Ազգային վարժարաններու Պրէօվէի ուսուցիչներու հանդիպում
Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին, Շաբաթ, 22 Մայիս 2021-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պրէօվէի ուսուցիչներու հանդիպում՝ ճշդելու փորձ-քննութիւններու հարցարաններու պատրաստութեան եղանակները, ինչպէս նաեւ նիշերու բաշխումի եւ սրբագրութեան ընդհանուր սկզբունքները։
Ա Ղ Օ Թ Ք Ի Շ Ա Բ Ա Թ ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 24 ՄԱՅԻՍԷՆ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 31 ՄԱՅԻՍ 2021
Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առթիւ, Երկուշաբթի, 24 Մայիս 2021-էն Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2021, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց Մատրան առջեւ, բացօթեայ պայմաններով, ամէն երեկոյեան ժամը 6։30-ին, տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ հոգեւոր խորհրդածութիւն.- Երկուշաբթի, 24 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին Աղօթքի շաբթուան
Ապրիլ 24-ի Նշում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ
Հակառակ երկրին մէջ տիրող առողջապահական թէ ընկերային զանազան տագնապներուն, Ազգային միացեալ վարժարանի մեծ ընտանիքը փափաքեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը նշել իւրայատուկ ձեւով, վարժարանին շրջափակին մէջ: «Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրավիճակը չէր կրնար արգելք հանդիսանալ հայ աշակերտին` Ապրիլ 24-ի նախօրեակին իր յարգանքը մատուցելու 1915-ի Եղեռնի զոհերուն: Երկուշաբթի, 19 եւ երեքշաբթի, 20 ապրիլին վարժարանի
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի Կազմակերպութեամբ. Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Աշակերտական Ոգեկոչում ` Պիքֆայայի Նահատակաց Յուշարձանին Շուրջ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ Ազգային Միացեալ, Եղիշէ Մանուկեան, Նուպարեան-Խրիմեան եւ Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանները ներկայացնող մէկական աշակերտներու, ուրբաթ, 23 ապրիլի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին նուիրուած խորհրդանշական ոգեկոչում, որուն առցանց հետեւեցան յիշեալ վարժարաններու
Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Նահատակներու Յիշատակին Յուշակոթողի Բացում
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, Զահլէի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշի, Զահլէի
Ազգային Միացեալ Վարժարանի 308 Ընտանիքներ Թապլեթ-ներ Ստացան
Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ վարժարան յաճախող աշակերտներու 308 ընտանիքներու յանձնուեցան թապլեթ-ներ` նուիրուած «Աներա» կազմակերպութեան կողմէ:
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Այսու պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ վերադասաւորելով իր դիւանը, Երեքշաբթի, Մարտ 16, 2021-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Փոխ-Ատենապետուհի ընտրեց Տիկ. Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը։ Ուստի, հաճեցէք նկատի ունենալ, որ Ազգ. Վարչութեանս ներկայ կազմը կը բաղկանայ.- Ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Սիսլեան Փոխ-Ատենապետ՝ Տիկ. Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Ատենադպիր՝ Տիար Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան Խորհրդականներ՝ Տիկ. Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեան, Տիար
Ս. Զատկուան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոսի Յաղթական Կեանքին Օրինակով Պէտք Է Հասնինք Անմահական Կեանքի Պարգեւին» Կ՛ըսէ Շահէ Արք. Փանոսեան
Կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ին, Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը, անդրադառնալով Քրիստոսի կեանքին, հաստատեց, որ ան անցաւ մահուան քովէն, սակայն վերադառնալու
ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Նկատի ունենալով ներկայ համաճարակի պայմանները, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յիշեցնենք, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին Զատկական տօնին առիթով տնօրհնէք ունենալ, թող բարեհաճին կապուիլ իրենց ծխատէր Քահանայ Հօր հետ, որպէսզի տնօրհնէքը կատարուի յատուկ ժամադրութեամբ։ Կրօնական Ժողով Լիբանանի Թեմին
«Մենք Եւս Սահմանուած Ենք Ժառանգելու Յարութեան Կեանքը, Եթէ Պատուած Ենք Մեր Մարմինները Հետեւելով Քրիստոսի Կեանքի Օրինակին» Հաստատեց Շահէ Արքեպիսկոպոս
Ուրբաթ, 2 ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ սրբազան արարողութիւն Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ քրիստոնէական գրականութեան մէջ շատ