Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. «Հրաչ Եւ Ճինա Պոյաճեան» Դահլիճի Բացման Հանդիսութիւն
Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ նորակառոյց «Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեան» դահլիճի բացման հանդիսութիւնը: Նորակառոյց դահլիճին բացումը կատարեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ բարերար տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Ճինա
Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնակատարութիւն
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագ եւ նախավկայ մարտիրոս Ս. Ստեփանոսի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագը մատուցեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտներուն Այցելութիւնը Հայ Ազգային Բուժարան-Ազունիէ
Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2017-ին այցելեցին բուժարանի ծերունիներուն, հիւանդներուն, պատսպարեալներուն եւ պաշտօնեաներուն` Կաղանդի ճոխ մթնոլորտ ստեղծելով եւ նուէրներու բաշխումով:
Արտաքուստ Բարեզարդուած Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Մէջ. «Պէտք Է Հաւատքի Արտայայտութեամբ Լսել Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին` Մեր Հոգիներուն Մէջ Արձագանգող Պատգամը» Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը
Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնին եւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ արտաքուստ բարեզարդման առիթով, անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 16 դեկտեմբերին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աղօրհնէք, որուն յաջորդեց ոչխարներու զենում եւ մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ կատարուեցաւ հսկումի արարողութիւն: Կիրակի,
«Մանկավարժական Մշակման Օր»` Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներուն
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-1:30, Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական մշակման օր»` մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն: Ուսումնական խորհուրդին անունով հայերէնով եւ անգլերէնով Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ սփիւռքի հայապահպանման հոլովոյթին մէջ
Ազգային Միացեալ Վարժարան. Ընթրիք` Ի Պատիւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Մասնակիցներուն
Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ հրաւէրով Լիբանանի հայոց թեմին, հինգշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2017-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք` ի պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին մասնակից տարբեր գաղութներէ եկած կրօնական եւ աշխարհական պատգամաւորներուն եւ հրաւիրեալներուն: Լիբանանի եւ Հայաստանի
Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում
Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 25 նոյեմբերի կէսօրին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Կիրակի, 26 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:15-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յիշատակարանի Եւ Նուիրատուներու Ցուցատախտակներու Բացում
Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի յիշատակարանի հաստատման եւ նուիրատուներու ցուցատախտակներու բացման պաշտօնական հանդիսութիւն: Սրբազան հօր Տէրունական աղօթքէն եւ վեհափառ հայրապետին օրհնութեան աղօթքէն ետք, Ազգային
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Լիբանանի Նախագահական Պալատ
Ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ին Ազգային միացեալ վարժարանի երկրորդականի եւ արհեստիցի աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի կրթական պատասխանատու Գրիգոր Էքմէքճեանին եւ ուսուցիչներուն, մեկնեցան Լիբանանի նախագահական պալատ, ուր ծանօթացան պալատի բաժանմունքներուն, ժողովասրահներուն եւ մամլոյ ասուլիսի սրահին: Աշակերտները պալատ այցելելով` մօտէն իրազեկ դարձան նախագահական պալատի եւ նախագահներու աշխատանքներուն: Աւարտին, աշակերտները հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի Հանրապետութեան
Աշխատավարձի Յաւելումներու Օրէնքին Գծով. Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնօրէններու Եւ Կրթական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչներու Հաւաք` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հրաւէրով, հինգշաբթի, 16 նոյեմբեր 2017-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու հաւաք` մօտէն հետեւելու աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքի որդեգրման զարգացումներուն եւ հաւաքաբար մտածելու առկայ բազմատեսակ հարցերու լուծումներուն մասին: Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը











