Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Յանձնախումբին
Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Լիբանանի Հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աթշանէի վանքին մէջ իր հերթական ժողովը գումարող Անկլիքան-Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու Աստուածաբանական յանձնախումբի անդամներուն: Ժողովականներ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր այցելութեան համար եւ իրենց աշխատանքին մասին զեկուցեցին: Յայտնենք, որ շուրջ 20 տարի առաջ Արամ Ա.
Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ
Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հայ լեզուի առաջին ուսուցիչին եւ անոր աշակերտներուն` յարգելով անոնց անթառամ յիշատակը, անմահացնելով անոնց սուրբ գործը: Ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2018-ին նախակրթարանի դասարանները ունեցան արտադասարանային աշխատանքներ: Տարրական դասարանները տարբեր ձեռային աշխատանքներով եւ դիտելով տեսերիզներ` նուիրուած Մեսրոպ Մաշտոցի ու թարգմանիչներուն, ուխտեցին հաւատարիմ մնալ այդ վսեմ առաքելութեան:
Հոգեհանգիստ` Վաղամեռիկ Ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի Մահուան Ժէ. Տարելիցին Առիթով
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վաղամեռիկ համալսարանաւարտ փայլուն ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԷ. տարելիցին առիթով: Ս. պատարագի աւարտին, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ սրտի խօսք արտասանեց Սրբազան Հայրը: Ան նկատել տուաւ,
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ . Թարգմանչաց Տօն
Հայ ժողովուրդի եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ մեծ կարեւորութիւն եւ արժէք ներկայացնող Թարգմանչաց տօնը արժանավայել կերպով նշուեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ: Արդարեւ, ամբողջ շաբթուան ընթացքին դասարաններու եւ միջանցքներու պատի թերթերն ու ցուցանակները ծածկուած էին Ե. դարուն տեղի ունեցած հայ գիրերու գիւտին եւ անոր յաջորդած թարգմանական մեծ աշխատանքին առնչուող տեղեկութիւններով
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Լիբանանահայ գաղութ կառոյցներուն իր տուած ծանօթացման զանազան հանդիպումներուն առընթեր, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական, կրթական, առողջապահական եւ ընկերային հսկայածաւալ գործունէութեան ծանօթանալու միտումով, Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի, ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտուն այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Կեդրոնի մուտքին Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորեցին
Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան
Լիբանանահայ կառոյցներու ծանօթացման աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, ուր դիմաւորուեցաւ կառոյցի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Առաջնորդ Սրբազանը շրջագայելով կեդրոնին մէջ, մօտէն ծանօթացաւ բուժարանի բաժանմունքներուն եւ աշխատանքներուն: Ապա Առաջնորդ Սրբազանը կեդրոնի սրահին
Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Երեքշաբթի, 2 հոկտեմբերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մեծ ընտանիքը հաճոյքը ունեցաւ ընդունելու այցելութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի: Աշակերտութիւն եւ ուսուցչական կազմ «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ դիմաւորեցին Սրբազան Հայրը, որուն կ՛ընկերակցէին վարժարանի տնօրէն-խորհուրդի անդամներն ու խնամակալութեան ատենապետը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով
Հաղորդագրութիւն
Ազգային առաջնորդարանի գերեզմանատուներու բարեզարդման աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, աւարտեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան նորոգութիւններու աշխատանքներուն առաջին փուլը: Գերեզմանատան մուտքն ու գլխաւոր անցքերը, սալայատակները եւ ընդունարանը նորոգուեցան, հիմնական անցքին վրայ տեղադրուեցան նստարաններ եւ մեծ ծածկոյթ մը: Այս աշխատանքները կատարուեցան Հրայր, Լորի եւ Հայկ Պօղոսեաններուն կողմէ` ի յիշատակ իրենց ողբացեալ մեծ հօր ու
Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցչաց Համագումար
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինին, 28, 29 եւ 30 սեպտեմբեր 2018-ին, «ՔՋԱԿ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչաց համագումար վերամուտի առիթով: Համագումարի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ նշեց, թէ վերամուտի նախօրեակին վերաորակաւորման եւ աշխատանքներու վերադասաւորման նպատակադրումով նմանօրինակ հաւաքները ե՛ւ շահեկան են,
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով
Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, երէկ` կիրակի, 30 սեպտեմբեր 2018-ին, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, կատարուեցաւ մատաղօրհնէք, նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ մէջ ծառայած ննջեցեալներու հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Ան իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը նշելը