Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 12 յունուար 2020-ին նշուեցաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

Իր քարոզին մէջ հայր սուրբը ըսաւ, որ երբ մտածենք մեր հաւատքի զօրացման մասին, հարց կու տանք, թէ ո՞ւր են մեր հաւատքն ու զօրութիւնը, որքանո՞վ կրնանք պայքարիլ կեանքի մեղքերուն դէմ, որքա՞ն կրնանք գոյատեւել եւ ինչպէ՞ս կրնանք տոկալ, աւելցնելով, որ այս միտքերը կ՛առաջնորդեն մեզ մտածելու, որ մենք առանձին ենք եւ լքուած կը զգանք: Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան շեշտեց, որ երբ մեր կեանքին մէջ Յիսուսի ներկայութիւնը եւ Աստուծոյ զօրութիւնը ընդունինք` որպէս մեր կեանքի ճանապարհը, այն ատեն մենք պէտք չէ վախնանք չարէն: Շարունակելով իր խօսքը` հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ երբեմն մենք տարուելով առօրեայ կեանքի մտածումներով եւ փորձութիւններով կը հեռանանք Աստուծոյ խօսքերէն, աստուածաշնչային իրականութիւններէն, որովհետեւ այսօր մարդը աւելի նիւթականին կը վստահի, քան` հոգեղէնին եւ աստուածայինին: «Աստուածաշունչը գրուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար` որպէս կեանքի քարտէս, եւ այդ քարտէսով երբ առաջնորդուինք եւ մեր յոյսն ու հաւատքը դնենք Տիրոջ վրայ, այն ատեն պիտի զգանք անոր քաղցրութիւնը եւ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ` որպէս մարդ արարած, հաւատացեալ եւ Աստուծոյ զաւակ»,  հաստատեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

Հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ ներկայիս դժբախտաբար մենք աւելի կը մտածենք ուրիշներու կեանքին մասին, կը զբաղինք ուրիշներու կեանքով եւ գործերով, աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է նայիլ մեր նմանին, հասկնալ մեր նմանը, ոչ թէ ուրիշի ձախողութեամբ բարձրանանք, ուրիշի դժուարութեամբ ուրախանանք, ուրիշի աղքատութեամբ հարստանանք, որովհետեւ որպէս Աստուծոյ զաւակ` իւրաքանչիւր անձ հաշիւ պիտի տայ իր գործին, խօսքին եւ միտքին: Եզրափակելով իր խօսքը` Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան շեշտեց, որ քաղաքական-տնտեսական ներկայ դժուարութիւններուն դիմաց մեզմէ ոչ ոք ընկրկեցաւ, որովհետեւ մեր պատասխանատուները` կրօնական, ազգային թէ քաղաքական, առաւել եւս իրենց կապուածութիւնը ցոյց տուին իրենց ժողովուրդին նկատմամբ: Մեր մարմինները մեր թեմին մէջ փաստ են, որ մենք որպէս ժողովուրդ մինակ չենք, միասին կը պայքարինք եւ միասին պիտի յաղթենք: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» ակումբի «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, Ռոզեթ Կարպուշեան շնորհաւորեց ներկաները Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ` մաղթելով, որ 2020 տարին ըլլայ բարեբեր եւ տագնապներու լուծման տարի: Կարպուշեան նկատել տուաւ, որ հաւաքուած ենք նշելու 83 տարիներ շարունակ հաւատք, յոյս եւ սէր ճառագայթող Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը աւելցնելով, որ ներկայիս Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապը մեզ աւելի եւս կը մղէ միասնականութեան` կառչած մնալով մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի կարիքներուն: Այս առիթով Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան գնահատանք յայտնեց Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, որ իբրեւ մէկ ընտանիք` իր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ ի շահ եկեղեցւոյ եւ ազգին:

Սիրոյ սեղանի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը մեկնաբանեց շարականներու փունջ մը: