Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին. «Երջօ-Սամուէլեան-Եռագոյն» Սրահին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փոքրիկներու Ընկերային Հաւաք

Ս. Զատկուան տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, շաբաթ, 30 մարտ 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու ծուխերէն հաւաքուած շուրջ 125 փոքրիկներու ընկերային հաւաք: Ձեռնարկին նաեւ ներկայ էին` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան:

Հաւաքի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան, որ նշեց, թէ Քրիստոս յարութեամբ յաղթեց մահուան եւ մարդուն պարգեւեց վերստին ապրելու շնորհը եւ, հետեւաբար, ժամանակն է, որ մեր սիրտերը եւ հոգիները բանանք Աստուծոյ, որպէսզի փրկուինք: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, Ազգային վարչութեան, Ազգային առաջնորդարանի տնօրէնութեան, թաղական խորհուրդներուն, ծնողներուն եւ ի մասնաւորի «Լուսիկ լենտ» խումբին, որ սիրայօժար ընդառաջած էր բաժանմունքի հրաւէրին:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ կարեւորութեամբ շեշտեց առաջնորդարանի յարկին տակ ներկայութիւնը փոքրիկներուն, որոնք տուներու ուրախութեան աղբիւրն են: «Այս հասկացողութեամբ, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը այս տարի բարի մտածումը ունեցաւ անպայմանօրէն մեր գաղութի մանուկներով Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ ուրախութեան առիթ մը կազմակերպելու», ըսաւ Սրբազան Հայրը` գնահատելով բոլոր անոնք, որոնք առիթը ընծայեցին, որ այս մտածումը այսօր զատկական տօնի նախօրեակին անպայմանօրէն իրականութեան վերածուի: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազանը մաղթեց ներկաներուն, որ ըլլան առողջ ու ուրախ, իրենց տուները լեցուին Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ երջանիկ մթնոլորտով, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներէն ներս մեր մանուկները իրենց մասնակցութեամբ զուարթ պահեր ապրին եւ ապրեցնեն բոլորը:

Այնուհետեւ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ «Լուսիկ լենտ» խումբը երգերով, պարերով եւ խաղերով ստեղծեց տօնական խանդավառ մթնոլորտ: Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, եւ բոլոր փոքրիկները ստացան նուէրներ: