Ազգային Միացեալ Վարժարանի Երկրորդ Տարուան Հունձքը (2018 – 2019) Պանծացուց Հայոց Պատմութեան Տիտանները

Հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար առանցքային դեր վերապահուած է հայ դպրոցին, որ սփիւռքի տարածքին ո՛չ միայն ուսում կը ջամբէ, ապագայի հայ մարդը կը կերտէ, այլ նաեւ կը զինէ նոր սերունդը հայոց պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւններով եւ գործիչներով, որոնցմով սերունդներ կազմաւորուեցան ու թրծուեցան: Այս առաքելութեան լծուած Ազգային Միացեալ վարժարանը չորեքշաբթի, 3 յուլիս 2019-ի

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի ԺԲ. դասարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 2 յուլիսին, վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, պետական երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեանի, վարժարանի խնամակալութեան, տնօրէն խորհուրդին, տիկնանց յանձնախումբին, ուսուցչական կազմին, ծնողներու եւ հիւրերու: ԺԲ. դասարանի աշակերտները բեմ բարձրանալով`

Continue reading

Հայրապետական Մաղթանք Եւ Գիրերու Գիւտի Սրբանկարի Օծում` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 30 յունիս 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձին առիթով եւ Գիրերու գիւտի սրբանկարի օծում: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարան. «Կոմիտասի Եւ Թումանեանի Հետ» Խորագրեալ Նախակրթարանի Եւ Միջնակարգի Ամավերջի Հանդէս

Ժողովուրդ մը հանճարներ կը ծնի եւ այդ հանճարներով կ՛անմահանայ: Հայ ժողովուրդի պարագային, հանճարներու ներկայութիւնը կրկնակի իմաստ ունի սփիւռքի ափերուն սփռուած հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ անոնք սերունդներու ներշնչարան կը հանդիսանան եւ գոյատեւելու կամք կը փոխանցեն: Ահա այդ հանճարներու հոյլին մէջ առանձնակի տեղ ունին Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան եւ ժամանակակից հայկական

Continue reading

«Սեպուհ Շահպազեան Կրթական Ֆոնտ»-ի Հիմնադրութեան 17-ամեակի Նշում Եւ «Օրհնութեան Գիր»-ի Շնորհում Շահպազեան Ընտանիքին

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքին, երկուշաբթի, 24 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սեպուհ Շահպազեան կրթական ֆոնտ»-ի հիմնադրութեան 17-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու, ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեան: Ան նկատել տուաւ, որ հաւաքուած

Continue reading

Սրբոց Հռիփսիմեանց Եւ Սրբոց Գայեանեանց Կոյսերու Տօնի Նշում

Շաբաթ, 22 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Սրբոց Գայեանեանց կոյսերու տօնը: Արդարեւ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմէի մատրան դիմաց կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որմէ ետք սուրբերու մասունքով կազմուեցաւ թափօր եւ առաջնորդութեամբ թեմի քահանայից դասուն, մասնակցութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին, թափօրը մուտք

Continue reading

Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Կիրակի, 23 յունիսին,  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելլելու տօնն էր, որ նաեւ կը զուգադիպէր Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին: Առ այդ, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ս.

Continue reading

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի 2018-2019 Տարեշրջանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի 2018-2019 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յունիսի երեկոյեան, վարժարանիս շրջափակին մէջ: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարժարանիս վարիչ-մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեանը հանդէս եկաւ բացման խօսքով ու, ողջունելէ ետք ներկաները, հաստատեց` ըսելով. «Վարժարանը բարձր պահող ու հարստացնող օղակը` տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, ուսուցչակազմ եւ ծնողներ, իրենց ճիգը

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Հայրերու Օր

Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի նախակրթարանի աշակերտները ուզեցին իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնել իրենց հայրերուն` յատուկ հանդէս մը նուիրելով անոնց կիրակի, 23 յունիսին: Գեղարուեստական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ խնամակալութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներու, տնօրէն խորհուրդին, ուսուցիչներու, մեծ թիւով ծնողներու եւ բարեկամներու, որոնք դիմաւորուեցան օրուան թեմայով գեղեցկօրէն

Continue reading

Աւելի Քան 50.000 Ամերիկեան Տոլար Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Տարեկան Կալա-Ընթրիքին

Ուրբաթ, 21 յունիսի երեկոյեան Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճը իր շուրջ համախմբեց հայ վարժարանին հաւատացող բարերարներ եւ բարեկամներ, որոնք ընդառաջելով խնամակալութեան ու տնօրէն խորհուրդի հրաւէրին` ներկայ գտնուեցան վարժարանի տարեկան կալա-ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ «Le Royal» պանդոկի «Azurea» սրահին մէջ: Ընթրիքին ներկայ էին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Անանիա ծ.

Continue reading