Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գաղութային Ամանորի Առիթով Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Կարիքաւորներու Նուէրներու Բաշխում

9-րդ տարին ըլլալով, «Ձեռք-ձեռքի» խումբին նախաձեռնութեամբ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան եղբարք» սրահին մէջ, հինգշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2018-ին Ամանորի առիթով տեղի ունեցաւ կարիքաւորներու նուէրներու բաշխում: 78 սնտուկներու մէջ տեղադրուած էին սննդեղէն, ինչպէս նաեւ անհատներուն տրուեցան խորհրդանշական նիւթական գումարներ:

Նուէրներու բաշխումը կատարեցին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան եւ «Ձեռք-ձեռքի» խումբի բարերարներ:

Յայտնենք, որ նշեալ խումբը նաեւ ամսական դրութեամբ նիւթական նուէրներ տրամադրելու կողքին, կարիքաւորներուն մէկ օրուան ճաշը կը մատակարարէ:

Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի օգտակար դառնալ կարիքաւորներուն եւ տօնական օրերուն ուրախ մթնոլորտ ստեղծել: