Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Երեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան կառոյցի ծանօթացման աշխատանքները: Այս անգամ այցելուները խումբ մը տիկիններ էին, որոնք նիւթապէս, բարոյապէս եւ գործնապէս մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած են ու կը կանգնին գաղութի կառոյցներու ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն:

Ծանօթացման հանդիպումին հերթաբար իրենց խօսքերը արտասանեցին Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, վարժարանի հանգանակիչ մարմինի ատենապետ Վրէժ Սապունճեան, վարժարանի տնօրէն Թալին Հաւաթեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանը պիտի ծառայէ գաղութի ուժերու միաւորման, մարդուժի պատրաստութեան, որակաւոր կրթութեան մատուցման եւ ամուր ազգային դաստիարակութեան փոխանցման:

Կառոյցին լաւապէս ծանօթանալու համար, ներկաները շրջագայեցան վարժարանին մէջ եւ ստացան շինարարական աշխատանքներուն եւ բաժանմունքներուն մասին համապատասխան տեղեկութիւններ: