Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սրբոց Հռիփսիմեանց Նուիրուած Յատուկ Արարողութիւնները Կը Համախմբեն Հաւատացեալները

Երկուշաբթի, 16 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով տեղի ունեցող աղօթքի շաբթուան շրջագիծին մէջ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութիւն: Այնուհետեւ օրուան պատգամը փոխանցեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան, որ շեշտը դրաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը բոլորին իրաւունքն է եւ ծնողքի մը պարտականութիւնն է զայն փոխանցել իր զաւկին: Քահանայ հայրը շեշտեց նաեւ, որ եկեղեցին կը ձգտի քրիստոնէական դաստիարակութիւն տալ ժողովուրդին, որովհետեւ կ’ուզէ կերտել փրկութեան արժանի անհատը` անդրադառնալով ծնողքին, դաստիարակին եւ եկեղեցւոյ ունեցած հիմնական դերակատարութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ:

Երեքշաբթի, 17 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դարձեալ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ աղօթք: Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ խօսեցաւ աղօթքին եւ Աստուածաշունչին մասին: Ան բացատրեց, որ աղօթքի միջոցով մեր զգացումները կը յայտնենք Աստուծոյ` աւելցնելով, որ պէտք է անկեղծօրէն աղօթենք եւ պարտականութիւն չսեպենք աղօթելը, որ կեղծաւորութեան կ՛առաջնորդէ: Անդրադառնալով Աստուածաշունչին` քահանայ հայրը ըսաւ, որ անիկա մեր մտահոգութիւններուն եւ հարցերուն լուծման միջոցն ու դարմանն է, որ մեզի  փոխանցուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուածաշունչին միջոցով Ան կը խօսի մեզի հետ եւ մեր կեանքը կ՛ուղղէ այնպէս, ինչպէս Քրիստոս սորվեցուց:

Չորեքշաբթի, 18 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կարճ աղօթքի պահէ մը ետք, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու դպրաց դասերուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր դէպի Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցի:

Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ Հռիփսիմեանց կոյսերուն ունեցած հաւատքի զօրութեան վրայ` աւելցնելով, որ Ս. Հռիփսիմէ իր ազնուական բարքէն զիջեցաւ եւ ընտրեց երկնային հարստութիւնը: Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց, որ մենք ալ իբրեւ հաւատացեալներ Հռիփսիմեանց կոյսերուն տօնին առիթով վերանորոգենք մեր հաւատքը, որովհետեւ ներկայ պայմաններուն մէջ պէտք ունինք հաւատքի ամրութեան: Անդրադառնալով տեղի ունեցած թափօրներուն` Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ մենք ալ քալենք քրիստոնէական եկեղեցւոյ ճամբէն, որպէսզի արժանանանք նոյն սրբութեան: