Առաջնորդական Պատգամ` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակի Օրուան Առիթով

  «Եկէ՛ք, զաւակներդ սուրբ նահատակներուն, առաջնորդուինք այն պայքարին օրինակով եւ կտակով, որ անոնք մեզի տուին` իբրեւ գրաւական մեր ազգին կենդանութեան. անոնց աղօթքով, Տէ՜ր, փրկէ մեզ» (Մանկունք շարական Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու) Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Այսօր այն սուրբ նահատակներուն տօնն է, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ սպաննուեցան եւ

Continue reading

Ուսումնական Խորհուրդի Կազմակերպութեամբ Աշակերտական Հաւաքին. «Օտար Երկիրներ Ձեզմով Պիտի Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Ձեր Աննկուն Կամքով Եւ Նկարագիրով Պիտի Շահինք Մեր Նահատակներու Արեան Գինը» Ըսաւ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երեքշաբթի, 23 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն: Ներկայ էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Թորոսեան, Շամլեան-Թաթիկեան վարժարաններու եւ

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտութիւնը Ազգային Բարձր Գիտակցութեամբ Արժանաւորապէս Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ն իւրայատուկ օր էր Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտութեան համար: Արդարեւ, առաւօտուն աշակերտները դպրոց հասան եւ զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն ապրեցան ոգեղէն ներկայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր անմեղ նահատակներու անմեռ կտակին: Իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները նախ բարձրացան իրենց դասարանները: Անոնց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները համառօտ պատմականը ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան հոլովոյթին, հայ ժողովուրդի ապրած ցասումին

Continue reading

Լիբանանահայ Կուսակցութիւններու Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Կազմակերպութեամբ. Երիտասարդական Հաւաք Եւ Միջեկեղեցական Հոգեպարար Աղօթք` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն,  երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք` մասնակցութեամբ Լիբանանի համայնքապետներուն: Տէրունական աղօթքով սկսած ոգեկոչման ձեռնարկին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն հոգիներուն համար լիբանանահայ եւ Լիբանանի համայնքապետները կամ անոնց ներկայացուցիչները աղօթք բարձրացուցին առ

Continue reading

«Քրիստոսի Յարութիւնը Մեզ Մահէն Կ՛ազատագրէ Եւ Կը Տանի Անմահութեան». Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. ՅարութԵան տօնին առիթով, կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցԵց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ երբ նայինք մարդկային կեանքին, պիտի անդրադառնանք, թէ մեր կեանքը հեզասահ չէ, այլ`

Continue reading

Առաջնորդական Պատգամ Ս. Յարութեան Տօնին Առթիւ

«Բայց այժմ Քրիստոս իր մարդեղութեամբն ու մահուամբը ձեզ հաշտեցուց Աստուծոյ հետ, որպէսզի դուք անոր ներկայանաք մաքուր, անբիծ եւ անարատ» (Կղ 1.22) Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Մեծ պահքի ապաշխարութեան եւ ինքնասրբագրման քառասնօրեայ շրջանէն եւ Աւագ շաբթուան սուրբ հանգրուաններէն անցնելով` ահա հասած ենք Ս. Զատիկի հրաշափառ տօնախմբութեան: Փա՜ռք կը վերառաքենք առ

Continue reading

«Աշխարհի Վրայ Չկայ Որեւէ Թաղում, Որ Տխրութիւն Չպատճառէ, Բացի Քրիստոսի Թաղումէն, Որովհետեւ Ան Յաւիտենական Պարգեւատուն Եւ Կենդանատուն Է Բոլորիս Համար», Ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Աւագ շաբթուան

Continue reading

«Ոտնլուան Մաքրութեան, Խոնարհութեան Եւ Մանաւանդ Սիրոյ Արարողութիւնն Է» Հաստատեց Նարեկ Սրբազան

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, հինգշաբթի 18 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ Աւագ հինգշաբթին Աւագ շաբթուան եկեղեցականօրէն ամէնէն լեցուն ու ամէնէն

Continue reading

«Տասն Կուսանաց»-ի Ժամերգութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, երէկ` Աւագ երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Տասն կուսանաց» ժամերգութիւն: Աւարտին Սրբազան Հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր պատգամը: «Արթուն մնացէ՛ք, որովհետեւ չէք գիտեր Մարդու որդիին գալուն ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը»

Continue reading

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Կատարէ Վերաբացումը Վերանորոգուած Եւ Բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի

Շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, տեղի ունեցաւ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի վերաբացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, քահանայ հայրերու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան անդամներու, Ազգային առաջնորդարանի խորհուրդներու եւ

Continue reading