Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Վարդանանցի Եւ Բարեկենդանի Տօնակատարութիւն
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտները տարբեր ձեռնարկներու ճամբով նշեցին Վարդանանքը եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնախմբեցին Բարեկենդանը: Չորեքշաբթի, 27 փետրուարին վարժարանի Բ.- Է. դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան Ազգային վարչութեան Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած Վարդանանցի տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Այս ձեռնարկին քոլեճի նախակրթարանին երգչախումբը հանդէս եկաւ ազգային-հայրենասիրական երգերու փունջով
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Տարբեր Ոճով Տօնեցին Բարեկենդանը
Բարեկենդան, բարեկենդան, Բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան: Բարեկենդանի տօնի նախօրեակին Ազգային միացեալ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին դպրոց ներկայացան ծպտուած` հայկական եւ ձեռային աշխատանքներով պատրաստուած տարազներով: Աշակերտներուն կը սպասէր տարբեր օր մը: Անոնք յատուկ այցելութիւններով պիտի նշէին Բարեկենդանի տօնը, պիտի շրջէին Պուրճ Համուտի Արաքս փողոցը, Մարաշ թաղը եւ Ամանոսի
Սրբոց Վարդանանց Տօնին Եւ Համանուն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Արժանաւոր Նշում
«Հայրենասիրութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքով Թարգմանել Եւ Հայ Քրիստոնէական Հաւատքը Հայրենասիրութեան Վերածել` Միմիայն Հայուն Տրուած Կարողութիւն Է» Նարեկ Արքեպիսկոպոս Պուրճ Համուտի Նորաշէն թաղամասի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած մեծաթիւ հաւատացեալները հինգշաբթի, 28 փետրուար 2019-ին եկած էին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի խօսքերով, 451 թուականը, մեր առօրեային եւ ներկային առնչելով,
Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան Մասնակցութեամբ Ձեռնարկ` Նուիրուած Վարդանանց Ճակատամարտին
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան երէկ` չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած ձեռնարկ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ Լէոնարտօ Խայեաթ: Ան պատմական ակնարկ
Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Հանդիսաւոր Նշում` Հայ Եկեղեցւոյ Քահանայից Տօնին
Երէկ` երեքշաբթի, 26 փետրուար 2019-ին տօնն էր Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն, նաեւ հայ եկեղեցւոյ քահանաներուն: Առ այդ, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:
Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ
Կիրակի, 24 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան թաղական խորհուրդներու ընտրութիւններ: Հաւատացեալ հայորդիները խուռներամ շարքերով մասնակցեցան ընտրութեան: Թաղական խորհուրդներու ընտրական յանձնախումբերը ճշդուած կարգով հսկեցին ընտրութիւններուն: Յառաջիկային Ազգային առաջնորդարանը յատուկ հաղորդագրութեամբ կը ներկայացնէ ընտրութեանց ընթացքը եւ արդիւնքները:
Տօնավաճառ, Գեղարուեստական Յայտագիր Եւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ` Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով
Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղամասին մէջ: Արդարեւ, շաբաթ, 16 փետրուարի առաւօտեան կատարուեցաւ ոչխարներու զենումը, որմէ ետք ընթացք առաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, եկեղեցւոյ կից փողոցին մէջ կազմակերպուած էր տօնավաճառ, ուր տեղադրուած էին տաղաւարներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերած էին
«Մտածողներու Մշակոյթի Մը Ստեղծումը» Նիւթով Սեմինար
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 16 փետրուար 2019-ին առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մտածողներու մշակոյթի մը ստեղծումը» (Creating a culture of thinkers) նիւթով վարժանիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները: Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Գեղուհի Պողարեան բարի գալուստ
Տիգրան Մանսուրեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին
Ուրբաթ, 15 փետրուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով Հայաստանէն Լիբանան եկած հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին հետ: Հաւաքին հայրենի արուեստագէտն ու առաջնորդ սրբազանը քննեցին հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Նարեկ Արքեպիսկոպոս հակիրճ կերպով ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանի
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Փրկիչը Ամէն Տեղ Է, Պէտք Է Հոգիի Աչք Ունենալ Տեսնելու Զայն» Ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս
Չորեքշաբթի, 13 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք տօնախմբելու Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնը` աւելցնելով, որ մեր եկեղեցւոյ հայրերը իմաստութիւնը