Լիբանանի Հայ Երեք Համայնքապետներու Գլխաւորութեամբ. Լիբանանի Խաղաղութեան Համար Հաւաքական Աղօթք

Երեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի հայ երեք համայնքապետներու գլխաւորութեամբ, հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ հայկական կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, առողջապահական ու մարզական կառոյցներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի խաղաղութեան համար աղօթք: Ներկայ էին նաեւ զբօսաշրջութեան

Continue reading

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը

Շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի առկայ իրավիճակը եւ շեշտուեցաւ հարցերը պետութիւն ու ժողովուրդ միասնաբար լուծելու հրամայականը: Նարեկ Արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանը իր

Continue reading

Առաջնորդական Պատգամ. Երախտապարտ Ենք Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան անունով եւ անձնապէս, մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն վեհափառ հայրապետին, որ երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած մտաւորականներու հաւաքի ընթացքին, քննարկման օրակարգ դարձուց Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ընկերա-տնտեսական տագնապն ու յատկապէս անոր հետեւանքները Լիբանանի

Continue reading

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ. Լիբանանի Հայ Երեք Համայնքապետերու Հանդիպում

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2019-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հայ երեք համայնքապետներ` Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ Եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան հանդիպում մը ունեցան եւ քննարկեցին

Continue reading

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ընդունեց Վեց Քահանայացուները

Շաբաթ, 30 նոյեմբեր 2019-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ընդունեց Լիբանանի թեմի վեց քահանայացուները` Յովիկ սրկ. Ալթունեան, Աւետիս սրկ. Ասայեան, Վրէժ սրկ. Կրպոյեան, Ասատուր սրկ. Եղիայեան, Ֆիլիփ կիս. սրկ. Ժինեան եւ Հրակ կիս. սրկ. Գալաճեան: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ.

Continue reading

Ռմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ. Ծաղկեայ Փիլոն Կրելու Իշխանութեան Շնորհում` Եկեղեցւոյ Հովիւ Ղեւոնդ Քհնյ. Լօշխաճեանի

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2019-ին, Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով վեհափառ հայրապետը ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն կը շնորհէր եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի: Սրբազան Հայրը իր

Continue reading

Քահանայական Ձեռնադրութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Շաբաթ, 2 եւ կիրակի, 3 նոյեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ քահանայական կարգ ստացաւ Սարգիս սրկ. Մելքոնեան: Արդարեւ, շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւն, իսկ կիրակի առաւօտեան ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը եւ օծումը: Պատարագը մատուցեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ

Continue reading

Լիբանանի Հայոց Թեմին Մէջ Աղօթք Լիբանանի Խաղաղութեան Համար

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 27 հոկտեմբեր 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ աղօթք` Լիբանանի խաղաղութեան համար: Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա

Continue reading

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերամուտի Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտին առիթով, կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2019-ին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որ մատուցեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-պատասխանատու Սարգիս Ա. քհնՅ. Սարգիսեան: Սուրբ պատարագին ներկայ էին Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինի անդամները, տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը, ինչպէս նաեւ`

Continue reading

Վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի Մահուան ԺԸ. Տարելիցի Նշում

Կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վաղամեռիկ համալսարանաւարտ փայլուն ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԸ. տարելիցին առիթով: Ս. պատարագի աւարտին, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ մատուցուեցաւ հոգեսուրճ: Ս.  Նշան մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան խօսք առնելով դրուատեց Սեպուհ Շահպազեանի յիշատակը` աւելցնելով,

Continue reading