Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Ազգային միացեալ վարժարանի մանկապարտէզի 2018-2019 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանին «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ: Մանկապարտէզի Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներուն այս տարուան ներկայացման առանցքը կը կազմէր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը: Անոնք հետաքրքրական ձեւով հանդէս եկան «Կար ու չկար…»
Քաղցկեղի Կանխարգիլման Դասախօսութիւններու Շարք Թիւ 4
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարքին չորրորդը` «Սննդականոն եւ քաղցկեղ» նիւթը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 13 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Դասախօսութիւնը ներկայացուցին քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ.
«Հոգեգալուստը Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ Մնաց Մնայուն Վերանորոգութեան Աղբիւր», Ըսաւ Սրբազան Հայրը
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 9 յունիսին Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Սրբազան Հայրը, որ իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ հոգեգալուստը եկեղեցւոյ պատմութեան եւ կեանքին մէջ այն դարձակէտը եղաւ, երբ յուսահատած եւ տկարացած առաքեալներ ու
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» մանկապարտէզի 2018-2019 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 յունիսի երեկոյեան, վարժարանի սրահէն ներս, ներկայութեամբ` վարժարանի տնօրէն խորհուրդին, խնամակալութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներու եւ մեծ թիւով ներկաներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք մանր ու ամչկոտ քայլերով բեմ բարձրացան մանկամսուրի փոքրիկները, որոնք իրենց յատուկ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Մայիսեան Յաղթանակի Ձեռնարկներ
Հայաստանի Ա. անկախութեան տօնը նշող ու անոր յաղթանակները փառաբանող աշակերտական ձեռնարկներ տեղի ունեցան 27 մայիսէն 7 յունիսի միջեւ: Վարժարանի իւրաքանչիւր բաժանում յատուկ ձեռնարկ մը պատրաստեց` նշելու համար 28 մայիսի պանծալի յաղթանակը: Քոլեճի մանկապարտէզի փոքրիկները դասարան առ դասարան պատրաստեցին խմբային ձեռային աշխատանքներ` կազմելով եռագոյն դրօշակը ու ծանօթանալով անոր գոյներուն: Ապա անոնք
Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Բաժանմունքի Նոր Կեդրոնի Բացում «Մենք Կը Զօրակցինք Մեր Ազգի Զաւակներու Բոլոր Կարիքներուն» Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախկին Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի երրորդ յարկին վրայ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի նոր կեդրոնի բացումը: Սրբազան Հայրը կատարեց օրհնութեան աղօթքը, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու` ընկերային
Դպրաց Դասերու Ժամերգութիւն Եւ Վկայագիրներու Յանձնում
Ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի միջդպրաց դասի յանձնախումբին, ժամարարութեամբ դպրաց դասի հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանի, յատուկ ժամերգութիւն կատարուեցաւ Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագներ, դպիրներ եւ դպրուհիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին` երգեցողութեամբ եւ ծիսակատարութեամբ: Ժամերգութեան աւարտին, ներկաները եկեղեցւոյ «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան»
Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 2 մարտ 2019-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ արցախեան ազատագրական
Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ. Հայաբոյր Եւ Տօնական Մթնոլորտ` Հայաստանի Ա. Անկախութեան 101-ամեակին Առիթով
Մայիսեան փառապանծ յաղթանակին տարեդարձը արժանաւորապէս նշուեցաւ Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ երկուշաբթի, 27 մայիս 2019-ին` «Հայ մշակոյթի օր» խորագրեալ ամբողջ օրուան ընթացքին գործադրուած պատշաճ նախաձեռնութիւններով եւ գեղարուեստական յայտագիրով: Արդարեւ, այդ օր վարժարանը առաւել հայկականութիւն կը բուրէր, ամէնուրեք կը ծածանէր եռագոյնը, իսկ աշակերտները առաւօտուն դպրոց ժամանեցին ճերմակ թի-շըրթներ հագած, որոնց վրայ պատկերուած
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ժիպէյլ
Կիրակի, 26 մայիս 2019-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Ժիպէյլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ժիպէյլի հայութեան հետ: Նախքան հանդիպումը` «Թռչնոց բոյն»-ի մատրան մէջ, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, կատարուեցաւ ս. պատարագ, զոր մատուցեց Արտաւազդ աբղ. Շառոյեանը: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներուն յիշատակին: Այնուհետեւ Ժիպէյլի ՀՅԴ «Քեռի»