Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Յայտարարեց Կաթողիկոսութեան Մեծագումար Մասնակցութիւնը Լիբանանահայութեան Վերականգնման 5 Ծրագիրներու

Հայ ազգին ճակատագրակից հայ եկեղեցին մեր կեանքին էական կռուանն է, որուն կ՛ապաւինինք ո՛չ միայն հոգեւոր սնունդ ստանալու, այլ նաեւ, ի հարկին, շրջանցելու կենցաղային մարտահրաւէրներ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, իր առաջնորդական տարիներէն ի վեր, թարգմանը հանդիսանալով եկեղեցւոյ առաքելութեան, գործնական եւ ծրագրաւորուած քայլերով կը հասնի իր հոգեւոր հօտի զաւակներու կարիքներուն: Այսպէս, Լիբանանի տագնապալի օրերու ներկայ փուլին, վեհափառ հայրապետը զօրաշարժի ենթարկած է իր ժողովուրդի զաւակները` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զոյգ առաջնորդարաններու եւ Ազգային իշխանութիւններու ճամբով, որպէսզի անոնց ներուժը ի գործ դրուին կանգուն պահելու եկեղեցւոյ կարիքաւոր միւս զաւակները:

Այս ծիրին մէջ, կիրակի, 5 սեպտեմբեր 2021-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, որ մատուցեց Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, վեհավառ հայրապետը լիբանանահայութեան ուղղեց իր հայրապետական պատգամը:

Ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Վարդգէս Խօշեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ:

Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ողջունեց վեհափառ հայրապետը Ազգային իշխանութեան ու լիբանանահայութեան անունով, եւ նշեց, որ մեր շուրջ փոթորկող կեանքի պայմաններուն մէջ աւելիով կարիքը կը զգանք վեհափառ հայրապետին  խրատին ու խրախուսանքին, որ կու գայ նոր սկզբնաւորութեամբ մը արշալոյսը վերստին զետեղելու մեր կեանքին մէջ:

Շրջապատուած Շահէ եւ Թորգոմ սրբազաններով, ինչպէս նաեւ միաբան հայրերով եւ Ս. Խորանին սպասարկուներով, վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ քրիստոնէական ջերմ սիրով ողջունեց ներկաներն ու համացանցի ճամբով հետեւող բոլոր հայորդիները, եւ աղօթեց առ բարձրեալն Աստուծոյ, որ ժողովուրդին կեանքէն հեռու պահէ ամէն տեսակի չարիք եւ մեր ընտանիքներուն կեանքը ծաղկեցնէ երկնային շնորհներով:

Խօսքը մեկնելով Ղուկասու Աւետարանի 4-րդ եւ 19-րդ գլուխներէն, վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին աշխարհ եկաւ Տիրոջ խօսքը քարոզելու եւ փրկութեան աւետիսը տալու. եկաւ նաեւ յուսաբեկները յուսադրելու եւ զրկուածները ազատագրելու, իսկ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը` եկեղեցին, ինք եւս այսպէս կ՛ըմբռնէ իր առաքելութիւնը եւ այս գիտակցութեամբ ու նուիրումով կը կատարէ զայն ժողովուրդի կեանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ առաքելութեան մարգարէական եւ ծառայական տարածքները սերտօրէն իրարու հետ առնչուած են` «մարգարէական, որովհետեւ եկեղեցւոյ կոչումը երկնային արժէքներուն, ճշմարտութիւններուն ու արդարութեան պատգամաբերը դառնալ է: Ծառայական, որովհետեւ եկեղեցին կոչուած է Քրիստոսի կեանքին օրինակով ինքզինք իրագործելու` իբրեւ ծառայութիւն ու միայն ծառայութիւն»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ մեր կեանքը յուզող երեք երեւոյթներու:

Անդրադառնալով Հայաստանին, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ հայրենիքը կը դիմագրաւէ ներքին եւ արտաքին ահաւոր տագնապներ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ բազմիցս, Երեւանէն թէ Անթիլիասէն, յստակօրէն արտայայտած է իր կեցուածքը Հայաստանի ներքին կեանքին առնչուած: «Անցեալ շաբաթ Հայաստանի վարչապետին մեր ուղղած նամակին մէջ, միշտ յստակօրէն, մեր սպասումները եւ մտահոգութիւնները պարզեցինք: Դարձեալ անցեալ շաբաթ մեր ազգային սրբավայրը ըլլալու կոչուած Հայաստանի խորհրդարանին մէջ պարզուած տեսարանները, որոնք խոտոր կը համարուին մեր ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ ազգային ու բարոյական արժէքներուն, ցուցանիշ են, որ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը լեցուն է այնպիսի երեւոյթներով, որոնք կրնան Հայաստանը  առաջնորդել դէպի ինքնակործանում: Քանի մը օրեր առաջ, Թուրքիոյ երկարած այսպէս կոչուած «բարի դրացնութեան» ձեռքը Հայաստանին, եւ միւս կողմէն, Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող յոխորտ, անպատասխանատու եւ ամբարտաւան սպառնալիքները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ Հայաստանը կ՛ուղղուի դէպի անդունդ», յայտնեց ան` ընդգծելով. «Այս երեւոյթները ներհայաստանեան երեւոյթներ չեն, այլ` համահայկական տարողութիւն եւ հետեւանք ունին»: Արամ Ա. կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ու սփիւռքահայութիւնը չեն կրնար անտարբեր մնալ այս զարգացումներուն դիմաց:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ ներկայ կացութեան պատասխանատուն ո՛չ թէ ժողովուրդը, այլ` ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պատասխանատուներն են, որոնք անպարկեշտ եւ անհամարատու մօտեցում ունին իրենց պարտականութիւններուն նկատմամբ: Անցեալին Միջին Արեւելքի Զուիցերիան նկատուող Լիբանանը այս վիճակին հասցուցին պետական բարձրագոյն պատասխանատուները` նախագահները, վարչապետներն ու կառավարութիւնները, ըսաւ վեհափառ հայրապետը, ու վստահեցուց, որ Լիբանանի կեանքին մէջ կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցող հայ համայնքը պիտի չզլանայ իր խօսքը ըսելէ եւ իր իրաւունքները պաշտպանելէ:

Վերջապէս, լիբանահայութեան մասին խօսելով` վեհափառ հայրապետը ցաւ յայտնեց ներկայ կացութեան համար, որ իր դաժանութեամբ կը գերազանցէ Լիբանանի երկարամեայ քաղաքացիական պատերազմին ահաւոր օրերը, սակայն վստահեցուց, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, Լիբանանի հայութիւնը կը մնայ ու պէ՛տք է մնայ կառչած այս երկրին: Ան նշեց. «Լիբանանի հայութիւնը կը մնայ ու պէ՛տք է մնայ նաեւ պատասխանատու ինքզինք վերակազմակերպելու, վերահզօրացնելու  հրամայականին: Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք վերջին 40 տարիներուն Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած տագնապներուն ընթացքին աջակից դարձան անոր: Մեր ջերմ գնահատանքը` նաեւ Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ գործող, այլ խօսքով` ծառայող մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք միշտ եղան ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին համար»: