Նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր. Երեքշաբթի Օրերու Ս. Պատարագները Եւ Աստուածաշնչական Սերտողութեան Հանդիպումները Ընթացք Առին
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Աարքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Կրօնական ժողովին եւ Ազգային առաջնորդարանի երիտասարդական յանձնախումբին, 22 յունուար 2019-էն սկսեալ ամէն երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-8:00, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ, որուն նպատակն է առիթ տալ այն հայորդիներուն, որոնք կիրակի օրերուն կողքին, շաբթուան ընթացքին եւս կը
Նարեկ Քհնյ. Հեճինեան Ստացաւ Աւագութեան Աստիճան
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 20 յունուար 2019-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, ընդառաջելով իր խնդրանքին, աւագութեան աստիճան շնորհած է եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ քհնյ. Հէճինեանին` առ ի գնահատանք իր բազմամեայ վաստակին:
«Ասպարէզի Ուղղութիւն Շրջանաւարտներու Կողմէ» Նիւթով Արեւելումի Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 19 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-12:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասպարէզի ուղղութիւն շրջանաւարտներու կողմէ» (Career guidance from the alumni) նիւթով արեւելումի ձեռնարկը` մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու 170 աշակերտներու: Սրահին մէջ զետեղուած սեղաններու ետին իրենց տեղերը գրաւած
Ընկերային Բաժանմունքի Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2018-ի Գործունէութեան Ամփոփում
Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային յանձնախումբին հովանաւորութիւնը վայելող Ընկերային բաժանմունքի անցնող երկու ամիսներու գործունէութիւնը ներկայացնելու նպատակադրումով, ամփոփ կէտերու մէջ կը ներկայացնենք գլխաւոր աշխատանքները: Ա. Կազմակերպութեամբ Ընկերային բաժանմունքին, 14 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ, շաբաթական դրութեամբ սկսաւ գործել մայրերու վարժողական-դաստիարակչական ծրագիրը, որուն նպատակն է նպաստել ծնողներու ինքնաճանաչողութեան զարգացման` ընկերութեան ու ընտանիքին մէջ ունենալու համար առաւել
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ժիպէյլ Եւ «Թռչնոց Բոյն»
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի հոգեւոր տեսուչ Արտաւազդ աբղյ. Շառոյեանի եւ խնամակալութեան անդամներուն, շաբաթ, 12 յունուար 2019-ին, այցելեց Ժիպէյլ-Պիպլոսի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Ուիսամ Զաարուրի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ: Սիրալիր ընդունելութեան ընթացքին, Սրբազանը հաստատեց, որ «Թռչնոց բոյն»-ը կը վայելէ Արամ Ա. վեհափառ
Հայաշէն. Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Անցնող շաբաթավերջին Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, կիրակի, 13 յունուար 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի եւ Լեւոն աբղյ. Եղիայեանի, այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, որմէ ետք առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ մասնակցութեամբ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Դրական Կարգապահութեան Վարժանիստ
Ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրներու ծիրէն ներս եւ գործակցութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի հետ, շաբաթ, 12 յունուարին «Դրական կարգապահութեան» միօրեայ վարժանիստ մը տեղի ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ: Վարժանիստը ղեկավարեց «Գարակէօզեան» հիմնարկի ընկերային ծառայող Յասմիկ Տօնոյեանը. մասնակցողները եղան վարժարանի բոլոր բաժիններու ուսուցիչները: Աշխատանքները սկսան «Գարակէօզեան» հիմնարկի մասին պատրաստուած համակարգչային ներկայացումով մը,
Յատուկ Վարժանիստ` Ազգային Վարժարաններու Մարզանքի Ուսուցիչներուն Եւ Մարզիչներուն Համար
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 12 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մարզանքի ուսուցիչներու եւ մարզիչներու վարժանիստ, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչները եւ մարզիչները: Օրուան բանախօսն էր 8 անգամ Լիբանանի աղեղնաձգութեան ախոյեանութեան տիրացած «Այ. Սի.» դպրոցի մարզանքի ուսուցիչ
Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի Տարեկան Փոքր Հիմնադրամներ
Ազգային առաջնորդարանի ծաւալած ծրագիրները տարեկան դրութեամբ նիւթապէս հովանաւորելու կարելիութիւն ընծայելու համար, հաստատուեցաւ «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՓՈՔՐ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐ» ծրագիրը, որուն միջոցով տարեկան նուազագոյնը $1.000 ամերիկեան տոլարի գումարով հայորդիներ կը մասնակցին Լիբանանի Հայոց թեմի բազմերես առաքելութեան: Այս ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ վեց մարզերը. Ա.- Ներկայ եւ ապագայ հոգեւոր սպասաւորներու վերապատրաստութեան եւ կազմաւորման
Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ Կատարուեցաւ Տնօրհնէք
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 9 յունուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ տնօրհնէք, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին եւ մասնակցութեամբ առաջնորդարանի պաշտօնէութեան: Արարողութիւնը կատարեց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր գրասենեակին մէջ կատարուած արարողութենէն ետք, Նարեկ Արքեպիսկոպոս նշեց, որ իր բնոյթին մէջ