Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Զատկուան Պատարագ. «Մեր Այսօրուան Կեանքը Այնպէս Է, Ինչպէս Զայն Կերտեցին Մեր Նախնիները, Իսկ Մեր Վաղուան Կեանքը Պիտի Ըլլայ Այնպէս, Ինչպէս Որ Զայն Պիտի Կառուցենք Մենք` Մեր Այսօրուան Հաւատքով, Մեր Յաձնառութեամբ Ու Մեր Նուիրումով» Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 20 ապրիլ 2025-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը մէջբերում կատարելով Պօղոս առաքեալի եբրայեցիներուն գրած նամակէն` ըսաւ, որ Զատկական տօնին առիթով ի՜նչ գեղեցիկ պատեհութիւն կը ստեղծուի մեզի համար, որպէսզի յիշենք անցեալի այն մեծ դէմքերը, որոնք իրենց խօսքով, հաւատքով ու կեանքի օրինակով վեհութիւն բերին մեր կեանքին, աւելցնելով, որ սերունդները պէտք է ճանչնան իրենց հայրերուն մեծագործութիւնը եւ անոնց հաւատքի օրինակին հետեւելով` մնան կանգուն:

Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ կ՛ապրինք արժէքներու շփոթութեան ժամանակներու մէջ եւ յարափոփոխ աշխարհի պայմաններուն մէջ, սկսած ենք անհակակշիռ կերպով հետեւիլ ուրիշին եւ այդ իսկ պատճառով անորոշութեան վիճակ ստեղծել մեր ինքնութեան մէջ, շեշտելով, որ ուրիշին հետեւելու տեղ, մենք մեզ ճանչնանք, որպէսզի մեր ունեցածով մենք մեզ պաշտպանենք ու անով նաեւ կերտենք մեր ապագան: Պօղոս առաքեալ մեզի կը թելադրէ` նայիլ մեր անցեալին, դիտել մեր ներկան ու կեդրոնանալ ապագային վրայ, որպէսզի կարենանք այսօրուան ու վաղուան մեր կեանքը դարձնել դարերով ապրուած մեր ազգի հաւատքին համապատասխանող վիճակ:

«Պէտք չէ մոռնանք, որ մեր այսօրուան կեանքը այնպէս է, ինչպէս զայն կերտեցին մեր նախնիները, իսկ մեր վաղուան կեանքը պիտի ըլլայ այնպէս, ինչպէս որ զայն պիտի կառուցենք մենք` մեր այսօրուան հաւատքով, մեր յանձնառութեամբ ու մեր նուիրումով», հաստատեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ մեր եկեղեցւոյ զաւակները պէտք է յիշեն, որ ժամանակները միշտ ալ յարափոփոխ ըմբռնումներու եւ աշխարհահայեացքի ենթակայ են, մինչդեռ մեր Տէրը` որպէս հիմքը մեր հաւատքին, կը մնայ անփոփոխ, անխախտ ու անայլայլ: «Արդարեւ, այս աշխարհէն ներս հաւատացեալին համար միակ յուսադրիչ իրողութիւնը այն է, թէ կայ յաւիտենական իրականութիւն մը, որ կը մնայ անփոփոխ ու անայլայլ: Յիսուս Քրիստոս նոյնն է միշտ` երէկ, այսօր ու յաւիտեան», ըսաւ Սրբազանը` շեշտելով, որ մասնաւորաբար մեր օրերուն աւելի սրտաթունդ պէտք է հնչեցնենք այս պատգամը, թէ իբրեւ գերագոյն ճշմարտութիւն` մեր կեանքին յարացոյցը կը մնայ Յիսուս Քրիստոս, որ կը պատկանի բոլոր ժամանակներուն:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը յայտնեց, որ մեր կեանքն ու հաւատքը իրարմէ տարբեր բաներ չեն, այլ` մէկ ամբողջութիւն, ներդաշնակուած` Քրիստոս Յիսուսով: Աստուածաշունչը կ՛ըսէ, որ Աստուած հրաշալի կատարելութեամբ ստեղծեց մարդը, սակայն մարդը իր արարքներով ոչ միայն տրտմեցուց զԱստուած, այլեւ քայքայեց իր սեփական կեանքը ու Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու կարողութիւնը կորսնցնելով` մեղքին ու մոլութեանց գերին դարձաւ եւ այդպիսով դատապարտուեցաւ մահուան: Սակայն Աստուած իր Միածինը աշխարհ ղրկեց« որպէսզի Ան մարդը գտնելով` զայն վերադարձնէ սուրբ կեանքին:

«Այս օրը տօնական արտայայտութիւններուն ընդմէջէն մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի գերագոյն զոհողութեան շնորհիւ, մեր կեանքը վերստին լեցուեցաւ աստուածային շնորհքով, եւ մեր դիմաց կրկին բացուեցան դէպի Աստուած տանող ուղիները: Այս ճշմարտութեան յայտարարութիւնը կը կատարենք այսօր մեր եկեղեցիներէն ներս եւ ի խրախոյս մեր հաւատացեալ ժողովուրդին` կը յիշեցնենք, որ տիեզերքի ամենաշքեղ հրաշալիքը մարդկային հոգին է եւ ամենասրտագրաւ իրողութիւնն այն է, որ հակառակ իր բոլոր շեղումներուն ու անկումներուն` մարդը Աստուծոյ զաւակն է», եզրափակեց Սրբազանը` յորդորելով ներկաները, որ սթափին աշխարհի հարցերով ծանրաբեռնուած մեր սրտերը, որպէսզի իբրեւ Աստուծոյ սիրոյն ու ողորմածութեան արժանացած հաւաքականութիւն` յարութեան շունչը տարածենք մեր շրջապատէն ներս:

Զատկական պատարագէն անմիջապէս ետք առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:00-8:30 Պուրճ Համուտի Ազգ. առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Սրբազան Հօր եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն, տեղի ունեցաւ Ս. Զատկուան պաշտօնական ընդունելութիւն: Շնորհաւորութիւններ յայտնեցին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչները, նախկին եւ ներկայ երեսփոխաններ ու նախարարներ, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ եւ թաղապետներ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի, խորհուրդներու ու յանձնախումբերու անդամներ, լիբանանահայ վարժարաններու, կառոյցներու ու հաստատութիւններու տնօրէններ եւ պաշտօնեաներ, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու ու դպրաց դասերու անդամներ, ինչպէս նաեւ` հաւատացեալներ:

Հաւաքի սկզբնաւորութեան, նախագահութեամբ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն: Այնուհետեւ խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, որ նշեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2025 տարին հռչակեց «Աւանդութիւններու վերակազմաւորման տարի», աւելցնելով, որ մեր նախահայրերը մեզի ժառանգած են հարուստ աւանդութիւններ, եւ մենք, մեր կարգին, պէտք է զանոնք գործադրենք եւ ժառանգենք գալիք սերունդին: Գ. Արսլանեան ըսաւ, որ Զատկուան շրջանին բոլոր տեսակի նեղութիւնները պէտք է անհետանան մարդոց միջեւ, եւ այս տօնը պէտք է առիթ ըլլայ հաշտութեան, որպէսզի սէր ուրախութիւն եւ միասնակամութիւն ըլլայ բոլորին միջեւ: Ան դիտել տուաւ, որ հրաշափառ յարութեան այս առիթը կը բերէ մեր կեանքի ուղին պայծառացնող լոյսը հաւատքի, նաեւ լոյսը` յաւիտենական կեանքի, եւ շնորհիւ այդ աստուածատուր պարգեւին` առաջին քրիստոնեայ ազգը կ՛ապրի այսօր հակառակ այն բազում գողգոթաներուն, որոնց ենթարկուեցաւ իր պատմութեան զանազան փուլերուն:

Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ ընդառաջած են իրենց հրաւէրին եւ իրենց ներկայութեամբ կը պատուեն Ազգային առաջնորդարանը եւ կը շէնցնեն զայն, աւելցնելով, որ Ազգային առաջնորդարանը մեր հաւաքականութեան տունն է, հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ աշխատանքի ասպարէզէն անկախ, ընկերային մթնոլորտի մէջ իրարու քով գալով, ջերմացնենք մեր տան յարկը եւ իրարմով զօրացած` քիչ մը աւելի համարձակութեամբ նայինք վաղուան կեանքին, որուն մէջ տակաւին կան մարտահրաւէրներ, բայց լաւատեսութեամբ եւ յոյսով պէտք է շարունակել եւ յարատեւել` ի խնդիր մեր հաւաքականութեան գոյութեան: Սրբազանը հաստատեց, որ այս տարի պայմանները քիչ մը աւելի թոյլատու էին, որովհետեւ Աւագ շաբթուան հոգեպարար արարողութեանց ընթացքին մեր եկեղեցիներէն ներս ժողովրդային մասնակցութիւնը աւելի քան բաւարար էր, որ կը նշանակէ, թէ մեր հաւաքականութեան մօտ թէ՛ ազգային գիտակցութիւն եւ թէ՛ հաւատք տակաւին կ՛ապրին, երկու հիմնական յենարաններ, որոնց վստահած ենք, սակայն նաեւ կարեւորութիւն կու տանք մեր աշխատանքին, որ մեր ներդրումով պէտք է ոգեւորուի գալիք ժամանակներուն համար նոր արդիւնք պատրաստելու վճռակամութեամբ: Սրբազանը մաղթեց, որ ժողովուրդը ապահով պայմաններու մէջ շարունակէ իր առօրեան` իր ուսերուն վերցնելով այն բոլոր պարտականութիւնները, որոնք աւանդաբար իրեն կը պատկանին, եւ այդ գիտակցութիւնը մեր միջոցով նաեւ կը փոխանցուի նորեկ սերունդներուն, որպէսզի ջահը շալկած` անոնք եւս նոյն երթին մաս կազմեն, եւ աղօթեց, որ Հայ եկեղեցւոյ եւ Ազգային առաջնորդարանի կողքին, բոլորին տուները ըլլան շէն, իրենց կեանքը` ամուր, գիտակից, հաստատ` ի խնդիր մեր համայնական կեանքի պահպանութեան, նաեւ` ի խնդիր մեր ազգային հայրենական մեր իտէալներուն եւ երազներուն: