ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԻՕՐԵԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ

Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2021-ին, տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան առթիւ, տարեց մայրերու յատուկ միօրեայ նախաձեռնութիւն մը, որուն մասնակցեցեան 14 տարեց մայրեր։ Առաւօտեան ժամը 10։00-ին մայրերը մեկնեցան «Schwarzkopf» վարսայարդարման դասաւանդութեան հիմնարկ, ուր իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ հոգատարութիւն։ Այս առիթով, Ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի Յասմիկ Նանէճեան-Պզտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկութեան,

Continue reading

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 30 մայիս 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մայիս 28-ի ոգիով տոգորուած, մեր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած աղօթքները, նաեւ մեր եկեղեցիներուն ղօղանջող զանգերը, մեր ուշադրութիւնը

Continue reading

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը

  Տարուան մը ակամայ ընդմիջումէ ետք, շաբաթ, 29 մայիս 2021-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը` կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններէն 40 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակին պայմանները` մրցանքը տեղի ունեցաւ երկու փուլով, ժամը 10:00-12:00` միջնակարգի, իսկ

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Բարեզարդուած Բեմի Եւ Քանդակի Բացում

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, հինգշաբթի, 27 մայիսի երեկոյեան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ բակի բարեզարդուած եւ ազգային դիմագիծ ստացած բեմին բացումը: Բարեզարդուած բեմին վրայ խրոխտ բազմած էր հայ ժողովուրդի սրբազան լեռը` Արարատը` իր ձիւնածածակ երկու գագաթներով: Իսկ անոր կողքին նոյնքան հպարտ

Continue reading

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. «ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ»-Ը ԿՐԿՆԱԿԻՕՐԷՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔ Է

2020-2021 կրթական տարեշրջանը ամէն իմաստով եղաւ արտասովոր։ Առցանց դասաւանդութիւնները, քորոնա համաճարակին պարտադրած սահմանափակումները եւ Լիբանանի ընկերային ու տնտեսական կեանքի դժուար պայմանները, Ազգային վարժարանները դէմ յանդիման դրին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, որոնց յաղթահարումը պահանջեց հաւաքական ճիգ եւ կամք։ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ եւ Ազգային իշխանութեան մարմիններու հոգատար

Continue reading

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով Աղօթքի Շաբթուան Բացումը Կատարելով` «Չի Բաւեր Սուրբերու Յիշատակին Նայիլ, Այլ Անհրաժեշտ Է Նաեւ Անոնց Օրինակին Հետեւիլ» Նշեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով, երկուշաբթի 24 մայիսէն մինչեւ երկուշաբթի, 31 մայիս, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմեաց եւ Գայեանեանց մատրան առջեւ, բացօթեայ պայմաններու մէջ ամէն երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ զանազան նիւթերու շուրջ հոգեւոր խորհրդածութիւն: Առ այդ, երէկ` երկուշաբթի, 24 մայիսին, նախագահութեամբ Լիբանանի

Continue reading

Ազգային վարժարաններու Պրէօվէի ուսուցիչներու հանդիպում

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին, Շաբաթ, 22 Մայիս 2021-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պրէօվէի ուսուցիչներու հանդիպում՝ ճշդելու փորձ-քննութիւններու հարցարաններու պատրաստութեան եղանակները, ինչպէս նաեւ նիշերու բաշխումի եւ սրբագրութեան ընդհանուր սկզբունքները։

Continue reading

Ա Ղ Օ Թ Ք Ի Շ Ա Բ Ա Թ ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 24 ՄԱՅԻՍԷՆ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 31 ՄԱՅԻՍ 2021

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առթիւ, Երկուշաբթի, 24 Մայիս 2021-էն Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2021, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց Մատրան առջեւ, բացօթեայ պայմաններով, ամէն երեկոյեան ժամը 6։30-ին, տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ հոգեւոր խորհրդածութիւն.-  Երկուշաբթի, 24 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին Աղօթքի շաբթուան

Continue reading

Ապրիլ 24-ի Նշում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Հակառակ երկրին մէջ տիրող առողջապահական թէ ընկերային զանազան տագնապներուն, Ազգային միացեալ վարժարանի մեծ ընտանիքը փափաքեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը նշել իւրայատուկ ձեւով, վարժարանին շրջափակին մէջ: «Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրավիճակը չէր կրնար արգելք հանդիսանալ հայ աշակերտին` Ապրիլ 24-ի նախօրեակին իր յարգանքը մատուցելու 1915-ի Եղեռնի զոհերուն: Երկուշաբթի, 19 եւ երեքշաբթի, 20 ապրիլին վարժարանի

Continue reading

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի Կազմակերպութեամբ. Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Աշակերտական Ոգեկոչում ` Պիքֆայայի Նահատակաց Յուշարձանին Շուրջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ Ազգային Միացեալ, Եղիշէ Մանուկեան, Նուպարեան-Խրիմեան եւ Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանները ներկայացնող մէկական աշակերտներու, ուրբաթ, 23 ապրիլի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին նուիրուած խորհրդանշական ոգեկոչում, որուն առցանց հետեւեցան յիշեալ վարժարաններու

Continue reading