Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 2 յունիսին, վարժարանի շրջափակին մէջ, ներկայութեան Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներու, քոլեճի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, տիկնանց յանձնախումբին, ուսուցչական կազմին, շրջանաւարտներու ծնողներու եւ հարազատներու:
Հանդէսը սկիզբ առաւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով, ապա` Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Գեղարուեստական բաժինով հայերէն ասմունքով հանդէս եկան Անասթազիա Մկրտիչեան, Տաթեւ Արապօղլեան եւ Լիւսի Ունճեան, իսկ Շանթ Ճէհիզեան եւ Հրակ Տիշչէքէնեան անգլերէն ոտանաւոր մը արտասանեցին: Ապա շրջանաւարտներու դպրոցական կեանքը (մանկապարտէզէն մինչեւ ԺԲ. դասարան) տասնեակ մը նկարներով ամփոփող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ ներկաներուն:
ԺԱ. դասարանէն Ալին Այանեան` շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, շեշտը դրաւ հայ աշակերտ կոչուելու դժուար պարտաւորութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ այս վարժարանին մէջ անոնք ստացան անհրաժեշտ գիտութիւնն ու զէնքերը` դիմագրաւելու կեանքի բոլոր խոչընդոտները, միշտ հետեւելով քոլեճի «Հաւատք, կամք ու նուիրում» նշանաբանին: Այանեան կանաչ ճամբայ եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն` խոստանալով, որ ինք եւ իր դասընկերները պիտի ըլլան անոնց արժանաւոր յաջորդները:
Շրջանաւարտ դասարանին կողմէ ընթերցուեցան արաբերէն (Փաթիլ Ասատուրեան), անգլերէն (Արմէն Թաթեան), գիտութեանց (Քրիստափոր Առաքելեան) եւ հայերէն (Լիակ Մարտիրոսեան) ուղերձներ: Բոլորն ալ շեշտեցին, որ հպարտ են Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի աշակերտ եւ շրջանաւարտ անունը կրելնուն: Անոնք խօսեցան իրենց յիշատակներուն մասին, երախտագիտութիւն յայտնեցին տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին` անոնց ցուցաբերած հոգատարութեան եւ ջամբած գիտութեան ու հայեցի դաստիարակութեան համար. շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ իրենց ծնողներուն, որոնք զիրենք առաջնորդած են Ե. Մանուկեան քոլեճ:
Հայերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ, Լիակ Մարտիրոսեան ակնարկեց տարիներու արագ վազքին` յիշելով, որ տակաւին երէկ մանկապարտէզի աշակերտ էր, իսկ այսօր հայկական վարժարանի հողին մէջ ցանուած փոքրիկ հունտը դարձած է հասուն հունձք, «դարձած է կազմաւորուած ու զարգացած երիտասարդուհի մը` պատրաստ դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու որեւէ խոչընդոտ ու ուղղուելու դէպի փայլուն ապագայ»: Մարտիրոսեան աւելցուց, որ այն անձը, որ մանուկ տարիքէն յաճախած է հայ դպրոց, ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն եւ կեանքին մեծ մասը անցուցած է շրջապատուած հայ ուսուցիչներով եւ դասընկերներով «ոչ միայն փայլուն ապագայ կ՛ունենայ, այլ նաեւ կը դառնայ օրինակելի տիպար, ատակ` ուրիշին փոխանցելու իր ստացածը»:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ԵՄՔ-ի շրջանաւարտ, Հայկազեան ու Սէն Ժոզէֆ համալսարաններու համակարգչային գիտութիւններու եւ տեղեկատուական համակարգերու դասախօս Շանթ Ստեփան, որ դիտել տուաւ, թէ այս վարժարանին մէջ իրենց ստացած գիտութիւնն ու դաստիարակութիւնը վստահաբար հեզասահ պիտի դարձնեն կեանքի յաջորդ փուլը: «Ինչ արժանիքներ, որ ունեցաք` ձեզի հետ պիտի տանիք ու անոնց վրայ պիտի հիմնէք ձեր ապագան: Ապագան շինուած բան մը չէ, դո՛ւք է, որ պիտի կերտէք զայն», հաստատեց պատգամախօսը: Ստեփան շրջանաւարտներուն ըսաւ նաեւ, որ դէպի ապագայ իրենց ճամբան հարթ պիտի չըլլայ, պիտի հանդիպին խոչընդոտներու, զորս պէտք է յաղթահարեն համբերութեամբ: Ան կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն` լաւապէս ուսումնասիրելու իրենց որոշումները, որոնց նպաստը ոչ միայն անհատական պէտք է ըլլայ, այլ նաեւ` հայ ժողովուրդին եւ ազգին:
Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց Անի Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, թէ երկու տարուան կրթական անբնական տարեշրջաններէ ետք, այս տարի կարելի եղաւ գրեթէ բնականոն տարեշրջան մը բոլորել` վարժարանի ամբողջ անձնակազմին ժրաջան աշխատանքներով, որոնք սակայն բաւարար պիտի չըլլային եթէ գոյութիւն չունենային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափարին հովանաւորութիւնը, առաջնորդ սրբազանին գուրգուրոտ մօտեցումը, Ազգային իշխանութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի նիւթական օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական բոլոր հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն հոգածութիւնը, վարժարանի բարերարները, որոնց բոլորին շնորհիւ կարելի եղաւ յաղթահարել դժուարութիւնները: Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ քոլեճի ծնողներուն, որոնք անմիջապէս ընդառաջեցին կոչին եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններով հասան վարժարանի օժանդակութեան: Եւ այսպէս աշակերտները դպրոց վերադարձան իրենց հետ բերելով իրենց աղմուկն ու խաղերը, չարաճճիութիւնները, որոնք վերստին կեանքով լեցուցին բակն ու դասարանները:
Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ծնողներուն` Բագրատունի ըսաւ. «Մեզի յանձնած ձեր մանուկները այսօր ձեզի կը վերադարձնենք իբրեւ հասուն երիտասարդներ, զորս ձեզի եւ մեր ազգին կը յանձնենք: Անոնք բոլորը զինուած են Ե. Մանուկեան քոլեճի վկայականով. պիտի նետուին դէպի կեանք, պիտի յաջողին եւ յաղթեն ամէն դժուարութեան եւ մարտահրաւէրի, ոորվհետեւ ԵՄՔ-ի աշակերտ էին»: Շրջանաւարտներուն դիմելով` Բագրատունի ըսաւ. «Պիտի երթաք դէպի նոր կեանք, պիտի դիմագրաւէք նոր մարտահրաւէրներ, պիտի յաջողիք անկասկած. վկա՛յ մեր բոլոր շրջանաւարտները. լա՛ւ ապագայ պիտի ունենաք, որովհետեւ սքանչելի ծնողներու զաւակներ եւ ազգային վարժարանի աշակերտներ էք»:
«Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, պիտի հանդիպիք ձեզի տարեկից օտարացած հայերու, ձեռք երկարեցէք անոնց, մօտեցուցէք ձեզի, բերէք զանոնք իրենց հարազատ միջավայրին ու ազգին», աւելցուց Անի Բագրատունի եւ կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն` ճիշդ որոշումներ տալու. «Ամէն անգամ որ որոշում տալու դժուարութեան դիմաց գտնուիք, դուք ձեզի հարցուցէք` ա՛յս որոշումը պատիւ կը բերէ՞ ծնողքիս, դպրոցիս, ազգիս. եւ միայն երբ պատասխանը այո՛ է, գործադրեցէք զայն… ուրիշներուն մօտ մի՛ փնտռէք հռչակ ու պատիւ, այլ հռչակ ու պատիւ բերէք ձեր ազգին», եզրակացուց Բագրատունի` յաջողութիւն եւ բարի երթ մաղթելով շրջանաւարտներուն:
Վկայականներու բաշխումէն առաջ տնօրէնութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհիներէն Սիլվա Ներսէսեան: Ապա, ձեռամբ սրբազան հօր, երկրորդականի իրենց վկայականները ստացան 23 շրջանաւարտներ:
Հանդիսութեան աւարտին արտասանած իր խօսքին մէջ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան փառք տուաւ, որ անփորձանք տարեշրջան մը հասաւ իր աւարտին: Ան բարձր գնահատեց Ե. Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, կրթական մշակները, ծնողները, հայկական միութիւններն ու բարերարները, որոնց աշխատանքով եւ օժանդակութեամբ կարելի եղաւ տարին հասցնել իր աւարտին: «Հակառակ բոլոր տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն, հայ դպրոցը պատուով կատարեց իր գործը եւ պատուով ալ կը շարունակէ այդ սրբազան առաքելութիւնը», ըսաւ ան եւ կարեւորութեամբ շեշտեց հայ դպրոցին դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ` նշելով, թէ այս բոլորին համար իւրայատուկ գուրգուրանքի պէտք է արժանանայ հայ դպրոցը: Խօսքի աւարտին, ան յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն եւ շնորհաւորեց զանոնք ու անոնց ծնողները:
2021-2022 տարեշրջանի հունձք.
Ընդանուր գիտութիւն` Ճէովանի Չաւտարեան, օտար ծրագիր` Առլի Սէֆէրեան, Գարին Միսիսլեան, կենսաբանագիտական` Անասթազիա Մկրտիչեան, Լիակ Մարտիրոսեան, Լիւսի Ունճեան, Կալի Քեսմէեան, Փաթիլ Ասատուրեան, Քամի Արապեան, Քրիստափոր Առաքելեան, տնտեսագիտական` Արմէն Թաթեան, Դրօ Պէրպէրեան, Կրէյս Տիրացուեան, Հրակ Տիշչէքէնեան, Հրայր Սարեան, Յակոբ Գարախանեան, Նարեկ Շաննաքեան, Շանթ Ճէհիզեան, Սելինա Շահպազեան, Սիրակ Քենտիրճեան, Տաթեւ Արապօղլեան, Փաթիլ Գրիգորեան եւ Քնարիկ Գարագաւուրեան: