Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ
Կիրակի, 24 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան թաղական խորհուրդներու ընտրութիւններ: Հաւատացեալ հայորդիները խուռներամ շարքերով մասնակցեցան ընտրութեան: Թաղական խորհուրդներու ընտրական յանձնախումբերը ճշդուած կարգով հսկեցին ընտրութիւններուն: Յառաջիկային Ազգային առաջնորդարանը յատուկ հաղորդագրութեամբ կը ներկայացնէ ընտրութեանց ընթացքը եւ արդիւնքները:
Տօնավաճառ, Գեղարուեստական Յայտագիր Եւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ` Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով
Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղամասին մէջ: Արդարեւ, շաբաթ, 16 փետրուարի առաւօտեան կատարուեցաւ ոչխարներու զենումը, որմէ ետք ընթացք առաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, եկեղեցւոյ կից փողոցին մէջ կազմակերպուած էր տօնավաճառ, ուր տեղադրուած էին տաղաւարներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերած էին
«Մտածողներու Մշակոյթի Մը Ստեղծումը» Նիւթով Սեմինար
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 16 փետրուար 2019-ին առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մտածողներու մշակոյթի մը ստեղծումը» (Creating a culture of thinkers) նիւթով վարժանիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները: Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Գեղուհի Պողարեան բարի գալուստ
Տիգրան Մանսուրեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին
Ուրբաթ, 15 փետրուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով Հայաստանէն Լիբանան եկած հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին հետ: Հաւաքին հայրենի արուեստագէտն ու առաջնորդ սրբազանը քննեցին հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Նարեկ Արքեպիսկոպոս հակիրճ կերպով ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանի
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Փրկիչը Ամէն Տեղ Է, Պէտք Է Հոգիի Աչք Ունենալ Տեսնելու Զայն» Ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս
Չորեքշաբթի, 13 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք տօնախմբելու Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնը` աւելցնելով, որ մեր եկեղեցւոյ հայրերը իմաստութիւնը
Պէյրութի Նահանգապետին Շնորհաւորական Այցելութիւնը Առաջնորդ Սրբազանին
Երեքշաբթի, 12 փետրուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ հաւաքաբար քննելու Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Այս առիթով, Զիատ Շպիպ շնորհաւորեց Նարեկ արքեպիսկոպոսը` առաջնորդ ընտրուելուն առիթով,
Ազգային Առաջնորդարանի Պաշտօնէութեան Աղօթական Պահ
Երկուշաբթի, 4 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը փետրուար ամիսը սկսաւ աղօթական պահով: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այս առիթով հետեւեալը ըսաւ պաշտօնէութեան. «Աղօթքը քրիստոնեային սրտբաց խօսակցական կապն է Աստուծոյ հետ: Իբրեւ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած հոգեւոր-ազգային
Պապական Նուիրակի Եւ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հանդիպում
Հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերի արքեպիսկոպոսին: Այցելութիւնը առիթ եղաւ, որ Սրբազան Հայրն ու պապական նուիրակը զրուցեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ անցեալի ու ներկայի յարաբերութիւններուն, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական շրջանային եւ տեղական
Ազգային Առաջնորդարանի Երիտասարդական Յանձնախումբը Օժտուեցաւ «Այո» Անունով
Երեքշաբթի գիշեր, 29 յունուար 2019, սուրբ պատարագին յաջորդած Երիտասարդական յանձնախումբի հաւաքին եւ Աստուածաշունչի սերտողութեան ընթացքին, Ազգային առաջնորդարանի Երիտասարդական յանձնախումբը որոշեց ինքզինք «ԱՅՈ» անուանել: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Աստուածաշունչի սերտողութիւնը կատարելէ առաջ, «ԱՅՈ» անուանումը հաստատեց, ըսելով. «Կ՛ողջունեմ մեր նոր անունը` «ԱՅՈ», որ հիմնուած է Մատթէոսի աւետարանին 5-րդ
Թաղական Խորհուրդներու Ընկերային Ցանցերու Ներկայացուցիչներու Անդրանիկ Հաւաք
Արդի արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներէն առաւելագոյն չափով օգտուելու եւ աշխատանքներու համակարգման եղանակներ ճշդելու նպատակադրումով, ուրբաթ, 25 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին եւ ներկայութեամբ թաղական խորհուրդներու ընկերային ցանցերու ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ աշխատանքային հաւաք մը: Հանդիպումի սկզբնաւորութեան, առաջնորդարանի