Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հոգեւոր Հայրերու Եւ Անոնց Ծնողներուն Հետ

Հինգշաբթի, 21 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերուն եւ անոնց ծնողներուն հետ: Իր բնոյթին մէջ եզակի հանդիպումին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց,

Continue reading

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հոգեւոր Հայրերու Եւ Անոնց Ծնողներուն Հետ

Հինգշաբթի, 21 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերուն եւ անոնց ծնողներուն հետ: Իր բնոյթին մէջ եզակի հանդիպումին ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց,

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ը. Դասարանի Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»

Հինգշաբթի, 14 մարտ 2019-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի Ը. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն` ընկերակցութեամբ իրենց հայոց լեզուի դասատուին` Նազելի Աւագեանի: Լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերու դիմագիծին, խօսեցաւ բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց «Ազդակ»-ի պաշտօնական

Continue reading

«Հայ Մամուլի Տարուան» Առիթով. Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լիբանանահայ Օրաթերթերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետին կողմէ «2019. Հայ մամուլի տարի» հռչակուելուն առիթով, հինգշաբթի, 14 մարտ 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները` «Ազդակ»-էն Շահան Գանտահարեանը, «Զարթօնք»-էն Սեւակ Յակոբեանը եւ «Արարատ»-էն Անի Եփրեմեանը: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը պատասխանատու

Continue reading

Քաղցկեղի Կանխարգիլման Նիւթով Դասախօսութիւններու Շարքը Սկսաւ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը նախաձեռնած են քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարք մը, որուն առաջինը` «Աղիքներու քաղցկեղ» նիւթով, տեղի ունեցաւ  հինգշաբթի, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Դասախօսն էր քաղցկեղի մասնագէտ

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Տիկնանց Յանձնախումբի Գարնանամուտի Ճաշկերոյթ

Չորեքշաբթի, 13 մարտին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Անի Կիտանեանի, գարնանամուտի առիթով ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Նահր Քալպի «Ռիվըր կարտըն» ճաշարանին մէջ: Ձեռնարկին բացումը կատարելով` յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան ըսաւ, որ ներկաները ընդառաջելով հրաւէրին` քաջալերած կ՛ըլլան տիկնանց յանձնախումբին ձեռնարկները, որոնց նպատակն

Continue reading

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտարեան Մեծարուեցաւ

Կազմակերպութեամբ Թրիփոլիի Ազգային արաբական շարժումներու միացեալ կազմակերպութեան եւ Թրիփոլիի մշակութային եւ կրթական միութիւններու մասնակցութեամբ, շաբաթ, 9 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ հայ  թէ օտար հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ տեղւոյն քաղաքական եւ կրթական անձնաւորութիւններ: Մեծարեալը` Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի երկարամեայ եւ

Continue reading

Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Սրբազանը Զահլէի Մէջ

Կիրակի, 10 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հանդիսապետեց Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կրօնական արարողութեանց: Սուրբ պատարագը մատուցեց հոգեւոր հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեան: Քարոզեց նախկին հոգեւոր հովիւ Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեան: Սուրբ պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը «Օրհնութեան գիր»-ով պատուեց տէր Ներսէսը, որ երեսնամեայ ծառայութենէ ետք հանգստեան

Continue reading

Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելութիւն Տուաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի, Ազգային առաջնորդարանի արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն Պարոյր Տէր Ղուկասեանի եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան,

Continue reading

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Երկու Ազգային Վարժարանները

Հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի, այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան ու Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէն խորհուրդներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Հայրը ընդգծեց վարժարաններուն մէջ հոգեւոր մթնոլորտի կենսունակութեան կարեւորութիւնը եւ փոխանցեց մարտ ամսուան ընթացքին զոյգ վարժարաններուն մէջ

Continue reading