Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Մօտէն Ծանօթացաւ Զահլէի, Ռայաքի, Ժալալայի Եւ Այնճարի Հոգեւոր Եւ Կրթական Կառոյցներուն
Հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի հասաւ Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան եւ առաջնորդարանի ներկայացուցիչներուն: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած «Կանոնական աղօթք»-էն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ ծուխի հովիւին, թաղականութեան եւ Ազգային երեսփոխանին հետ: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Զահլէն
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Նորընտիր Առաջնորդը, Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ու Կրօնական Ժողովները
Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսը, Ազգային վարչութեան Քաղաքական ու Կրօնական ժողովները: Անոնք, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, թեմին դիմաց ծառայական նոր շրջան բացուող ներկայ փուլին վեհափառ հայրապետին այցելեցին` լսելու կաթողիկոսին թելադրանքը: Վեհափառ հայրապետը ողջունելով նոր Առաջնորդին ընտրութիւնը, ինչպէս
Լիբանանի Հայոց Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Միացեալ Եւ Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանները
Չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային Միացեալ վարժարան այցելեց Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` մօտէն ծանօթանալու վարժարանի կառոյցին եւ գործունէութեան: Այցելութեան սկզբնաւորութեան Առաջնորդ Սրբազանը շրջագայեցաւ եւ բաժանմունքներուն մասին տեղեկութիւններ ստացաւ վարժարանի կրթական պատասխանատու Գրիգոր Էքմեքճեանէն եւ վարչական պատասխանատու Նելլի Վէքիլեանէն: Ապա տեսչարանին մէջ Սրբազան Հայրը
Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Արժանացաւ Ժողովրդային Ընդունելութեան
Կիրակի 2 սեպտեմբեր 2018-ին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան մատուցեց հրաժեշտի Ս. պատարագ: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, հայ
Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Ուրբաթ, 31 օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը Պէրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարեց յատուկ նիստ` միակ օրակարգ ունենալով թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը: Ժողովը սկսաւ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի աղօթքով, որմէ ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկաներուն ընթերցեց Թեմական կանոնագրութեան մէջէն առաջնորդի
Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Նոր Շրջանի Առաջին Նիստ
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 օգոստոս 2018-ին` երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու
Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Հինգշաբթի, 19 յուլիսի առաւօտուն Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանը այցելեցին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, ուր դիմաւորուեցան քոլեճի խնամակալութեան, տնօրէն խորհուրդին եւ անձնակազմին կողմէ: Վարժարանի սրահին մէջ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան` հաստատելով իր
Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ամավերջի Հանդէսը` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին
Շաբաթ, 30 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, տեղի ունեցաւ «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի ամավերջի հանդէսը` քոլեճի շրջափակին մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեան եւ «Սարդարապատ» յաղթերգի կշռոյթին տակ, կատարողութեամբ նախակրթարանի երգչախումբին, շրջանաւարտները հանդիսաւոր կերպով բարձրացան բեմ ու գրաւեցին
Հաղորդագրութիւն
Կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5:00, Լիբանանի հայոց թեմի 15 եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ազատ քուէարկութիւն` ընտրելու համար Ազգային երեսփոխանական ժողովին համար 36 աշխարհական երեսփոխաններ: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան հեզասահ ընթացքով, խանդավառ մթնոլորտի մէջ ու ապահովական ուժերու անմիջական հսկողութեան ներքեւ: Ստորեւ կու տանք յառաջիկայ
Ազգային Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը Առիթ Հանդիսացաւ Դարձեալ Հաստատելու, Որ Մեր Ժողովուրդը Տէրն Է Իր Կեանքին
Կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային քուէարկութիւն, ընտրելու համար թեմի Ազգային նոր երեսփոխանները: Յայտնենք, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովը Լիբանանի հայոց թեմի օրէնսդիր բարձրագոյն ժողովն է, բաղկացեալ` 42 երեսփոխաններէ, որոնցմէ 36-ը աշխարհական, որոնք կ՛ընտրուին ժողովուրդին կողմէ, իսկ 6 հոգեւորական երեսփոխաններ