Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Մեր Ժողովուրդը Ազգային Հաւատարմութեամբ Յարութեան Հաւատքը Արտայայտած Է Իր Պատմութեան Ամբողջ Տեւողութեան» Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Ս. Յարութեան տօնին առիթով` կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան:

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադառնալով Քրիստոսի յարութեան դէպքին յայտնեց, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ կը պատմեն, թէ ինչպէ՛ս երբ Յիսուսի անմիջական հետեւորդները գերեզման գացին տեսան, թէ անիկա թափուր էր. սակայն երբ ան երեւցաւ իւղաբեր կիներուն, ինչպէս նաեւ իր սիրելի աշակերտներուն, այն ատեն անդրադարձան, թէ իրենց Տէրը մեռած չէ, այլ յարութիւն առած, եւ կ՛ապրի իրենց մէջ եւ իրենց կը յայտնուի, որպէսզի անհատապէս անոնց ցոյց տայ յարուցեալ կեանքի օրինակը, նաեւ զիրենք մղէ նոր խանդավառութեան, որպէսզի երթան եւ աշխարհին տարածեն քրիստոնէութիւնը, ոչ թէ իբրեւ խաչուած եւ թաղուած Քրիստոսի կրօն, այլ իբրեւ յարուցեալին յաղթական կրօնը, որ նաեւ այս աշխարհի սահմանաւոր պայմաններէն անդին ցոյց կու տայ դէպի յաւիտենական կեանք տանող սրբազան ուղիները:

«Անցնող բոլոր դարերուն, մեր ժողովուրդը ոչ միայն անհատապէս ապրած է յարութեան հաւատքը, այլ ազգային հաւատարմութեամբ զայն արտայայտած է իր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին. իր անկումներուն, իր մաքառումներուն, իր պայքարներուն ընթացքին յարուցեալը ունեցած է իր կեանքի օրինակը եւ այդ օրինակին հետեւելով ինքզինք վերականգնած է իր բոլոր անկումներէն», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ այս տօնը պէտք է նոր խանդավառութիւն եւ մղում տայ մեր հաւատքին եւ մեր կեանքին, որպէսզի ժամանակակից կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ մենք սթափինք, չկորսնցնենք մեր հաւատքը եւ վերստին փարինք մեր հայրերու հաւատքին, որ դարեր շարունակ կեանք պարգեւած է մեզի:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ յետեղեռնեան ժամանակաշրջանին Եղեռնի արհաւիրքէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակները կը փնտռէին ապաւէն մը, միջոց մը, որպէսզի այդ կացութենէն կարենան դուրս գալ, եւ Յարուցեալն էր, որ ցոյց տուաւ կեանքի այդ ճամբան` իրենց ներշնչելով հաւատք եւ յոյս, որոնց միջոցով անոնք ապրեցան եւ հրաշագործեցին` ստեղծելով նոր կեանքի պայմաններ: ՍԱռաջնորդ Սրբազանը եզրափակելով իր խօսքը հաստատեց, որ մահէն անդին յարուցեալի կեանքի փորձառութիւն ապրած ժողովուրդ մը չի կրնար մահանալ, այլ` իր նուիրումի օրինակով եւ իր հաւատքի ամրութեամբ կը ստեղծէ նոր կեանք, որ երկրի այս սահմանաւոր պայմաններէն անդին կ՛ընդգրկէ նաեւ յաւիտենական կեանքը:

Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորանքներ ընդունեց Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-6:00: