Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 4 յունիս 2022-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 23 օգոստոս 1993-ին Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ նահատակուած ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան բացատրեց, որ շարադրութիւն գրել կը նշանակէ արտայայտուիլ մայրենի լեզուով, այն լեզուով, որ մերն է, մեր մտածումները, գաղափարները, երազները, մտահոգութիւններն ու ամէն տեսակի միտքերն ու զգացումները ամենայն պարզութեամբ, բայց յստակ նախադասութիւններով թուղթին յանձնել, որպէսզի կարենանք մեր ներաշխարհին մէջ եղածը նաեւ բաժնեկից դարձնել ուրիշին: Ան ըսաւ, որ շարադրութեան ճամբով աշակերտները ոչ միայն իրենց մէջ եղածը պիտի արտայայտեն, այլ իրենց կողքին նստող դասընկերոջ եւս առիթ պիտի տան գիտնալու, թէ ի՛նչ կը մտածեն եւ կը զգան: «Գրականութեան հիմքը շարադրութիւնն է, այդ պատճառով ալ շատ կարեւոր կը նկատուին դպրոցական տարիներուն կատարած ձեր այս գրական փորձերը, որոնք կրնան զարգանալ ապագային, եւ դուք կրնաք աւելի խորանալ այս բնագաւառին մէջ եւ դառնալ գրագէտներ», ըսաւ Նարէ Գալեմքէրեան: Ապա ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական գիծերը` նկատել տալով, որ հայրենիքին համար իր անձը զոհած, հայութեան համար իր անձնականը մոռցած եւ կեանքը զոհաբերած Մհեր Ջուլհաճեան, իր կեանքով ու նահատակութեամբ պատգամ կը յղէ մեզի շարունակելու Հայ դատի պայքարը, նուիրական ծառայութիւն մատուցելու ազգին ու հայրենիքին, որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները, սիրելի մայրենի լեզուն, մշակոյթը, հայկական արժէքները, որովհետեւ մենք մեր ինքնութիւնն ենք, ուստի մեր արմատներուն կառչելով է, որ կրնանք աճիլ, զօրանալ եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրել:
Յայտնենք, որ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական այս տարուան մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 12 լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններէ 46 աշակերտ-աշակերտուհիներ. Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Ազգ. Ե. Մանուկեան վարժարան, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգ. Միացեալ վարժարան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք։
Մրցանքին տեւողութիւնը երկու ժամ էր: Իւրաքանչիւր բաժինի համար` միջնակարգ եւ երկրորդական, սահմանուած էր երկու նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի ընտրէր մէկը:
Մրցանքին արդիւնքները յառաջիկային պիտի յայտարարուին մամուլով եւ մրցանակակիր աշակերտները պիտի ստանան Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ տրամադրուած նիւթական պարգեւներ: