
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 13 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն:
Սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս Յովսէփ եւ Մարիամ քառասնօրեայ մանուկը բերին տաճար` Աստուծոյ ընծայելու, եւ թէ ինչպէ՛ս հոն կը գտնուէր Սիմէոն անունով ծերունի կրօնաւոր մը, որ Սուրբ Հոգիէն խոստում ստացած էր չմեռնիլ, մինչեւ իր աչքերով չտեսնէ մարդկութեան Փրկիչը, եւ տաճար այցելող բազմաթիւ ուխտաւորներու մէջէն միայն ինք նշմարեց Յիսուս մանուկը եւ ընդառաջ երթալով` գրկեց զայն, փառք տուաւ Աստուծոյ եւ աղօթեց, որ խաղաղութեամբ հեռանայ աշխարհէն, որովհետեւ իր աչքերով տեսաւ եւ գրկեց Փրկիչը:
Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ Տեառնընդառաջը մեր Տիրոջ տաճար ընծայման յիշատակով հաստատուած տօնախմբութեան առիթ մըն է մեր եկեղեցական կեանքէն ներս, որպէսզի մենք ալ Մեծ պահքի նախօրեակին դէպի աշխարհ դառնալու եւ իր դէպի աշխարհ ղրկած լոյսը տեսնելու առիթը ստեղծենք մեր առօրեայէն ներս:
Շարունակելով իր խօսքը` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ մեզ կանխող սերունդները նոյնիսկ նախաքրիստոնէական շրջանէն սկսեալ իրենց կեանքէն ներս լոյս փնտռած են մասնաւորապէս տագնապալի այն պահերուն, երբ խաւարը պատած էր աշխարհը, աւելցնելով սակայն, որ Տիրոջ ընդառաջ երթալու անհրաժեշտութիւնն է, որ այս առիթով մեր Եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ: Այս առիթը կը տրուի Մեծ պահոց նախօրեակին, որովհետեւ Մեծ պահքը աղօթքի, հոգեւոր խորհրդածութեան, ժուժկալութեան հրաւիրող թելադրութիւններ կը կատարէ մեզի, եւ այդ բոլորը արժէք ունին, եթէ իսկապէս մենք հոգեւոր մեր կեանքին համար լոյս փնտռելու եւ լոյս գտնելու հոգեւոր տենչով կ՛ուղեւորուինք, այլապէս անիմաստ է պահեցողութիւնը:
Սրբազանը ըսաւ, որ Տեառնընդառաջի առիթը մեզի կը յիշեցնէ, որ մարդ արարած Աստուծոյ զաւակն էր, բայց երկրաւոր կեանքի մեր պայմաններուն մէջ մարդը կորսնցուց իր որդիութեան շնորհքը եւ դարձաւ մահկանացու, սակայն Աստուած գթալով մարդուն, իբրեւ լոյս` աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին, որպէսզի մարդու ճամբան լուսաւորելով` զայն կրկին Աստուծոյ շնորհքին դարձնէ:
Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազանը կոչ ուղղեց` Սիմէոն ծերունիին հաւատքի օրինակով խրախուսուելու եւ Աստուծմէ լոյս աղերսելու, որպէսզի մեր կեանքի ծանր պայմանները լուսաւորուին:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը:


