Նշանախօսութեան արտօնագիր ստանալու համար ազգայինէն կը խնդրուի դիմել ծխատէր քահանայ հօր՝ գրաւոր ժամադրութիւն ապահովելու նպատակով, եւ ապա ներկայանալ Ազգային Առաջնորդարան հետեւեալ փաստաթուղթերով․
- Նշանուող զոյգին անձնաթուղթերը կամ համապատասխան փաստաթուղթեր, այսինքն՝ անցագիր կամ անհատական «Իխրաժ քայտ»։
- Պսակի խաչեղբօր անհատական «Իխրաժ քայտ»-ին կամ որեւէ այլ փաստաթուղթ, ուր յստակ ըլլայ ենթակային Հայ Առաքելական ըլլալը։
Ազգային Առաջնորդարանի սկզբունքին համաձայն, նշանախօսութիւն կարելի է կատարել եկեղեցւոյ մէջ կամ տուներէն ներս։ Ճաշարաններու եւ այլ սրահներու մէջ կատարելը ընդունելի չէ։