Սիրելի՛ հայորդիներ,
Կը յորդորենք ձեզ, որ 31 դեկտեմբեր 2018-ի կէս գիշերին, երբ 1 յունուար 2019-ով սկսող Նոր տարին պիտի դիմաւորէք, ձեր խրախճանքին կարճ դադար մը տաք եւ հաւաքաբար այս աղօթքով Աստուծոյ գոհութիւն յայտնէք անցեալ տարուան համար ու նոր ակնկալիքներով բացուիք գալիք տարուան.
Օրհնեալ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս: Ամէն: Հայր մեր, որ յերկինս ես, սո՜ւրբ եղիցի անուն քո: Եկեսցէ արքայութիւն քո. եղիցին կամք քո որպէս յերկինս` եւ յերկրի: Զհաց մեր հանապազորդ տո՛ւր մեզ այսօր, եւ թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց: Եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա՛ զմեզ ի չարէն: Զի քո՛ է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
Հօրը իմաստութիւնը` Յիսուս, իմաստութիւն տուր ինծի, որ բարի բաներ խորհիմ, խօսիմ եւ գործեմ քու առջեւդ` ամէն ժամ. չար մտածումներէ, խօսքերէ եւ գործերէ փրկէ զիս, եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի` բազմամեղիս: Ամէն:
Շնորհաւոր Ամանոր բոլորիդ:
Աղօթարար`
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ