Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

 

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ սարկաւագներուն, ուրբաթ, 25 դեկտեմբերին,  յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ` Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով, որ ուղղակիօրէն սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին միջոցով:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նշելու քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սուրբերէն Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը: Ան բացատրեց, որ համաձայն «Գործք առաքելոց»-ի վկայութեան, երբ Յիսուսի աշակերտները անդրադարձան, թէ իրենց համար անհնար է Աւետարանի քարոզչութեան կողքին հոգալ նաեւ ժողովուրդի տեսակաւոր կարիքներն ու պէտքերը, համատեղ խորհրդակցութեամբ որոշեցին ժողովուրդին մէջէն օգնականներ ընտրել, որպէսզի անոնք անմիջականօրէն զբաղին ժողովուրդի կարիքներով. առ այդ, ընտրուեցան եօթը առաքինի անձնաւորութիւններ, որպէսզի իրենց աշխատանքով աջակցին առաքեալներուն: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ «Գործք առաքելոց»-ի հեղինակը այս եօթը ընտրեալներէն կ՛առանձնացնէ Ս. Ստեփանոսը, որուն համար կ՛ըսէ. «Ս. հոգիով եւ շնորհքներով օժտուած անձնաւորութիւն մըն էր ան, որ եկեղեցւոյ մէջ իրեն յանձնուած որբերու եւ այրիներու հոգատարութեան կողքին, նաեւ Աստուծոյ խօսքին քարոզչութիւնը կը կատարէր եւ մեծամեծ հրաշագործութիւններ կը կատարէր ընկերութեան մէջ եւ իր համբաւը այնքան տարածուեցաւ, որ հրեայ կրօնաւորները եւ օրէնքի ուսուցիչները սկսան նեղանալ իր ներկայութենէն եւ սուտ ամբաստանութիւններով զինք ատեան տանելով` ամբաստանեցին եւ Երուսաղէմի պարիսպներէն դուրս հանելով` դաժանօրէն քարկոծեցին ու սպաննեցին»:

«Եկեղեցւոյ համար նահատակուած առաջին անձնաւորութիւնն էր ան, եւ իր օրինակը կը յիշատակենք, որպէսզի մեր կեանքին մէջ այդ օրինակը տեղադրելով անդրադառնանք, որ Քրիստոսի եկեղեցին մեր հաւատքով, մեր աշխատանքով, մեր վկայութեամբ, մեր ծառայութեամբ հաստատուն պիտի մնայ աշխարհին մէջ», հաստատեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ այդ ճշմարտութիւնները այսօր մենք վեր կ՛առնենք մեր գիտակցութեան մէջ, որպէսզի մեզի վստահուած պարտականութիւններուն եւ առաքելութեան համար զօրութիւն գտնենք, յարատեւենք, նաեւ ծառայական կոչումի առաջնորդենք ուրիշները, որոնց կարիքը ունի մեր եկեղեցին յարատեւելու եւ իր աշխատանքը կատարելու համար մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

Առաջնորդը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները, որոնք ամբողջ տարին լռելեայն հաւատքով իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն եկեղեցւոյ` հաւատալով, որ Աստուած պակասը ինք իր օրհնութեամբ կ՛ամբողջացնէ, նաեւ` հաւատալով, որ իրենց օրինակին հետեւելով` սերունդէ սերունդ յաջորդներ պիտի ունենան, որոնք ս. խորանին եւ ժողովուրդի ծառայութեան իրենց համեստ լուման պիտի զետեղեն մեր եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ, որպէսզի այս եկեղեցւոյ լուսաւորչեան կանթեղը միշտ իր լուսոյ ճառագայթները տարածէ մեր ժողովուրդին վրայ այնտեղ, ուր հայու բեկորներ կան: Այս առիթով Սրբազանը մաղթեց, որ Ս. Ստեփանոսի օրինակով, մեզի յանձնուած աշխատանքներուն եւ պարտականութիւններուն զուգահեռ, նաեւ կենդանի վկայութեամբ աշխարհէն ներս տարածենք Քրիստոսի Աւետարանը մերօրեայ կեանքի պայմաններուն մէջ: «Բոլորս ալ գիտենք, որ կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր պէտք է մեր արժէքները ուժգնօրէն պաշտպանենք, որպէսզի աշխարհէն եկող տեսակաւոր հոսանքներ չխորտակեն քրիստոնէական այն բոլոր արժէքները, որոնք բարոյականութիւն եւ հոգեւոր ամրութիւն կ՛ընծայեն մեր հաւաքականութեան», շեշտեց Սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը` շնորհաւորեց եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները ամէնուրեք, մաղթելով, որ Աստուած իր շնորհքն ու զօրութիւնը առատացնէ իրենց կեանքէն ներս, որպէսզի իրենց ծառայութեան ճամբով առաւել եւս ազդու դարձնեն Քրիստոսի եկեղեցւոյ ծառայութիւնը, որուն կարիքը ունի ժողովուրդը ամէն տեղ: