Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2024-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն:
Արդարեւ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի ձեռամբ, թեմի տարբեր եկեղեցիներուն մէջ ծառայող 13 կիսասարկաւագներ ստացան սարկաւագական ձեռնադրութիւն:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ բոլորս միասնաբար մասնակից դարձանք սարկաւագական ձեռնադրութեան եզակի արարողութեան մը, որուն միտք բանին մեր ընծայեալներուն կը թելադրէր, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը իր ունեցած շնորհքները եկեղեցւոյ սպասաւորութեան ճամբով փորձէ ուրիշներուն մատակարարել, այսինքն իր ունեցած կարողութիւններն ու շնորհքները ի գործ դնէ Աստուծոյ համար եւ պայծառութիւն բերէ մեր եկեղեցւոյ ու համայնական կեանքին:
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այսօր մինչ արեւմտեան աշխարհը Ս. Ծննդեան տօնը կը նշէ, մենք մեր եկեղեցիներէն ներս կը յիշատակենք եկեղեցւոյ առաջին նահատակ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի յիշատակը, աւելցնելով, որ շատ տեղեկութիւններ չկան անոր մասին, սակայն «Գործք առաքելոց» գիրքին մէջ կ՛ըսուի, որ երբ առաքեալները շատ ծանրաբեռնուեցան իրենց վիճակուած աշխատանքով, ստիպուեցան ժողովուրդին մէջէն օգնականներ ընտրել եւ անոնց վրայ իրենց ձեռքը դնելով` աղօթել, որպէսզի անոնք ալ Աստուծմով զօրացած` եկեղեցւոյ սպասաւորութեան նուիրական աշխատանքին ընծայեն իրենց կեանքը: Սրբազանը հաստատեց, որ այնքան ալ դիւրին եւ հաճելի գործի մը չհրաւիրուեցան առաքեալներուն ընտրած օգնականները, այլ անոնք կանչուեցան, որպէսզի սպասաւորի նման եկեղեցւոյ պէտքերը հոգան եւ իրենց տարած համեստ աշխատանքին ընդմէջէն պատիւ բերեն իրենց շրջապատին, պատուեն իրենց անձերը, նաեւ պատիւ ընծայեն առաքեալներուն, որոնց վիճակուած էր Աւետարանի քարոզչութեան նուիրական գործը: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ «Գործք առաքելոց» գիրքը Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի մասին կը յիշատակէ, որ ան Ս. Հոգիով լեցուած անձնաւորութիւն մըն էր եւ մեծամեծ հրաշքներ ու գործեր կ՛իրականացնէր, որուն պատճառով հրեայ կրօնաւորները խռովեցան, սուտ վկայութիւններով զինք դատապարտեցին եւ քաղաքի պարիսպներէն դուրս հանելով` քարկոծելով սպաննեցին: Սրբազանը ըսաւ, որ այս բոլորը մենք այսօր կը յիշատակենք 21-րդ դարու պայմաններու մէջ եւ վստահաբար կը գիտակցինք, թէ սուրբերուն տօները մեր եկեղեցւոյ կողմէ կը նշուին, որպէսզի անոնց յիշատակով մենք կարենանք նոր պայծառութիւն բերել մեր գիտակցութեան, նոր երազ` մեր կեանքին եւ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած շնորհներն ու ձիրքերը տանիլ նոր վերելքի, որպէսզի տագնապալի կեանքի պայմաններուն մէջ մեր շրջապատը խրախուսուի եւ անդրադառնայ, որ կեանքի այս վիճակներէն դուրս նաեւ կայ Աստուծոյ փառքը, որուն համար ստեղծուած ենք, եւ որուն հասնելու նուիրական ուխտով պէտք է ապրինք եւ մեր շրջապատը պէտք է դէպի Աստուած տանինք մեզի հետ: «Այս հասկացողութեամբ կը կատարենք այսօր այս ձեռնադրութեան արժողութիւնը, որպէսզի մեր ժողովուրդը զգայ, թէ տակաւին մեր ընկերութեան մէջ հաւատքը կ՛ապրի, տակաւին մեր ընկերութեան Աստուծոյ ձայնը կը հասնի, տակաւին մեր շրջապատէն ներս կան երիտասարդ նուիրեալներ, որոնք Աստուծոյ կանչը լսելով` կ՛ընդառաջեն, որպէսզի իրենց ունեցած շնորհներն ու կարողութիւնները եկեղեցւոյ սպասաւորութեան ճամբով մեր ժողովուրդին ընծայեն, որպէսզի մեր կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող կարիքները դարմանուին, ցաւերը հեռանան, վէրքերը սպիանան, եւ մենք նոր եռանդ գտնելով` մեր հայրերուն հաւատքով մեր կեանքը շարունակենք հասնելու համար Տիրոջ անմահական փառքին», շեշտեց Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան եւ շնորհաւորեց ընծայեալները` մաղթելով, որ իրողապէս Աստուծոյ շնորհով լիանան եւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ունեցած իրենց ծառայութիւնը շարունակեն նոր գիտակցութեամբ, նոր հեղինակութեամբ, նոր կեանք ստեղծելու համար մեր իրականութեան մէջ: Առաջնորդը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն քայլերը եկեղեցի կ՛առաջնորդեն, որպէսզի Աստուծմով իրենց զաւակներուն ունեցած շնորհները ծաղկին, պտղաբերին եւ առատանան: Ան խօսքը ուղղելով ժողովուրդին` յիշեցուց, որ առանց ճիգի` ոչինչ կ՛իրականանայ մեր իրականութեան մէջ, աւելցնելով, որ մենք միայն երկինքէն չենք յուսար, այլ այդպիսով մեր շրջապատը կը հարստացնենք, եւ վստահաբար Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհներ եւ կարողութիւններ տուած է, որոնք պէտք է ծառայեն կեանքի նպատակին:
Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց հաւաքաբար, միասնական ուժով կանգուն մնալ, կանգուն պահել մեր կեանքը, մասնաւորաբար` հայադրոշմ ընտանիքներ պահելով ու պահպանելով: Պէտք է զգաստանանք եւ թափ տանք մեր արժէքներուն, պէտք է արթնցնենք մեր գիտակցութիւնը, որպէսզի հաւաքաբար նոր կեանք ստեղծենք գալիքին համար, ուր իսկապէս ամէն մարդ Աստուծմէ ստացած իր կարողութիւններն ու շնորհները կը ջանայ օգտագործել մարդկային ընկերութեան մէջ: