Կիրակի, 31 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-10:30 Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Սրբազան Հօր եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն, տեղի ունեցաւ Ս. Զատկուան պաշտօնական ընդունելութիւն: Շնորհաւորութիւններ յայտնեցին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչները, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ ու թաղապետներ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի, խորհուրդներու ու յանձնախումբերու անդամներ, լիբանանահայ վարժարաններու, կառոյցներու ու հաստատութիւններու տնօրէններ եւ պաշտօնեաներ, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու ու դպրաց դասերու անդամներ, ինչպէս նաեւ` հաւատացեալներ:
Հաւաքի սկզբնաւորութեան, նախագահութեամբ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն: Այնուհետեւ խօսք առաւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ նշեց, թէ հաւաքին նպատակն է բաժնեկցիլ Ս. Զատիկը եւ Քրիստոսի յարութեան աւետումը` Լիբանանի հայութեան տարբեր ոլորտներու մէջ գործող անձնաւորութիւնները, մնայուն կերպով մեր ազգային կառոյցներու զօրավիգ կանգնող բարեկամներն ու բարերարները համախմբելով, որպէսզի իբրեւ մէկ ամբողջութիւն` յարութեան, յոյսի, լոյսի եւ հաւատքի բարեմաղթութիւններով զինուինք եւ նայինք վաղուան, մեր անձնական եւ հաւաքական կեանքին մէջ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու եւ երազներ իրականացնելու ձգտումով:
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Սրբազան Հօր այս առիթին համար` յոյս յայտնելով, որ նման հանդիպումներ կը վերածուին աւանդութեան եւ նոր հորիզոններ կը բանան հաւաքական մեր աշխատանքներուն եւ բաղձանքներուն դիմաց: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրականութիւնը, որ շատ են անձնական ու հաւաքական դժուարութիւններն ու տագնապներ, բոլորիս սրտերուն մէջ կայ Արցախի կորուստին ցաւն ու Հայաստանի դէմ ցցուող վտանգներուն առթած մտավախութիւնները, սակայն մենք նաեւ կամքը ունինք վերականգնելու եւ դարձեալ յաղթելու: «Այսօր` Քրիստոսի յարութեան օրը կը վերածուի այն մղիչ ուժին, որ կը խթանէ մեզ մեր ուժերը հաւաքելու, քրիստոնէական եւ Հայ եկեղեցւոյ հաւատքով ամրացած` քանդելու շղթաները եւ ամրօրէն խաւարէն դէպի լոյս երթալու յոյսին», շեշտեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ ըսաւ, որ Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը պատգամ է բոլորիս, որ Յիսուս իր մահով մահը կոխկռտեց եւ յարութիւն առնելով յաղթեց: Ան Իր օրինակով յաղթեց` չարին, սուտին, չարչարանքին, խաչելութեան, կեղծիքին եւ դաւաճանութեան, խաչուեցաւ, բայց չպարտուեցաւ, այլ իր խաչի ճառագայթումով յաղթանակ տարածեց` սփռելով բարին, ներողամտութիւնը, լոյսն ու յոյսը: «Զատկական տօնախմբութենէն անդին` մեզի համար Ս. Յարութեան տօնն ու օրինակը յաւելեալ ամրապնդումի, բազմապատկուած գօտեպնդումի, հաւաքական նպատակներու շուրջ համախմբումի եւ միասնական ճիգի հրաւէր է», եզրափակեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ ընդառաջելով սրբազան հօր փափաքին` նորատիպ դասաւորումով հաւաքուած են նշելու Ս. Յարութեան տօնը եւ միասնաբար ողջունելու Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը: Ան մաղթեց, որ Ամենակալը պայծառութիւն շնորհէ մեր առաքելական եկեղեցւոյ, յաջողութիւն պարգեւէ Լիբանանի կենսունակ թեմին եւ բազում բարիք տայ սրբազան հօր հովանիին ներքեւ եւ անոր ցուցմունքով գործող բոլոր եկեղեցական հայրերուն, Ազգային առաջնորդարանի անձնակազմին, թաղականութիւններուն, տիկնանց միութիւններուն եւ եկեղեցասէր հայորդիներուն:
Գրիգոր Արսլանեան հաստատեց, որ լիբանանահայ իրականութեան մէջ գործող բոլոր կառոյցները պէտք է շարունակեն միասնաբար, որպէսզի Լիբանանը զօրաւոր մնայ եւ տարուած գործունէութիւնները յաջողութեամբ պսակուին:
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ըսաւ, որ երկար ատենէ ի վեր միեւնոյն ընտանիքի անդամները քով քովի հաւաքուելու առիթ չէին ունեցած, ուստի այս տարի Ազգային վարչութեան հետ միասնաբար որոշած են այս առիթը ստեղծել, որպէսզի առաջին հերթին բոլորին կարենան ըսել` «Ձեր վա՛րձքը կատար», մանաւանդ որ անցնող քանի մը դժուար տարիներէ ետք իսկապէս արդար է, որ այս խօսքը ըսուի բոլորին, որովհետեւ մեր եկեղեցիներուն, մեր կառոյցներուն, մեր հաստատութիւններուն մէջ իրենց ծառայութեամբ մեր համայնական կեանքը կանգուն պահած են: Ան դիտել տուաւ, որ երբեմն թերութիւններ կ՛արձանագրուին մեր կեանքին մէջ, բայց Ս. Յարութեան տօնին առիթով, երբ քով քովի կու գանք, նոր խանդավառութիւն եւ քաջալերանք կը գտնենք, յառաջիկային այդ թերութիւններն ալ սրբագրելու կամք եւ միջոց կը ստեղծենք: Այնքան ատեն որ աշխատանքի պատրաստակամութիւն ունի մեր ժողովուրդը, վստահաբար կը յարատեւէ:
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ նոյն օրը առիթը ունեցած էին եկեղեցիներուն ընտանիքներուն հետ միասին ստանալու օրհնութիւնը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ իր ազդու խօսքով եւ պատգամով յիշեցուցած է, թէ սփիւռքը կարիք ունի լիբանանահայութեան գոյացուցած վաստակին, իսկ Հայաստանը, իր կարգին, կարիքը ունի լիբանանահայութեան առողջ կեցուածքին, հետեւաբար այս գիտակցութեամբ պէտք է մենք մեզ կրկին հաստատենք եւ ոչ միայն դէպի վերելք ուղղենք մեր կեանքը, այլ նաեւ պատճառ հանդիսանանք, որ սփիւռքն ու Հայաստանը դէպի վեր նային: Ս. Զատկուան մթնոլորտին մէջ ան յորդորեց հայեացքները ուղղելու դէպի երկինք, դէպի յաւերժ` փորձելով Աստուծմով վերականգնել մեր կեանքն ու աշխատանքը եւ յարատեւել` ի խնդիր մեր ժողովուրդի ամրութեան, ի պայծառութիւն Հայաստանի մայր հողին եւ հայ ժողովուրդին: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ իրենց ներկայութեամբ ջերմացուցին Ազգային առաջնորդարանի յարկը, մաղթելով, որ մեր կեանքին մէջ ուրախութիւնը տիրական ներկայութիւն ըլլայ, մտահոգութիւնները փարատին, նոր կշռոյթով ու եռանդով աշխատանքի լծուինք, վերականգնենք մենք զմեզ եւ վերականգնենք յատկապէս նոր սերունդին հանդէպ մեր ունեցած պարտաւորութիւնները, որպէսզի այդպիսով յարատեւենք: «Մեր ժողովուրդը մեռնիլ չգիտցող ժողովուրդ է, բայց այս գիտակցութիւնը պէտք է մենք երբեմն մեր ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնենք, որպէսզի զոհ չդառնան կեանքի, այլ իրենց ունեցած վաստակով, նաեւ նախորդ սերունդներուն կողմէ իրենց փոխանցուած աւանդով մնան ամուր, յարատեւեն եւ աշխուժ ընթացքի մէջ պահեն մեր համայնական եւ եկեղեցական կեանքը», շեշտեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Ընդունելութեան զուգահեռ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտութեան կողմէ: