Մասնակցութեամբ «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբին. Համազգայինի «Այգ» Երիտասարդական Երգչախումբի Հոգեւոր Համերգ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, նախագահութեամբ նախկին նախարար Արթիւր Նազարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին` մասնակցութեամբ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ

Continue reading

«Հայ Մամուլի Տարի». Հսկումի Ժամերգութիւն Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Լիբանանահայ Մամուլի Ննջեցեալ Մշակներու Հոգիներուն Համար

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, երէկ` ուրբաթ, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հսկումի ժամերգութիւն, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` լիբանանահայ մամուլի ննջեցեալ մշակներու հոգիներուն համար: «Լոյսի զաւակներու վայել կեանք ապրեցէք, որովհետեւ լոյսի պտուղներն են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը», ըսաւ Սրբազան

Continue reading

Քաղցկեղի Կանխարգիլման Դասախօսութիւններու Շարք` Թիւ 2. Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ Դասախօսեց «Թոքերու Քաղցկեղ» Նիւթը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարքին երկրորդը` «Թոքերու քաղցկեղ» նիւթը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Դասախօսն էր քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ

Continue reading

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Ճեմարան

Հինգշաբթի, 11 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Ճեմարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անդամներու կողմէ: Առաջնորդ Սրբազանը նախ ծանօթացաւ «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի անձնակազմին եւ աշխատելաձեւին, ապա շրջագայեցաւ կառոյցին զանազան բաժինները: Այնուհետեւ դպրոցի մայր շէնքին մէջ տնօրէնութեան հետ հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Ճեմարանի

Continue reading

Յովհաննէս Թումանեանի Եւ Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-ամեակի Նշում

Կիրակի, 7 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ եզրափակուեցաւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնին լիբանանեան ներկայացումներու գեղարուեստական ծրագիրը` Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկով: Անիկա կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին նախագահութիւնը եւ իրականացաւ Լիբանանի Հայոց Ազգային առաջնորդարանին

Continue reading

Տօնախմբութեամբ Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագով Նշուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

Անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 30 մարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցած մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ Արաքս փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն-տօնավաճառ: Փողոցին վրայ տեղադրուած էին տաղաւարներ, ուր կը վաճառուէին պահքի ճաշեր, խմորեղէններ, քաղցրեղէններ,

Continue reading

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն. «Հոգեւոր Ու Ազգային Արժէքները Եւ Արդի Արհեստագիտութիւնը» Նիւթով Շահեկան Սեմինար

Շաբաթ, 30 մարտ 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտներու միօրեայ սեմինար, որուն նիւթն էր «Հոգեւոր ու ազգային արժէքները եւ արդի արհեստագիտութիւնը»: Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Եղիշէ Մանուկեան, Միացեալ եւ «Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան վարժարաններէն աշակերտներ: Սեմինարը սկսաւ ժամերգութիւն-աղօթքով, ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ սեմինարին բացումը

Continue reading

Աշակերտական Սուրբ Պատարագ Երկու Ազգային Վարժարաններուն Մէջ

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի տնօրինումով եւ հանդիսապետութեամբ, հինգշաբթի, 28  եւ ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ի առաւօտեան ժամը 7.30-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին եւ Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ  աշակերտական սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ: Եղիշէ Մանուկեանի մէջ ս. պատարագը մատուցեց Առաքել քհնյ. Տմտմեանը, իսկ Միացեալ վարժարանին` Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը: Սուրբ

Continue reading

Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հրաւէրով Լիբանանի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ Եւ Աւետարանական Հոգեւորականներու Հանդիպում

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, հինգշաբթի, 28 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու Մեծ պահքի աղօթական հաւաք եւ ընթրիք: Հոգեւոր հայրեր, Նարեկ

Continue reading

Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հանդիպումը Խումբ Մը Լիբանանահայ Երգողներու Եւ Ընկերակցողներու Հետ

Երեքշաբթի, 26 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի եւ լիբանանահայ երգողներու եւ ընկերակցողներու հետ ծանօթացման իւրայատուկ հանդիպումը: Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ յայտնեց, թէ նշեալ հաւաքին նպատակն է սերտել

Continue reading