Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանահայ Գաղութի Ներկայացուցիչները Մօտէն Ծանօթացան Ազգային Միացեալ Վարժարանին

Շաբաթ, 5 նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան կառոյցի ծանօթացման աշխատանքները, ներկայութեամբ` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մարմինի, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Շրջանային վարչութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, պետական երեսփոխաններու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեանց եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն, Ազգային առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան խորհուրդներու ներկայացուցիչներու, Ազգային վարչութեան երեսփոխաններու եւ բարեկամներու:

Ծանօթացման հանդիպումին խօսք առին Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, վարժարանի հանգանակիչ մարմինի ատենապետ Վրէժ Սապունճեան, վարժարանի տնօրէն Թալին Հաւաթեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը մեծապէս գնահատեց գաղութի ներկայացուցիչներու զօրակցութիւնը եւ նշեց, որ նոր դպրոցը նոր յոյսի եւ իրագործումներու շարժառիթ է:

Աւարտին, ներկաները շրջագայեցան վարժարանին մէջ` մօտէն ծանօթանալով կառոյցի շինարարական աշխատանքներուն եւ բաժանմունքներուն: