Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն, հինգշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնին առիթով: Պատարագը մատուցեց Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան:

Սրբազան Հայրը իր քարոզին սկզբնաւորութեան ողջունեց թեմի եկեղեցիներէն ներս ծառայող սարկաւագները, նաեւ իրենց ընդմէջէն եկեղեցւոյ սպասաւորութեան լծուող բոլոր անձնաւորութիւնները, որոնք վստահաբար կ՛անդրադառնան, թէ աշխարհին մէջ Քրիստոսի եկեղեցին կը պահուի, կը բարգաւաճի եւ կը պայծառանայ մեր ծառայութեան ընդմէջէն:

Ան դիտել տուաւ, որ կ՛ոգեկոչենք յիշատակը մեր եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագին, առաջին մարտիրոսին` Ս. Ստեփանոս նախավկային, որուն մասին շատ չնչին յիշատակներ կան, որ կը վկայեն, թէ Ստեփանոս Աստուծոյ շնորհքով լեցուած անձ մըն էր եւ եկեղեցւոյ աշխատանքները աշխուժացնելու համար առաքեալներուն կողմէ ղրկուած եօթը սարկաւագներէն մէկն էր, որուն վիճակուեցաւ ծառայութեան նուիրական գործը: Ստեփանոս տարբեր կարողութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն էր եւ ոչ միայն իրեն թելադրուածը կը կատարէր, այլ` աւետարանական քարոզչութեամբ կը զբաղէր, նաեւ հրաշագործութիւններ կ՛ընէր շրջանակներու մէջ: Ան այնքան ազդու էր, որ կրօնաւորներ մտահոգութեամբ կը հետեւէին անոր շարժումներուն եւ ի վերջոյ զայն հրապարակէն հեռացնելու համար տարբեր տեսակի ամբաստանութիւններէ ետք քարկոծելով կը սպաննեն Ստեփանոսը:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը ըսաւ, որ Քրիստոսի խաչելութենէն երկու տարի ետք եկեղեցին կ՛ունենայ իր առաջին նահատակը, առաջին անձը, որ հաւատքի գոյատեւման համար կը զոհուի: Մենք մեր եկեղեցիներէն ներս իր յիշատակը տարին անգամ մը պաշտօնապէս կը նշենք, որպէսզի իբրեւ յաղթական դրօշ իր օրինակը պարզելով ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնենք, թէ աշխարհի մէջ եկեղեցին իր առաքելութիւնը կը շարունակէ շնորհիւ իր հաւատաւոր զաւակներու հաւատքին, անսակարկ նուիրումին: Ան իր գնահատանքը յայտնեց մեր եկեղեցւոյ սպասարկուներուն: Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան այս առիթով հաւատացեալ ժողովուրդին կոչ ուղղեց` գործելու այնպէս, որ Աստուծոյ կողմէն տրուած շնորհները, ձիրքերը եւ կարողութիւնները, որոնք արժէք կը ներկայացնեն, հասկի նման  ճառագայթեն եւ իրենց փայլքը տարածեն մեր կեանքէն ներս:

Առաջնորդը հաստատեց, թէ մեր եկեղեցիները կարիքը ունին մեր զաւակներուն` աւելցնելով, որ հեռուէն դիտելով ոչինչ կը փոխուի մեր կեանքին մէջ, ուրիշին հետեւելով ոչ մէկ տեսակի յառաջդիմութիւն կը ստեղծուի  մեր ընկերութեան մէջ: Պէտք է աշխատանքին մասնակից դառնալ մեր կարողութիւններով, մեր ունեցած ձիրքերով եւ շնորհներով եւ վստահաբար այդ բոլորին վրայ պիտի աւելնայ նաեւ աստուածային շնորհը` հրաշք գործելով մեր իրականութեան մէջ: Ան ըսաւ, որ անկասկած բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, թէ այսօր մեր եկեղեցին պէտք ունի դպիր-դպրուհիներու, սուրբ խորանին սպասարկող սարկաւագներու, դպրապետներու, լուսարարներու, որոնք կրնան մեր եկեղեցւոյ դարպասները բաց պահել եւ իրենց համեստ նուիրական աշխատանքով մեր եկեղեցւոյ զանգակին ղօղանջը հասցնել ամէնուր, որպէսզի օտարութեան պայմաններու մէջ մեր ժողովուրդը հետեւող ըլլայ իր եկեղեցւոյ կոչին ու պատգամին:

Եզրափակելով իր պատգամը` Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց աղօթելու, որպէսզի մեր եկեղեցւոյ նօսրացող սպասաւորներու թիւը իր շնորհով առատանայ, մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան սպասաւորներուն հաւատքի կայծը վերստին ճառագայթէ մեր իրականութեան մէջ  եւ մեզ առաւել եւս մօտեցնէ եկեղեցւոյ կեանքին: