Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

«Ով, որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, եւ ով, որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»: Այս խօսքերով սկսաւ Սրբազան Հայրը իր քարոզը եւ յայտնեց, որ Քրիստոսի կողմէ արտասանուած այդ պատգամը այսօր ուժգնօրէն կ՛արձագանգէ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւ մեզ կը յիշեցնէ, որ մարդ իր նկարագիրով եւ իր վարուելակերպով ընտիր պէտք է ըլլայ Աստուծոյ համար: Բացատրելով իր քարոզին սկիզբը արտասանած խօսքերը` Առաջնորդը ըսաւ. «Ան, որ ինքզինք կը բարձրացնէ, այսինքն ուրիշէն տարբեր, աւելի ընտիր կը համարէ ինքզինք, անպայմանօրէն կեանքի փորձառութեան ընթացքին պիտի խոնարհի, եւ պիտի նուազի իր արժէքը իր ենթադրածէն, բայց ով, որ ինքզինք խոնարհեցնէ, Աստուծմով պիտի բարձրանայ եւ ոչ միայն այս կեանքին գագաթները նուաճէ, այլ` հասնի Աստուծոյ շնորհներուն»:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ մեր եկեղեցին իր կարգ ու բարքին մէջ ոչ միայն պահած է Վերջին ընթրիքի պահուն Քրիստոսի կողմէ կատարուած ոտնլուայի արարողութիւնը, այլեւ այդ առիթով երկու հիմնական ճշմարտութիւններ` նոյնիքն Քրիստոսէ քաղուած, որոնք փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին: Ա) Պատմութեան ընթացքին Աստուած մարդուն մօտենալու համար աներեւակայելի քայլ մը առաւ: Ան երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ, որպէսզի իր խոնարհելով` նաեւ իրեն հետ բարձրացնէ մարդը եւ զայն տանի աստուածային ճշմարտութիւններուն: Բ) Իր երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանին Քրիստոս անակնկալ կերպով երկրորդ կարեւոր քայլ մը առաւ մարդուն մօտենալու համար: Ան ծունկի եկաւ իր աշակերտներուն առջեւ եւ անոնց ոտքերը լուաց, որպէսզի այդ խոնարհութեան արարքին ընդմէջէն մարդուն ցոյց տայ դէպի Աստուած տանող ճշմարիտ ճամբան, ինչպէս նաեւ` մարդուն ցոյց տալու, թէ Աստուած որքան կը սիրէ մարդը: Շահէ արք. նշեց, որ այսօր մեր եկեղեցին խոնարհութեան եւ սիրոյ երկու սրբազան արժէքներ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ, որպէսզի մենք անոնցմով փորձենք մեր կեանքը բարեւալել, սրբագրենք մեր մէջ բոյն դրած սխալներն ու վրիպումները եւ վերադառնալ այն կեանքին, որուն մէջ կ՛ուզէ մեզ տեսնել Աստուած:

«Պա՛րզ, անցողակի կերպով չնայինք Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն, այլ զանոնք դիտենք մեր կեանքին համար մեր Տիրոջ կողմէ մեզի տրուած ուսանելի օրինակներ, որպէսզի մենք մեր կեանքը պատշաճեցնենք մեր Տիրոջ կեանքի եղանակին եւ այդ ձեւով պահենք մեր ընտանիքը, մեր համայնքը, մեր շրջապատը եւ բոլորս միասին դէպի Աստուած ուղղենք մեր քայլերը, որպէսզի իր շնորհքը եւ սրբութիւնը առատանան մեր կեանքէն ներս», եզրափակեց Սրբազան Հայրը: