
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, 15 մարտին նշուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:
Արդարեւ, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին Սրբազանը ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր պատգամը:
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք նշելու 4-րդ դարու սկիզբը Սեբաստիոյ մէջ նահատակուած 40 վկաներուն յիշատակը: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց 313 թուականի ժամանակաշրջանին, երբ հռոմէական բանակին մէջ կը բացայայտուին 40 երիտասարդ զօրականներ, որոնք ոչ միայն չեն թաքցներ իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը, այլեւ մերժելով զոհ մատուցել կուռքերուն` կը քարոզեն իրենց դաւանած հաւատքը եւ այդ պատճառով կը նահատակուին: Սրբազանը ըսաւ, որ անոնք 40 երիտասարդ կտրիճ զօրականներ էին, ինքնութեամբ ոչ հայ, Աստուծոյ կամքը կատարողներ էին, եւ այս պատճառով դարեր շարունակ Եկեղեցին ոչ միայն կ՛անմահացնէ զիրենք, այլեւ առիթ կ՛ընծայէ, որ հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ անոնք աւելի շքեղ կեանքով ապրին:
Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս պատմական տեղեկութիւնները մեր Եկեղեցին մեզի փոխանցելով` կը յիշեցնէ, թէ անկասկած սուրբերը իրենց յիշատակին առիթով, իրենց կեանքի օրինակը կը ձգտին փոխանցել մեզի: Մենք կը հաւատանք, որ անոնք թէեւ նահատակուած են, սակայն կենդանի կ՛ապրին, մեր կենդանի Աստուծոյ մօտ, ուստի անոնք իրենց յիշատակը մեզի փոխանցելով` մեզի կը յիշեցնեն, թէ այս երկրաւոր աշխարհը անկասկած պիտի անցնի, նաեւ պիտի անցնին այս աշխարհին վերաբերող ամէն բան, բայց յաւիտեան պիտի ապրին եւ կենդանի մնան անոնք, որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ կ՛ապրինք դժուար ժամանակներու մէջ, որոնք ոչ միայն կը վերաբերին ֆիզիքական մեր գոյութեան, այլեւ` գլխաւորաբար մեր հոգեկան աշխարհին, աւելցնելով, որ բոլորս մահկանացու ենք եւ պէտք է տագնապինք այս հարցով, թէ մեզմէ ետք ի՛նչ պիտի մնայ իբրեւ յիշատակ` կեանքը շարունակողներոոն մօտ: Սրբազանը յայտնեց, որ մեզ կանխող սերունդները իրենց քրտինքով եւ հաւատքով կառուցեցին սոյն սրբարանը եւ մեզի շնորհեցին` աւելցնելով, որ անոնք նաեւ անապատի դառն փորձանքներէն ետք իրենց հաւատքով եւ աշխատանքով վերստին կերտեցին համայնական մեր կեանքը` կառուցելով դպրոցներ, ակումբներ եւ հաստատութիւններ, որպէսզի մենք մեր պապերուն հաւատքով եւ արժէքներով, մեր ազգին իտէալներով մեր կեանքը` շարունակենք: Սրբազանը հարց տուաւ, թէ մենք մեր կարգին յառաջիկայ սերունդներուն համար ի՞նչ կառուցեցինք եւ ի՞նչ կը փորձենք կերտել, որպէսզի անոնք եւս մեր օրինակով յարատեւեն` ամրօրէն կառչած մեր սրբազան հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն:
Սրբազանը հաստատեց, որ կ՛ապրինք վտանգաւոր պայմաններու մէջ եւ սկսած ենք կորսնցնել մեզ կանխող սերունդներուն ունեցած ամրութիւնը, կորսնցնել այն յատկանիշները, որոնք մերն էին մինչեւ երէկ: Սրբազանը ըսաւ, որ հին պատմութիւն է քառասնից մանկանց նահատակութեան պատմութիւնը, սակայն այս պատմութիւնը նաեւ այժմէական է բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛անդրադառնան, թէ Աստուծոյ կամքին հետեւողը չի սպառիր, չի մոռցուիր, չ՛անյայտանար, առանց հետքի չ՛անցնիր այս աշխարհէն եւ պարապութիւն չի ձգեր իր ետին, աւելցնելով, որ այս պատմութիւնը նոր պատգամ փոխանցող առիթ է բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց օրինակին նայելով` կ՛անդրադառնան, որ Աստուծոյ կամքը կատարողներուն համար մահ չկայ, այլ անոնք երանական հանգիստի մէջ Աստուծոյ մօտ կը մնան մեզի համար բարեխօս, որպէսզի իրենց օրինակով լուսաւորեն մեր մթնցած առօրեան, նաեւ` խրախուսեն մեր կեանքը:



