Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Խաչվերացի Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Աւանդական Մատաղի Օրհնութիւն

Խաչվերացի տօնին առիթով կիրակի, 12 սեպտեմբեր 2021-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Խաչերացը պատմական առիթ է` աւելցնելով, որ տարուան ընթացքին քանի մը առիթներով կը ներկայացուի Քրիստոսի խաչը: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց 614-620 թուականներուն պատահած դէպքերուն, թէ ինչպէ՞ս Քրիստոսի խաչափայտը կը գտնուի եւ կը տարուի Կոստանդնուպոլիս:

«Այս յիշատակը դարեր շարունակ քրիստոնէական եկեղեցւոյ համար ոգեւորութեան խանդավառութեան առիթ հանդիսացած է», հաստատեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ Խաչվերացի տօնին առիթով մեր հայեացքը փորձենք ուղղել դէպի Աստուած, որպէսզի անդրադառնանք, թէ իր օրինակին ընդմէջէն մեզի փոխանցեց խաչին զօրութիւնը, եւ մենք երկրաւոր պայմաններուն մէջ կրնանք դիմագրաւել բոլոր այն դժուարութիւնները, որոնք այլապէս կրնային մեզ քայքայել:

«Խաչի զօրութեամբ, այլ խօսքով` Աստուծոյ ապաւինելով, մենք պէտք է շարունակենք մեր կեանքը ապրիլ` քաջ գիտնալով, որ այդ ձեւով պիտի հասնինք յաւիտենականութեան», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ Խաչվերացի տօնին առիթով նաեւ մենք կը հրաւիրուինք մեր հայեացքը ուղղելու դէպի մեր ազգի պատմութիւնը, որ մարտիրոսութեամբ եւ խաչելութեամբ լեցուն է, սակայն հայութիւնը ինքզինք վերահաստատած է միշտ եւ խաչի զօրութեամբ շարունակած է կեանքը յաղթականօրէն:

«Խաչվերացի տօնին առիթով հաւատքի աչքերով նայինք մեր անցեալի պատմութեան, որպէսզի կարենանք յարատեւել գալիք ժամանակներուն եւ շարունակել մեր նախնեաց հաւատքի կամքը: Նայինք նաեւ Մուսա լերան հերոսական դրուագին` անոնց, որոնք յանուն ազատութեան ինկան` նոր կեանք պարգեւելու Մուսա լերան զաւակներուն, որպէսզի անոնք խրոխտ քայլերով դիմագրաւեն գալիքը», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Ս. պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծեց երեք սրբանկարներ, որոնք ստեղծագործուած էին եւ նուիրուած Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ` այնճարցի արուեստագէտ Նանոր Հաճեանի կողմէ:

Ապա հոգեւոր դասին առաջնորդութեամբ ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: