Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ 50-Ամեակի Նշում

Անցնող շաբաթավերջին արժանավայել կերպով նշուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, նաեւ` եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50-ամեակը:

Արդարեւ շաբաթ, 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր:

Կիրակի, 11 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն  Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր առաջնորդ սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագ:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ աշխարհի մէջ բոլորս ալ ենթակայ ենք տեսակաւոր դժուարութիւններու, որովհետեւ մեր առօրեային մէջ կան փորձութիւններ, վտանգներ եւ կացութիւններ, որոնց դէմ յանդիման մենք կը դժուարանանք կողմնորոշուիլ ճշգրտօրէն եւ յաճախ կ՛ենթարկուինք անկումներու ու սայթաքումներու: Ան շեշտեց, որ մենք պէտք է յենինք Աստուծոյ ու սուրբերուն, որոնք մեզի համար կը բարեխօսեն Աստուծոյ մօտ, որպէսզի ան մեզի օգնական եւ պաշտպան ըլլայ: Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով պէտք է յիշենք, որ սրբութեանց մայրը` Աստուածամայրը մեզի համար բարեխօս է Աստուծոյ մօտ: «Այս եկեղեցիները շինուած են, որպէսզի մենք անոնց մէջ ապրինք հաւատքի կեանք եւ անով դիմագրաւենք աշխարհը, տոկանք, արիանանք եւ հերոսանանք, որպէսզի կեանքի վտանգները մեզ չխորտակեն, այլ հասնինք մեր իտէալներուն, երազներուն եւ իղձերուն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ պէտք է յարատեւող ըլլանք կեանքին եւ մանաւանդ հաւատքին մէջ, ամրօրէն կառչած մնալով այն սրբութիւններուն, զորս մենք ժառանգեցինք մեր նախնիներէն, որոնցմով ամրացուցինք եկեղեցի ու սրբարան եւ լուսաւորեցինք մեր սեփական կեանքին գիտակցութիւնը: Անդրադառնալով մեզի նախորդող սերունդներուն, Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ անոնք սրբութեամբ ապրեցան իրենց կեանքը, հաւատքը իբրեւ առաջնորդ ունենալով դիմակալեցին կեանքի դժուարութիւններն ու նեղութիւնները, ապրեցան հայավայել դրոշմով հայեցի կեանք, գոյատեւեցին Աստուծոյ տուած յոյսով եւ ջամբած առաջնորդութեամբ: Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ ներկայիս մեր ապրած միջավայրը եւ ամբողջ աշխարհը կերպարանափոխուած է, մենք մեզ կը տեսնենք համաշխարհային սովորութիւններու դիմաց, ուր կը դժուարանանք կողմնորոշուիլ, մեզի համար ապաւէն ընտրել եւ առաջնորդութիւն տեսնել մեր աչքերուն դիմաց, որովհետեւ մենք ալ ենթակայ ենք կեանքի փոփոխութիւններուն եւ երբեմն նաեւ մեր նախնիներուն աւանդն ու կտակը կը փորձենք նոր փնտռտուքով մեր կեանքէն ներս առաջնորդել: «Մեր սեփական նկարագիրի ամրութեան համար, մեր ընտանեկան յարկերու պաշտպանութեան ի խնդիր, մեր ընկերութեան յարատեւութեան համար պարտինք վերստին դիմել Աստուծոյ, մեր սուրբերուն, Աստուածամօր եւ խնդրել, որ իրենք մեզ առաջնորդեն», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ այդպիսով մեր առօրեան կ՛ըլլայ լուսաւոր, մեր գնացքը կ՛ըլլայ հաստատ եւ մենք, փորձութիւններու ենթարկուելով հանդերձ, կրնանք վերստին ոտքի կանգնիլ եւ յարատեւել մեր ազգի նկարագիրով, մեր պապերուն հաւատքով, մեր սեփական արժէքներով, առանց կորսնցնելու աստուածային այն դիմագիծը, զոր Ան դրոշմած է մեր վրայ: Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ներկաները ոգեւորուելու հաւատքով եւ անդրադառնալու, որ միա՛յն Աստուծմով կը յաջողինք աշխարհի հարցերը դիմագրաւել եւ մեր դիմաց տեսնել լուսաւոր ապագայ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով Տըպպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` հովանաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, նախագահութեամբ Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխկառավարիչ Մկրտիչ Պուլտուգեանի:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ատենապետ Յակոբ Տօնիկեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ եկեղեցւոյ 50-ամեակին առիթով թաղականութիւնը կարգ մը պրպտումներ կատարած էր` լուսարձակի տակ առնելու համար ատանացիներու ներդրումը եկեղեցւոյ մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ այդ պրպտումներէն ի յայտ եկած էր, որ շարք մը ատանացիներ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են եկեղեցւոյ հիմնադրութեան ընթացքին, նաեւ անկէ ետք օժանդակած են իրենց ծառայութեամբ: Յ. Տօնիկեան դիտել տուաւ, որ եկեղեցւոյ հիմնական բարերարները եղած են Պօղոս եւ Մարի Նաճարեանները, որոնց զաւակը` Փիեռ Նաճարեան, իր տիկնոջ հետ հիւրաբար ներկայ էր սիրոյ սեղանին:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ երգիչ Մանուկ Մինասեան, որմէ ետք Յ. Տօնիկեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան նախագահ Մկրտիչ Պուլտուգեանը եւ հրաւիրեց զայն փոխանցելու իր սրտի խօսքը:

Մ. Պուլտուգեան ըսաւ, որ կեանքի մէջ յաջողելու համար հիմնական կէտեր կան. հաւատք` Աստուծոյ եւ անձիդ նկատմամբ ինքնավստահութիւն, նաեւ աշխատանք, զոհողութիւն եւ համբերութիւն:

Սրբազան Հայրը իր կարգին բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ թաղականութեան, հովիւին, տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ յարակից մարմիններուն աշխատանքը: «Եկեղեցին մե՛նք ենք: Երբ կը հաւաքուինք, մեր ազգային ձգտումներով եւ ապրումներով կը կազմենք եկեղեցին: Հայ եկեղեցին մեր ժողովուրդին հարազատ ծնունդն է», հաստատեց Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս գնահատելով թաղականութեան գործունէութիւնը եւ մաղթելով, որ յառաջիկայ յիսնամեակներուն համար նոր ձեւեր որոնեն, որպէսզի Ս. Աստուածածին եկեղեցին իրենցմով արդարացնէ իր ներկայութիւնը Պուրճ Համուտի հայահոծ միջավայրին մէջ: