Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց «Այնճար Արուեստի Ցուցասրահ»

  Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, կիրակի, 15 սեպտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի Հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընդառաջելով «Այնճար արուեստի ցուցասրահ»-ի հովանաւոր տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու հրաւէրին, այցելեց սոյն ցուցասրահը` ընկերակցութեամբ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ Պեզիկեաններուն: Ցուցասրահի մուտքին, սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ տէր եւ տիկին

Continue reading

Առաջնորդ Հայրը Ընդունեց Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Ատենապետը

Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` երեքշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2019-ին Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետ Լիզա Կապուտեանին, որուն հետ քննարկեց մեր Ազգային վարժարաններուն հասարակաց մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները: Քննարկման մասնակցեցան` Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան, Ուսումնական խորհուրդի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Սալբի Սիմիթեան,

Continue reading

Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ 60-ամեակ, Փայտեայ Խաչի Զետեղում Եւ Վահան Ա. Քհնյ. Քենտիրճեանի Կիսանդրիի Բացում

Օրհնութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան  80-ամեակի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, շաբաթ, 7 սեպտեմբեր 2019-ին տեղի ունեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ 60-ամեակի նշում: Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին Նարեկ Արքեպիսկոպոս կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսին

Continue reading

Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր

Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիրը անցնող տարեշրջանին մեծ թափով վերսկսաւ իր աշխատանքներուն` շնորհիւ բարերարներու մեծաթիւ եւ մեծագումար մասնակցութեան, հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական դժուարին պայմաններուն: Այս ծրագիրը կը միտի նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցիլ ազգային վարժարաններու աշակերտներուն` տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող իւրաքանչիւր աշակերտի ապահովելով 250 ամ. տոլարի օժանդակութիւն: Առ այդ, 2018-2019 կրթական տարեշրջանին

Continue reading

«Ուխտագնացութիւնը Կեդրոնական Տեղ Գտած Է Մեր Հաւաքական Կեանքին Մէջ» Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Ուխտագնացութիւններ Դէպի Ժալալայի Ս. Խաչ Եւ Ռայաքի Ս. Աստուածածին Մատուռներ     Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, շաբաթ, 27 յուլիս 2019-ին, տեղի ունեցաւ Ժալալայի Ս. Խաչ մատրան անուանակոչութեան նշումը: Պատարագը մատուցեց Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան: Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին սկիզբը հոգեկան եզակի ուրախութեամբ ողջունեց

Continue reading

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Սրբանկարի Օծում

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի կիրակի, 25 օգոստոս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Պատարագի ընթացքին սրբազան հօր ձեռամբ կատարուեցաւ Մատլէն Վարդանեանի գծագրած Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու սրբանկարի օծում: Հաւատացեալ

Continue reading

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին. Լանջախաչի Շնորհում Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հովիւ Առաքել Քհնյ. Տմտըմեանի

  Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Առաջնորդ Սրբազանը պատարագի ընթացքին ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով վեհափառ հայրապետը լանջախաչ կրելու արտօնութիւն կը շնորհէ Ս.

Continue reading

Շուշիի Համահայկական 8-րդ Փառատօնին Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանի Յաղթանակը

29 յուլիսէն 2 օգոստոս տեղի ունեցած Հայ կրթական հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը վայելող Շուշիի համահայկական 8-րդ փառատօնին Այնճարի Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի 11-րդ կարգի աշակերտներէն Պարոյր Սթանպուլեանը 6 երկիրներէ 127 մասնակիցներու մէջ ասմունքի մրցանքին տիրացաւ 2-րդ մրցանակին եւ պարգեւատրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ներկայութեամբ կայացած յատուկ հանդիսութեան ընթացքին` Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան,

Continue reading

«Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Ազգ. Վարժարանի Աշակերտները Պատրաստեցին Ու Հրատարակեցին Իրենց Թերթերը

Հայ մամուլի առաքելութիւնը պահպանելու շրջագիծին մէջ «Ազդակ» կը մնայ պատնէշի վրայ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ այդ առաքելութիւնը լաւագոյն կերպով շարունակուի: Այս նպատակը իրագործելու համար «Ազդակ» 2017-էն ի վեր ծրագրած է հիմնական աշխատանքի մը` «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին, որ լրագրութեան վարժողական ծրագիր մըն է եւ կը միտի պատրաստել

Continue reading

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի 2018-2019 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

Շաբաթ, 6 յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց  թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, քոլեճի բարեկամներու, բարերարներու, ծնողներու, գաղութի եւ գիւղի տարբեր միաւորներու, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու, Այնճարի քաղաքապետին, քահանայ հայրերու, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին ու հանդիսատեսներու հոծ բազմութեան, տեղի ունեցաւ Այնճարի

Continue reading