«Նախորդ Սերունդներուն Հաւատքով Կերտածը Անտարբերութեամբ Չքանդենք» Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան
Կիրակի, 27 մարտ 2022-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան հասաւ Արաքս թաղի մուտքը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, թափօրը ուղղուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Յընթացս Ս. պատարագին,
Լիբանանի Թեմի Ուսումնական Խորհուրդն Ու Ազգային Վարժարանները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Շաբաթ, 19 մարտ 2022-ին Լիբանանի թեմի Ուսումնական խորհուրդն ու ազգային վարժարանները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակն էր կաթողիկոսին շնորհակալութիւն յայտնել Ուսուցչաց տօնին առիթով Լիբանանի ու Սուրիոյ բոլոր հայ դպրոցներու ուսուցիչներուն կատարած նիւթական օժանդակութեան համար: Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան ընդհանուր գիծերու մէջ
Ուսուցչաց Տօնին Առիթով` Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին Շնորհաւորական Այցելութիւնները Ազգային Վարժարաններու Ուսուցչական Կազմերուն
Ուսուցչաց տօնին առիթով Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւններ այցելեցին Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան, Պէյրութի Ազգային Միացեալ եւ Եղիշէ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարաններ, հանդիպումներ ունեցան տնօրէնութիւններու եւ ուսուցչական կազմերու հետ, շնորհաւորեցին եւ յատուկ կարկանդակներով պատուեցին անոնց տօնը: Թրիփոլիի եւ Պէյրութի հանդիպումներուն խօսք առաւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ
Ուսուցչաց տօն
Մեր օրերու տաղտուկն ու մտահոգութիւնները մեր յիշողութենէն չեն ջնջած «Ուսուցչաց տօն»-ը, եւ մենք չենք մոռցած լիբանանահայ մեր վարժարանները, որոնք անկասկած պէտք է կանգուն մնան, որպէսզի իբրեւ ազգային դիմագիծ ունեցող հաւաքականութիւն կանգուն մնանք մենք եւ գալիքին համար ալ ստեղծենք նոր վաստակ: Ուստի, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը իրենց գոյութեան ծանրագոյն պահերը կ՛ապրին,
Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 34-ամեակի Նշում Եւ Վարդանանց Հերոսամարտի Կտակի Վերանորոգում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ
Չորեքշաբթի, 23 փետրուար 2022-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները նշեցին հայ ժողովուրդի ազգային ինքնաճանաչման եւ ազգային հպարտութեան տօնը` Վարդանանց հերոսամարտը: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Թ. դասարանէն Տեսիլ Այվազեան, որ ընդգծեց մեր պատմութեան մէջ կարեւորութիւնն ու արժէքը Աւարայրի ճակատամարտին եւ անոր հերոսներուն: Ան
Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում` Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց 451 թուականին պարսից Յազկերտ թագաւորի հսկայ բանակին դէմ Տղմուտ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդ. Միջդպրոցական Արտասանական Մրցանք` Վարդանանց Տօնին Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան 34-Ամեակին Առիթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, գործակցութեամբ «Վանայ ձայն»-ին, չորեքշաբթի, 23 փետրուար 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Վարդանանց տօնին եւ Արցախեան պահանջատիրութեան 34-ամեակին առիթով, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական արտասանական մրցանք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններէ 19 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Մասնակցող վարժարաններն էին` Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ
Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի` 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նշելու Քրիստոսի 40-օրեայ հասակին տաճար
Նոր Սիս Թաղամասին Մէջ Ժողովրդային Դիմաւորումի Արժանանալով` «Հայ Ըլլալը Կը Նշանակէ Մեր Հաւաքական Կեանքին Մասնակից Դառնալ» Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, կիրակի, 13 փետրուար 2022-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Այս առիթով կիրակի առաւօտեան ժամը 10:15-ին, ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանի, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, գործակցութեամբ “Lions” կազմակերպութեան, Ուրբաթ, 11 Փետրուար 2022-ի կէսօրուան ժամը 1։00-ին, Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահէն ներս, սիրոյ տօնին առթիւ, բաժանմունքի տարեցներուն յատուկ ճաշ-հաւաք մը տեղի ունեցաւ։ Հանդիպումին ներկայ էին











