Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հիւրընկալեց Միջեկեղեցական Երիտասարդաց Համագումարին Մասնակիցները
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս կիրակի, 24 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 8.30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հիւրընկալեց Թեզէի միջեկեղեցական միաբանութեան կազմակերպած երիտասարդական միջազգային հաւաքին մասնակցող Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն եկած 200 երիտասարդներ: Երեկոն եզակի առիթ մը հանդիսացաւ հայկական ճաշերով, պարերով, երգերով եւ երաժշտութեամբ
Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ազգային Վարժարաններու Անգլերէն Ուսուցիչներու Վարժանիստ` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ
Նախաձեռնութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի գրելու կեդրոնին, աջակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան շաբաթ, 23 մարտին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի անգլերէնի ուսուցիչներու վարժանիստ` մասնակցութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի անգլերէնի ուսուցիչներուն: Ուսումնական խորհուրդին
Հաղորդագրութիւն
Նկատի ունենալով, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն կաթողիկոս 2019-ը «Հայ մամուլի տարի» հռչակած է, անսալով վեհափառ հայրապետի կոչին, Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանը ծրագրած է կարգ մը նախաձեռնութիւններ, որոնց մասին օրը-օրին պիտի հաղորդէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Առաջին փուլին, կը հրաւիրենք լիբանանահայ տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի հին եւ նոր բոլոր սպասաւորները եւ
Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Շնորհաւորէ Մետրոպոլիտ Սալիպան
Ուրբաթ, 8 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ Լեռնալիբանանի ասորի ուղղափառ առաջնորդ Թէոֆիլոս Ճորճ Սալիպա մետրոպոլիտին մատուցած սուրբ պատարագին: Յանուն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ անձնապէս, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Սալիպա մետրոպոլիտը, որ իր վանական կեանքի 60-ամեակը նշեց: Այս առիթով, Նարեկ Արքեպիսկոպոս նաեւ Արամ
Ազգային Առաջնորդարան. Լուսանկարչութեան Դասընթացքը Կը Շարունակուի Մեծ Խանդավառութեամբ
4-րդ շաբաթն ըլլալով, ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին շարունակուեցաւ թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու լուսանկարչութեան դասընթացքը, որուն նպատակն է ծուխերուն մէջ ունենալ լուսանկարչական հմտութիւններ ունեցող անհատներ: Ծրագիրի դասատուն է Նժդեհ Մկրտիչեան: Յայտնենք, որ ծրագիրի անդրանիկ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Հաւաքին, առաջնորդարանի
Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հոգեւոր Հայրերու Եւ Անոնց Ծնողներուն Հետ
Հինգշաբթի, 21 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերուն եւ անոնց ծնողներուն հետ: Իր բնոյթին մէջ եզակի հանդիպումին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց,
Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հոգեւոր Հայրերու Եւ Անոնց Ծնողներուն Հետ
Հինգշաբթի, 21 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերուն եւ անոնց ծնողներուն հետ: Իր բնոյթին մէջ եզակի հանդիպումին ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց,
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ը. Դասարանի Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»
Հինգշաբթի, 14 մարտ 2019-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի Ը. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն` ընկերակցութեամբ իրենց հայոց լեզուի դասատուին` Նազելի Աւագեանի: Լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերու դիմագիծին, խօսեցաւ բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց «Ազդակ»-ի պաշտօնական
«Հայ Մամուլի Տարուան» Առիթով. Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լիբանանահայ Օրաթերթերու Ներկայացուցիչներուն Հետ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետին կողմէ «2019. Հայ մամուլի տարի» հռչակուելուն առիթով, հինգշաբթի, 14 մարտ 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները` «Ազդակ»-էն Շահան Գանտահարեանը, «Զարթօնք»-էն Սեւակ Յակոբեանը եւ «Արարատ»-էն Անի Եփրեմեանը: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը պատասխանատու
Քաղցկեղի Կանխարգիլման Նիւթով Դասախօսութիւններու Շարքը Սկսաւ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը նախաձեռնած են քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարք մը, որուն առաջինը` «Աղիքներու քաղցկեղ» նիւթով, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Դասախօսն էր քաղցկեղի մասնագէտ