Հայաշէն. Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Անցնող շաբաթավերջին Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, կիրակի, 13 յունուար 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի եւ Լեւոն աբղյ. Եղիայեանի, այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, որմէ ետք առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ մասնակցութեամբ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Դրական Կարգապահութեան Վարժանիստ
Ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրներու ծիրէն ներս եւ գործակցութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի հետ, շաբաթ, 12 յունուարին «Դրական կարգապահութեան» միօրեայ վարժանիստ մը տեղի ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ: Վարժանիստը ղեկավարեց «Գարակէօզեան» հիմնարկի ընկերային ծառայող Յասմիկ Տօնոյեանը. մասնակցողները եղան վարժարանի բոլոր բաժիններու ուսուցիչները: Աշխատանքները սկսան «Գարակէօզեան» հիմնարկի մասին պատրաստուած համակարգչային ներկայացումով մը,
Յատուկ Վարժանիստ` Ազգային Վարժարաններու Մարզանքի Ուսուցիչներուն Եւ Մարզիչներուն Համար
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 12 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մարզանքի ուսուցիչներու եւ մարզիչներու վարժանիստ, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչները եւ մարզիչները: Օրուան բանախօսն էր 8 անգամ Լիբանանի աղեղնաձգութեան ախոյեանութեան տիրացած «Այ. Սի.» դպրոցի մարզանքի ուսուցիչ
Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի Տարեկան Փոքր Հիմնադրամներ
Ազգային առաջնորդարանի ծաւալած ծրագիրները տարեկան դրութեամբ նիւթապէս հովանաւորելու կարելիութիւն ընծայելու համար, հաստատուեցաւ «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՓՈՔՐ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐ» ծրագիրը, որուն միջոցով տարեկան նուազագոյնը $1.000 ամերիկեան տոլարի գումարով հայորդիներ կը մասնակցին Լիբանանի Հայոց թեմի բազմերես առաքելութեան: Այս ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ վեց մարզերը. Ա.- Ներկայ եւ ապագայ հոգեւոր սպասաւորներու վերապատրաստութեան եւ կազմաւորման
Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ Կատարուեցաւ Տնօրհնէք
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 9 յունուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ տնօրհնէք, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին եւ մասնակցութեամբ առաջնորդարանի պաշտօնէութեան: Արարողութիւնը կատարեց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր գրասենեակին մէջ կատարուած արարողութենէն ետք, Նարեկ Արքեպիսկոպոս նշեց, որ իր բնոյթին մէջ
Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Շնորհաւորութիւններ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագէն ետք, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին, ապա Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ ընդունեց շնորհաւորութիւններ: Նարեկ Արքեպիսկոպոսին այցելեցին եւ շնորհաւորեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի, խորհրդարանի
Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ, նաեւ կատարուեցաւ ջրօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ ան յայտնեց, որ Ս. Ծննդեան տօնը երջանկութեան տօն է ամբողջ մարդկութեան համար,
Առաջնորդ Սրբազանը` Ընկերակցութեամբ Երեսփոխան Բագրատունիի, Այցելեց Հիւսիսային Լիբանան
Հիւսիսային Լիբանանի ղեկավարներուն կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային առաջնորդարանի տնօրէն Պարոյր Տէր Ղուկասեանի եւ Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեանի, 4 յունուարին այցելեց Պնաշյի, ուր հանդիպում մը
Տօնական Մթնոլորտի Մէջ. Աւելի Քան 400 Մանուկներ Եւ Պատանիներ Տօնեցին «Սպիտակ Ծնունդը»
Հինգշաբթի, 3 յունուար 2019-ին, տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Արդարեւ, աւելի քան 400 մանուկներ եւ պատանիներ, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն, եկած էին տօնելու «Սպիտակ ծնունդը»` «Քազատու» խումբին եւ Ռիմին հետ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին հովանաւորութիւնը վայելող եւ Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս
Առաջնորդական Պատգամ Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով
«Արդարեւ, դուք գիտէք թէ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս ի՜նչ շնորհք ըրաւ մեզի. ինք, որ հարուստն էր` աղքատացաւ ձեզի համար, որպէսզի իր աղքատանալովը դուք հարստանաք» (Բ. Կր 8.9) Սիրելի՛ հայորդիներ որ ի Լիբանան, Հին տարին աւարտելէ ետք, երբ նոր տարին կը դիմաւորենք անհատաբար եւ ազգովին, ամենաբարի Աստուծոյ օրհնութիւններուն հեղումը խնդրելով