Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Տիկնանց Յանձնախումբի Գարնանամուտի Ճաշկերոյթ
Չորեքշաբթի, 13 մարտին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Անի Կիտանեանի, գարնանամուտի առիթով ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Նահր Քալպի «Ռիվըր կարտըն» ճաշարանին մէջ: Ձեռնարկին բացումը կատարելով` յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան ըսաւ, որ ներկաները ընդառաջելով հրաւէրին` քաջալերած կ՛ըլլան տիկնանց յանձնախումբին ձեռնարկները, որոնց նպատակն
Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտարեան Մեծարուեցաւ
Կազմակերպութեամբ Թրիփոլիի Ազգային արաբական շարժումներու միացեալ կազմակերպութեան եւ Թրիփոլիի մշակութային եւ կրթական միութիւններու մասնակցութեամբ, շաբաթ, 9 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ հայ թէ օտար հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ տեղւոյն քաղաքական եւ կրթական անձնաւորութիւններ: Մեծարեալը` Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի երկարամեայ եւ
Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Սրբազանը Զահլէի Մէջ
Կիրակի, 10 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հանդիսապետեց Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կրօնական արարողութեանց: Սուրբ պատարագը մատուցեց հոգեւոր հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեան: Քարոզեց նախկին հոգեւոր հովիւ Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեան: Սուրբ պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը «Օրհնութեան գիր»-ով պատուեց տէր Ներսէսը, որ երեսնամեայ ծառայութենէ ետք հանգստեան
Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելութիւն Տուաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան
Հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի, Ազգային առաջնորդարանի արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն Պարոյր Տէր Ղուկասեանի եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան,
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Երկու Ազգային Վարժարանները
Հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի, այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան ու Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէն խորհուրդներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Հայրը ընդգծեց վարժարաններուն մէջ հոգեւոր մթնոլորտի կենսունակութեան կարեւորութիւնը եւ փոխանցեց մարտ ամսուան ընթացքին զոյգ վարժարաններուն մէջ
Ազգային Վարժարաններ. Ուսուցչաց Տօնի Միացեալ Ճաշկերոյթ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ Տըպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց տօնին առիթով ճաշկերոյթ, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը, ազգային վարժարաններու տնօրէնները, տնօրէն խորհուրդները եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները: Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ.
Ազգային Առաջնորդարանի «ԱՅՈ» Երիտասարդական Յանձնախումբի Վարչութեան Կազմութիւն
Երեքշաբթի 5 մարտ 2019-ի երեկոյեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ընդունեց այցելութիւնը Թեզէ միջեկեղեցական միաբանութեան երկու եղբայրներուն` Էմիլի եւ Ժան-Ժաքի, որոնք ապա մասնակցեցան Ազգային առաջնորդարանի «ԱՅՈ» երիտասարդական յանձնախումբի Աստուածաշունչի սերտողութեան: Յայտնենք, որ Լիբանանի հայոց թեմը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուելիք Թեզէի երիտասարդական
Առաջնորդական Պատգամ Մեծ Պահքի Զոհողութիւն
«Ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՛ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.21) Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Այսօր կը մտնենք 2019 տարուան Մեծ պահքի ապաշխարութեամբ եւ ինքնաքննութեամբ յաղթահարելի հոգեւոր բիւրեղացման շրջանը, որուն աւարտին, որպէս մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ մեղքին ու մահուան յաղթած հաւատացեալներու հաւաք` հայ եկեղեցի պիտի
Նահատակ Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Շարադրական Մրցանք
Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 2 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները: Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ ըսաւ, որ սոյն մրցանքը կը
Ընտրուած Թաղական Խորհուրդներու Անուանացանկը
Կիրակի, 24 փետրուար 2019-ին, Լիբանանի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ թաղական խորհուրդներու ընտրութիւն կատարուեցաւ: Քառամեայ շրջանի համար հետեւեալ հայորդիները թաղական ընտրուեցան.- 1.- Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, Պէյրութ 1.- Գէորգ Քոփարեան 2.- Օննիկ Մահտէսեան 3.- Նազարէթ Չէքէմեան 4.- Սարգիս Թորոսեան 5.- Ռազմիկ Յովսէփեան 6.- Սեպուհ Հաւաթեան 7.- Մարտիկ Շահինեան 8.- Սմբատ