Հաղորդագրութիւն. Տէր Եւ Տիկին Յարութիւն Եւ Սիլվիա Սթամպուլի 100.000.000 Լ. Ո. Նուիրատուութեամբ Դարձեալ Կը Զօրակցին Լիբանանահայութեան

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Սիլվիա Սթամպուլի,  Ազգային առաջնորդարանին ճամբով դարձեալ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին կ՛աջակցին 100.000.000 լ. ոսկիի (Հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի) նուիրատուութեամբ: Բարերարներուն փափաքով, նշեալ գումարը կը բաշխուի հետեւեալ եղանակով. – Ազգային առաջնորդարանին` 25.000.000 լ. ո. –  ՀԲԸՄ Լիբանանի մասնաճիւղին` 25.000.000 լ.ո. –  Լիբանանահայ օգնութեան խաչին`

Continue reading

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազանը հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ այս տօնին առիթով բոլորս մեր աղերսը կ՛ուղղենք Աստուածամօր, որ ինք

Continue reading

Ընթացք Առաւ Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրը

Այսու կը տեղեկացնենք, որ երեքշաբթի, 18 օգոստոս 2020-ին, կարիքաւոր ընտանիքներու դրամական նպաստներ տրամադրելով, գործնականօրէն ընթացք կ՛առնէ Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրը: Արդարեւ, յառաջիկայ օրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի զանազան շրջաններուն մէջ եւ կամաւորներու աջակցութեամբ, Պէզիքեան ծրագիրի Գործադիր վարչութիւնը պիտի իրականացնէ հինգ ամիսներու համար նախատեսուած օժանդակութեան ծրագիրի առաջին մասը` կանխիկ յանձնելով օգոստոս եւ

Continue reading

Շահէ Արք. Փանոսեան Լիբանանահայ Ընկերային Ծառայողներուն Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին հրաւէրով, երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան անդամներու հետ հանդիպում: Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիսթին Սարգիսեան, որ շեշտեց, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը առաւել եւս դժուարութիւնները

Continue reading

Կեանքի Կոչուեցաւ «Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին»-ը

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի ծանր պայմաններուն, տնտեսական տագնապին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հետեւանքները քննարկելու ու ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին թելադրանքով, կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին եւ մասնակցութեամբ

Continue reading

Լիբանանը Ցնցած Պայթումէն Ետք. Առաջնորդ Սրբազանը Մօտէն Հետեւեցաւ Եկեղեցիներու Եւ Կառոյցներու Կացութեան

5 օգոստոս 2020-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանին, շրջագայեցաւ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած պայթումին պատճառով վնասներ կրած եկեղեցիներն ու կառոյցները` մօտէն ծանօթանալու կացութեան եւ ստեղծուած պայմաններուն: Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Ս. Նշան մայր եկեղեցի, Սրբոց

Continue reading

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանն Ու Ազգային Իշխանութիւնը

Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը եւ Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամները: Առաջնորդ Սրբազանը թեմին անունով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր

Continue reading

Հաղորդագրութիւն

Ստանալէ ետք Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին վաւերացման պաշտօնագիրը, Հինգշաբթի, 30 Յուլիս 2020-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին, նորընտիր Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը անջատաբար գումարեցին անդրանիկ նիստերը, որոնց ընթացքին կազմեցին դիւանները հետեւեալ դասաւորումով․- Կրօնական Ժողով Ատենապետ               Արժ. Տ.

Continue reading

«Հաւաքական Ճիգով Պիտի Յաղթահարենք Ճգնաժամը», Հաստատեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք․ Փանոսեան՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ Հանդիպումին

Հինգշաբթի, 30 յուլիսին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հայոց թեմի նորըտնիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք․ Փանոսեանին եւ այս առիթով նաեւ շնորհաւորեց զայն՝ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ շնորհուած արքութեան տիտղոսին համար։ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովը միաձայնութեամբ իր վստահութեան քուէն

Continue reading

Հ Ա Ղ Ո Ր Դ Ա Գ Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն

  ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ցուցմունքով ու պետականօրէն թելադրուած նոր որոշումներու լոյսին տակ, այսու կը տեղեկացնենք, որ հաւատացեալ մեր ժողովուրդը «Քորոնա» համաճարակի սաստկացող վտանգներէն պաշտպանելու դիտաւորութեամբ, կիրակի, 2 օգոստոս 2020-ին եւ կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին,  Անթիլիասի մայր տաճարին ու Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի արարողութիւնները պիտի կատարուին

Continue reading