Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Եւ Օսի Քէսմէեան Մանկամսուրի Ամավերջի Հանդէս

 

Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի Ս. Մանուկեան մանկապարտէզի 2021-2022 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 10 յունիսի երեկոյեան, քոլեճի սրահին մէջ` ներկայութեամբ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու, քոլեճի խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին, տնօրէնութեան, հոգեւոր հայրերու, ծնողներու եւ հարազատներու:

Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգներով, զորս խանդավառութեամբ կատարեցին մանկապարտէզի փոքրիկները: Ապա անոնցմէ մէկը ներկայացուց այս տարուան հանդէսին թեման, որ «Նարեկին պալատը» խորագիրը կը կրէր: Հերթաբար, խմբակ առ խմբակ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները խօսեցան Նարեկին եւ անոր ընկերացող թռչնիկին արկածախնդրական ճամբորդութեան մասին: Ճամբորդութիւն մը, որ Նարեկն ու թռչունը տարաւ ցամաքամասէ ցամաքամաս եւ երկրէ երկիր, ուր անոնք ծանօթացան այդ երկիրներուն յիշատակելի վայրերուն, լսեցին անոնց երգերն ու վայելեցին պարերը: Արդարեւ, մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին ամերիկեան, եգիպտական, սպանական, անգլիական, հայկական  եւ այլ պարեր` մեծ ուրախութիւն պատճառելով իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն: Ամէնէն  մեծ խանդավառութիւնը, սակայն, ստեղծեցին մանկամսուրի մանուկները, որոնք իրենց դողդոջ քայլերով ներկայացուցին իրենց մեկնաբանութեամբ պար մը:

Գայեանէ Մարկոսեանի խմբավարութեամբ, մանկապարտէզի երեխաները  ներկայացուցին նաեւ դասական, հարուածային եւ այլ նուագներ, որոնցմէ մէկ քանիին մէջ օգտագործուած միջոցները հետաքրքրական նորութիւններ էին ներկաներուն համար: Անոնք ներկաներուն հրամցուցին նաեւ  արաբերէն, անգլերէն եւ հայերէն երգերու գեղեցիկ փունջ մը:

Մանկապարտիզպանուհի Լուսին Գազանճեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ Սիրան Մանուկեան մանկապարտէզը, երկու տարուան պարտադիր դադարէ ետք, այս տարի բոլորեց բաւական բնականոն տարեշրջան մը` առցանց դասաւանդումէ վերադառնալով դպրոցական սովորական եւ բնական առօրեային: Ան դիտել տուաւ, որ ուսուցիչները ճիգ չխնայեցին մանուկներուն տալու անհրաժեշտ գիտելիքներն ու դաստիարակութիւնը` մանկապարտէզի ապահով միջավայրէն ներս: Գազանճեան շնորհակալութիւն յատնեց տնօրէնութեան, որ ըստ կարելւոյն ընդառաջած է առաջարկուած ծրագիրներուն եւ նեցուկ կանգնած անոնց: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք Սիրան Մանուկեան մանկապարտէզին վստահած են իրենց հոգեհատորները:

Ապա, քոլեճի տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց կրթական տնօրէն  Անի Բագրատունի, որ ողջունելէ ետք ներկաները, կոչ ուղղեց ծնողներուն եւ մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն` վայելելու իրենց զաւակներուն ու թոռներուն այս պահը, որ պիտի չկրկնուի: Բագրատունի գնահատեց մանկապարտէզի ուսուցիչներուն տարած աչալուրջ ու հետեւողական աշխատանքը, որուն շնորհիւ շատ մը դժուարութիւններ ճիշդ ատենին հարթուեցան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ամբողջ անձնակազմին, որուն ճիգին արդիւնքներէն մէկը ամավերջի այս հանդէսն է: Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն, որոնք Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճին դաստիարակութեան վստահած են իրենց զաւակները: Բագրատունի ապա յայտարարեց, որ այս տարի  առաջին անգամ ըլլալով վկայական պիտի ստանան Օսի Քէսմէեան մանկամսուրի փոքրիկները, եւ հրաւիրեց մանուկներն ու անոնց պատասխանատու ուսուցչուհին ստանալու վկայականները` մեծ հրճուանք պատճառելով իրենց ծնողներուն, որոնց համար անակնկալ էր այս արարողութիւնը: Վկայականներու տուչութեան մասնակցեցաւ նաեւ Օսի Քէսմէեան:

Հանդէսի վերջին բաժինով բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնք քոլեճի տնօրէնութեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ Տաճատ վրդ. Աշըգեանի ձեռամբ ստացան իրենց վկայականները: Հոգեւոր հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այս երեխաները պիտի ըլլան վաղուան սփիւռքահայ երիտասարդները, որոնք իրենց ստացած դաստիարակութեամբ պիտի ծառայեն իրենց ազգին: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները` յաջողութիւն մաղթելով բոլորին:

Հանդէսի փակումէն առաջ բեմ հրաւիրուեցաւ Սիրան Մանուկեան մանկապարտէզի ամբողջ անձնակազմը` Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն կողմէ ստանալու համար գունագեղ ծաղկեփունջեր` նուիրուած շրջանաւարտներուն ծնողներուն կողմէ` իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն:

2021-2022-ի հունձք` Ալեքս Տաքէսեան, Ալիք Դանիէլեան, Բարտի Զէյթունեան, Բերիա Զէյթունեան, Դանիէլ Գոճակէօզեան, Էլենա Չիւրիւքեան, Էլիա Աճեմեան, Լիանտրա Գույումճեան, Խաժակ Մկրտիչեան, Մարիա Հաճի Աւետիքեան, Մարք Տեքիրմէնճեան, Մէյրի Սէրայտարեան, Սիմոն Գարաճայեան, Տեսիլ Մագտեսեան, Տիգրան Սաֆայեան: