Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ Իր Առաջին Հունձքը` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի Ոգիով Լիցքաւորուած

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, երէկ` հինգշաբթի, 28 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի երկրորդական դասարաններու ամավերջի հանդէսը: Շրջանաւարտներու սրահ մուտքով մեկնարկը տրուեցաւ յայտագիրին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Միացեալ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք գործադրուեցաւ

Continue reading

Հաղորդագրութիւն

  Ահաւասիկ, Ազգային միացեալ վարժարանը բոլորեց իր կրթական անդրանիկ տարեշրջանը: 2017-2018 տարեփակի փուլին, բնական մղումով կը խորհրդածենք, որ թէեւ Ազգային վեց վարժարաններու միաւորման ընթացքը ունեցաւ բարեյաջող արդիւնք, սակայն միաժամանակ, անհրաժեշտ է յիշել, որ տարեշրջանի ընթացքին պարտաւորուեցանք դիմագրաւել բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք արդիւնք էին միջավայրի փոփոխութեան եւ առարկայական այլ գործօններու: Անկասկած, տարեշրջանի

Continue reading

«Մենք Ենք Ապագան»

Ազգային Միացեալ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները ուխտեցին անեղծ սիրով գուրգուրալ իրենց տունը դարձած Ազգային Միացեալ վարժարանին  եւ կերտել հայու նկարագիր` շաղախուած լաւ մարդու օրինակով։ Տարիներ առաջ տեսիլը դարձաւ իրականութիւն, երբ հիմը դրուեցաւ Ազգային Միացեալ վարժարանին` մէկ յարկի տակ համապարփակելու վեց ազգային վարժարաններ, միացնելու  վեցին ուժն ու կորովը, եռանդն ու աշխատանքը, որովհետեւ

Continue reading

Ազգ. Յառաջ Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Յառաջ մանկապարտէզի 2017-2018 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 յունիս 2018-ի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակին մէջ: Ներկայ էին պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի բարերար տէր եւ տիկին Լեւոն Թորոսեան, բարերարներ, հիւրեր եւ ծնողներ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Վարժարանը բարձր

Continue reading

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Երբ դար մը առաջ աննման հայ ազգին աննման հայ ժողովուրդը եւ անկրկնելի կամաւոր գունդերը 1918 մայիս 28-ի սխրագործութիւններով կերտեցին հայոց պատմութեան ամենափայլուն էջերէն մէկը` հիմնելով ազատ, անկախ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, այդ եւ յաջորդող սերունդները արդեօք կը յուսայի՞ն, որ հայը ամբողջ դար մը աշխարհի տարածքին այդ փառապանծ տօնը պիտի յիշէ ուրախութեամբ

Continue reading

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2018-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը

Ուրբաթ, 22 յունիս 2018-ի երեկոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ կայացաւ ամավերջի հանդէսը: Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք աւարտականի աշակերտները սրահի զանազան բաժիններէն երգելով ու պարելով բեմ բարձրանալով ներկայացուցին «Թող ծածանուի եռագոյնը» կտորը: Կարէն Գազանճեան մեկնաբանեց «Մշեցի մօր երգը» եւ «Վաղ թէ ուշ» երգերը, ընկերակցութեամբ

Continue reading

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» Մանկապարտէզի Հանդէս

Կիրակի, 10 յունիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը  11:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը ներկաները փոխադրեցին Հայաստանի մայրաքաղաքի հրապարակը, ուր ներկայացուեցաւ «Լոռին ու Մեղրին Հայաստանի մէջ» խորագրուած հանդէսը: Կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով, իսկ ծաղիկ դասարանէն երեք

Continue reading

Արժ. Տ. Միքայէլ Քհնյ. Տեմիրճեան Ստացաւ Լանջախաչ Կրելու Արտօնութիւն

Կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, Ֆանարի Ս. Մատրան մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, Արժ. Տ. Միքայէլ Քհնյ. Տեմիրճեանի շնորհուեցաւ լանջախաչ: Արդարեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի առաջարկութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը սրբատառ կոնդակով քահանայ հօր շնորհեց լանջախաչ կրելու արտօնութիւն` առ ի գնահատանք անոր

Continue reading

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու կու գանք պաշտօնապէս ծանուցելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի նոր Ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան համար ժողովրդային քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ: Առ այդ, հաճեցէք նկատի ունենալ. ա.- Ընտրութեան կրնան մասնակցիլ 18 տարիքը ամբողջացուցած Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ այն բոլոր զաւակները (առանց սեռի խտրութեան),

Continue reading

56 Ծաղիկներ Աւարտեցին Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզը

Ազգային Միացեալ վարժարանի մանկապարտէզի 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երկու հանգրուաններով: Ուրբաթ, 8 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ բեմ բարձրացան մանկամսուրի եւ Բողբոջ դասարաններու փոքրիկները: Ծիածանի վառ գոյներով զարդարուած բեմէն «Ահա եւ մենք» խորագիրին տակ անոնք ներկայացուցին մանկապարտէզի առօրեան` երգերու եւ պարերու

Continue reading