Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, երկուշաբթի, 6 յունուար 2025-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկայ հաւատացեալները Ս. Նշան մայր եկեղեցիէն ներս, ուր ան ներկայ հաւատացեալներուն ըսաւ, որ հաւաքուած ենք անսալով եկեղեցւոյ կոչնակի ղօղանջներուն, որոնք մեզ կը հրաւիրեն Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մեր հայրերու հաւատքով համախմբուելու մեր եկեղեցիներէն ներս, որպէսզի մեր ապրած երկրաւոր տեսակաւոր հարցերուն եւ տագնապներուն դիմաց կարողանանք յոյս եւ շնորհք ստանալ երկինքէն երկիր հոսող Աստուծոյ ճառագայթէն:
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այս առիթը Տիրոջ կողմէ հաստատուած է, որպէսզի մենք ցնծանք եւ ուրախութիւն ապրինք, բայց ոչ թէ` աշխարհին հասկցած ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը, այլ` հոգեւոր բերկրանք, որ կարելի է ստանալ միայն հաւատքով` այն եզակի շնորհով, որ Աստուած մարդուն տուաւ եւ միայն մարդուն փոխանցեց, որպէսզի այդ կարողութեամբ ան կարողանայ յարաբերիլ իր արարիչին հետ: «Այսօր մեր եկեղեցւոյ մէջ, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հաւատքով մօտենանք սուրբ սեղանին, հաւատքով դիմաւորենք աշխարհ եկող սուրբ փրկիչը, որպէսզի աստուածային պատգամը` իբրեւ ճշմարտութիւն եւ շնորհ, իր անդրադարձը ունենայ մեր կեանքէն ներս, նաեւ մեզ տանի աւելի փառաւոր եւ շքեղ կեանքի վիճակներու», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ այսօր Աստուածաշունչը մեզի կը յուշէ, որ տիեզերքի մէջ ամէնէն շքեղ գեղեցկութիւնը մարդկային հոգին է, նաեւ Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ, որ ստեղծագործութեան մէջ ամէնէն փառաւորը մարդն է, որ հակառակ իր բոլոր տեսակի անկումներուն եւ արձանագրած շեղումներուն` կը մնայ Աստուծոյ զաւակը:
Սրբազանը ըսաւ, որ Աստուածաշունչը մեզի կ՛աւանդէ այս ճշմարտութիւնը եւ մեզ կը հրաւիրէ, որ այս բոլորը հաւատքով ընկալենք, դիտել տալով, որ մարդկային մտքով պիտի չկարենանք ըմբռնել Աստուծոյ խորհուրդները, սակայն հաւատքով վստահաբար պիտի մօտենանք մեզի եկող մեր Աստուծոյն եւ զինք պիտի զգանք ու շօշափենք մեր կեանքի իրական վիճակներուն մէջ: Առաջնորդը ըսաւ, որ հաւատք կարենալ ունենալու համար պէտք է հոգեպէս տագնապինք, աղօթքի պահեր ապրինք, մեր ուշքը դէպի երկինք ուղղենք` անջատուելով աշխարհի երեւոյթներէն, որպէսզի կարենանք զգալ, թէ Աստուած ոչ միայն ներկայ է մեր կեանքէն ներս, ոչ միայն մեզմէ անջատ չէ, այլ մեզի հետ է` մեզի հետ կիսելով մեր ապրած առօրեան, մեզի հետ դիմագրաւելով մեր ունեցած հարցերն ու խնդիրները, մեր ապրած տագնապներն ու ցաւերը, որպէսզի մեզ վերադարձնէ իր աստուածային շնորհքներուն:
«Եթէ այսօր կատարեալ հաւատքով եւ վստահութեամբ աշխարհ եկող մեր Փրկիչը ողջունենք, նաեւ ստանանք մեր հոգիներուն մէջ Իրմէ երկիր եկող շնորհն ու յոյսը, որպէսզի անոնցմով նաեւ կերպարանափոխենք մեր ապրած միջավայրը, որ այնքան հեռացած է Աստուծոյ շնորհքէն եւ այնքան կարիքը ունի աստուածային սփոփարար ներկայութեան», եզրափակեց Սրբազանը` յորդորելով ներկաները, որ աղօթեն, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը շարունակաբար մեզ առաջնորդէ մեր կեանքէն ներս, մեզմէ հեռու պահէ փոթորիկները, տագնապներն ու աշխարհի անցաւոր խնդիրները եւ մեզ առաջնորդէ կենարար կեանքի, նաեւ իր սուրբ ծնունդով վերանորոգէ մեր հաւատքն ու եռանդը, որպէսզի մենք մեր աշխատանքով, մեր մասնակցութեամբ, մեր ներդրումով ու մեր մղումով մեր կեանքին պարգեւենք Իրմէ ստացած մեր լոյսն ու շնորհքը եւ ուրիշներն ալ մեր օրինակին առաջնորդելով` զանոնք մօտեցնենք Աստուծոյ օրհնութեան:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:
Ս. Ծննդեան պատարագէն անմիջապէս ետք առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:30-9:00 Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Սրբազան Հօր եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն, տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան պաշտօնական ընդունելութիւն: Շնորհաւորութիւններ յայտնեցին` Պէյրութի կաթողիկէ պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ատենապետ Վանիկ Տաքեսեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչները, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, առաջին կարգի պաշտօնեաներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, թաղապետներ, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրաց դասերու անդամներ, ինչպէս նաեւ` ազգայիններ:
Հաւաքի սկզբնաւորութեան, նախագահութեամբ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն: Այնուհետեւ խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան: Ան իր եւ Ազգային վարչութեան անունով շնորհաւորեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով` մաղթելով, որ 2025 տարին լուսաւոր օրեր բերէ մեր ազգին, անոր զաւակներուն տայ ուժ եւ կորով, որպէսզի փոխհասկացողութեան ոգիով կարենանք դիմագրաւել հայութեան դիմաց ծառացած բազմապիսի դժուարութիւնները: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ըստ աւանդութեան, տօնական այս օրերուն հաւաքուած ենք սրբազան հօր հովանիին ներքեւ` շնորհաւորելու զինք եւ զիրար: Արսլանեան մաղթեց, որ բոլորը մնան Ազգային առաջնորդարանի կողքին եւ զայն պահեն մեր գաղութի լուսաւոր մէկ կեդրոնը:
Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ բոլորիս համար նուիրական նշանակութիւն ունի միասին ըլլալու իրողութիւնը եւ այդ հասկացողութեամբ հաւաքուած ենք Ազգային առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, որ` մասնաւորաբար Ս. Ծննդեան տօնին առիթով միասին ըլլանք` իբրեւ միեւնոյն ընտանիքի անդամներ, որպէսզի իրարմով զօրացած` քիչ մը փարատենք մեր մտքերուն մէջ կուտակուած նեղութիւնները, դժուարութիւնները, անստուգութեան վիճակը եւ լաւատեսութեամբ նայինք վաղուան: Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ մեծաթիւ աջակիցներ չունինք, հետեւաբար պարտաւոր ենք իրարու աջակցելով, զիրար զօրացնելով միասին քալելով` յարատեւել եւ այդ ձեւով պահպանել մեր եկեղեցական, համայնքային, կազմակերպ վիճակները եւ կեանքը, նաեւ` պաշտպանելու համար այն բոլոր արժէքները որոնք նախորդ սերունդներուն կողմէ մեզի տրուեցան:
Ան ըսաւ, թէ պէտք է արդարօրէն խոստովանինք, որ քաղքենի պայմաններու մէջ այդ սովորութիւններէն ոմանք սկսած են նօսրանալ մեր յիշողութեան մէջ, հետեւաբար յատուկ ճիգով այդ սովորութիւնները պէտք է վերաթարմացնելու աշխատանք տանինք, որպէսզի անոնցմով յարատեւենք, պահպանենք մեր ազգային հոգեւոր նկարագիրն ու աւանդը: Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ դժուար կացութիւններու մէջէն անցանք եւ բոլորս ալ այդ դժուարութիւնները ապրեցանք եւ մինչեւ երկու ամիս առաջ վստահ չէինք, որ Ս. Ծննդեան առիթով միատեղ հաւաքուելու առիթ պիտի ունենանք, հետեւաբար այսօր ամէն պատճառ ունինք Աստուծոյ փառք տալու, որ այս գեղեցիկ առիթը կ՛ընծայէ մեզի լիբանանեան այս խառնակ պայմաններու մէջ: Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ իսկապէս ամբողջական խաղաղութեան հասնի այս երկիրը եւ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ վերածաղկինք` մենք մեր աշխատանքով, մեր եռանդով, մեր ներշնչումներով եւ մեր սպասումներով:
Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ շէնցուցին ազգին առաջնորդարանը, հաստատելով, որ իրենցմով պայմանաւորուած է մեր աշխատանքը, իրենցմով կանգուն ենք եւ իրենցմով կը յարատեւենք: