Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Երկրորդականի Ամավերջի Հանդէս 2020-2021

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ  Շահէ Արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 9 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի 12-րդ կարգի ամավերջի հանդէսը, որ առցանց սփռուեցաւ վարժարանի Դիմատետրի էջով:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանը` հաստատելով, որ այս տարեշրջանի նաւը ճեղքելով երկրի ընկերատնտեսական ալեկոծութիւններն ու համաշխարհային ժահրի ամայութիւնները, հայրենական կորուստներու մեծ վիշտին ի՛սկ ծանրութեամբ, կրցած է հասնիլ իր ապահով ափը: Ան նշեց, որ տարեշրջանի ընթացքին գրեթէ ամէն ինչ ամայացաւ, նոյնի՛սկ` դպրոցական կառոյցները, սակայն կրթութիւնը`  սերունդի հոգեմտաւոր սնունդի մատակարարման ուղին, չամայացա՛ւ: Թէեւ` տարբեր ձեւաչափերու տակ, այս ուղին իր եռուզեռը պահեց հաւաքական կամքի եւ տարբեր զոհողութիւններու շնորհիւ:

Ապա ելոյթ ունեցաւ 12-րդ կարգի պարախումբը «Ուզունտարա» պարով: Այնուհետեւ տնօրէնը ներկայացուց պատուոյ ցանկի ու մրցանակակիր աշակերտներուն անունները եւ բարձր գնահատեց անոնց  տարած աշխատանքը: Հանդէսը շարունակուեցաւ 5-6-րդ պարախումբի «Իլիկներու» պարով:

Յանուն շրջանաւարտներուն` ուղերձ կարդացին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով ԺԲ. դասարանի աշակերտներ Ալիսա Չափարեանը, Սիւզան Սապունճեանը եւ Լալէ Զէյթլեանը: Երեքն ալ իրենց ուղերձներուն մէջ շեշտեցին հայ դպրոցին անփոխարինելի առաքելութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով վարժարանի տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ իրենց ծնողներուն` անոնց նուիրումին ու զոհողութեան համար: Իրենց ուղերձներով անոնք համոզում յայտնեցին` դառնալու հզօր կամքը դիմադրութեան այն փորձառութեանց դէմ, որոնք կը փորձեն տարտղնել մեր հաւաքական կեանքն ու երազանքները, հաւաստիացնելով մարմնաւորելու հայ ժողովուրդի վերականգնումի յոյսը:

Ուղերձներէն ետք Թ.-ԺԱ. կարգերու պարախումբը ելոյթ ունեցաւ ռազմապարով:

Վկայականներու բաշխումէն առաջ, տնօրէն Արմէն Թաշճեանը իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, յորդորեց զանոնք, որ կեանքի իրենց յաջորդ փուլերուն եւս շարունակեն շարք կազմել ազնիւ աշխատանքի եւ նպատակի շուրջ` երբեք չմոռնալով ազգային քայլերգներն ու հայ եկեղեցւոյ աղօթքները: «Դուք պատուիրակուած էք այս հնոցէն արմատաւորելու անխարդախ պատկանելիութիւն հո՛ն, ուր քամիները կը փորձեն զգետնել մեր ծառը», յայտնեց ան` հաստատելով, որ պատկանելիութիւնը զէնք ու զրահ ըլլալով` նաե՛ւ ժառանգուած հարստութիւն է, եւ պէտք չէ բեռնաթափել զայն` պատրուակելով անոր ծանրութիւնը:

Տնօրէն Արմէն Թաշճեանի խօսքէն ետք Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ եւ մասնակցութեամբ գիւղի քաղաքապետին, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչին եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետին, կատարուեցաւ շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխումը: Ապա Առաջնորդը իր շնորհաւորութիւնը յայտնեց դպրոցի բոլոր պատասխանատուներուն, կրթական մարմիններուն, որոնք յաջողեցան հայ դպրոցը, հակառակ համաճարակի սահմանափակումներուն, հասանելի դարձնել  հայ աշակերտին, որպէսզի տուեալ պայմաններուն մէջ հայ վարժարանը կարողանայ շարունակել իր առաքելութիւնը` գիտութիւն, ոգի եւ ազգային շունչ փոխանցելով  հայ աշակերտին: Ան շեշտեց, որ մենք պարտաւոր ենք գալիքը ծրագրել, որպէսզի հայ դպրոցով ըլլանք հզօր եւ անոր արդիւնքով նուաճենք նաեւ նոր բարձունքներ ու կեանքի աւելի բարենպաստ պայմաններ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նաեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը վստահեցան հայ դպրոցի վսեմ աշխատանքին: Ապա իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ, որ` «Պէտք է օր մը վերադառնաք եւ ձեր ամբարած գիտութեամբ եւ փորձառութեամբ յայտնուիք հայ դպրոցին կողքին, որպէսզի ձեր վաստակով զայն նորոգէք եւ փառաւոր դարձնէք գալիք սերունդներուն պաշտպանութեան ի խնդիր»: «Հայ դպրոցը հայ աշակերտը կը սեւեռէ դէպի հայութիւն եւ Հայաստան», նշեց ան` ընդգծելով, որ առանց հայութեան եւ Հայաստանի, մենք կը դառնանք աշխարհաքաղաքացիներ` կորսնցնելով մեր էութիւնն ու հարազատ դիմագիծը:

Վկայական ստացան` կենսաբանութեան ճիւղէն, Լալէ Զէյթլեան, Մեղրի Գարաքէշիշեան, Նայիրա Աշըգեան, Ալիսա Չափարեան:

Ընդհանուր գիտութեան ճիւղէն` Քրիստ Գէորգեան, Թովմաս Հապէշեան, Հայկազ Գէօհիւլեան, ընկերատնտեսագիտական ճիւղէն` Մարիան Գալինճեան, Ռուպիկ Պետրոսեան, Սիւզան Սապունճեան, Վանայ Անտոնեան, Ճորճ Արուշեան, Թալին Վարդանեան: