եւ վերակազմակերպելու կարեւոր աշխատանքին։
Ակնարկելով գաղութէն ներս տիրող մշակութային կեանքին, Վեհափառը ողջունեց ստեղծուած աշխուժութիւնն ու վերջին շրջանին կազմակերպուած մեծաթիւ ձեռնարկներու երեւոյթը եւ կարեւորելով մշակութային կեանքի եռանդը, թելադրեց, որ աշխատանքը շարունակուի նոյն ոգիով։
Եզրափակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ Լիբանանահայութեան ու մեր բոլոր գաղութներուն կեանքը վերականգնումէն ընթանայ դէպի վերակազմակերպում եւ կոչ ուղղելով որ բարերար ձեռքերը նիւթապէս կարելի օժանդակութիւն տրամադրեն մեր կառոյցներուն: Ան իր ջերմ գնահատանքը նաեւ յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Իշխանութեան ու յարակից մարմիններուն, մեր երեք կուսակցութիւններուն, բարեսիրական, մշակութային, մարզական ու հայրենակցական միութիւններուն, բոլորին թելադրելով, որ հաւաքական ճիգով մեր համայնքին վերաբերող աշխատանքը համադրեն եւ միասին գործեն՝ վստահ ըլլալով որ միասին, աւելի ազդու եւ աւելի զօրեղ կ՛ըլլանք Լիբանանի մէջ ու ամէն տեղ։
Երեկոյթը փակուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով։








